Ապրիլ 7. Հայոց Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Օրուան Խորհուրդը

Հա­յոց ­Յու­շա­տետ­րի ազ­գա­յին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ «Օր»ե­րու շար­քին նո­ւի­րա­կան իր բա­ցա­ռիկ տե­ղը ու­նի 7 Ապ­րի­լը։

Ք­­սան­մէկ տա­րի ա­ռաջ՝ ­Յու­լիս 1995-ին, հա­յոց ա­ռա­ջին պե­տա­կան սահ­մա­նադ­րու­թեան ըն­դուն­ման ա­ռի­թով, վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը իր պաշ­տօ­նա­կան տօ­նե­րու շար­քին Ապ­րի­լի 7-ն հռ­չա­կեց հա­յոց «­Մայ­րու­թեան եւ ­գե­ղեց­կու­թեան օր»։

­Նոյն ա­ռի­թով, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րա­հաս­տատ պե­տա­կան տօ­նա­ցոյ­ցը պահ­պա­նեց նաեւ խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րէն պահ­պա­նո­ւած ­Մարտ 8-ի ­Կա­նանց ­մի­ջազ­գա­յին օ­րը։ ­Բայց ա­ռանձ­նա­յա­տուկ քայլ մըն ալ նե­տեց այդ տօ­նը եւս հա­յաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ՝ ­Մարտ 8-էն մին­չեւ Ապ­րիլ 7-ը եր­կա­րող միամ­սեա­կը ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րե­լով հայ կա­նանց ու մայ­րե­րուն։

Սահ­մա­նադ­րա­կա­նօ­րէն իր ամ­րագ­րու­մէն աս­դին 21 տա­րի է, ա­հա՛, որ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ պաշ­տօ­նա­պէս, իսկ սփիւռ­քի տա­րած­քին ան­պաշ­տօն ե­ղա­նա­կով՝ հա­յու­թիւ­նը Ապ­րիլ 7-ին յար­գան­քի իր տուր­քը կը մա­տու­ցա­նէ հայ մայ­րե­րուն։

Մայ­րու­թեան տօ­նը տար­բեր տա­րա­զում­նե­րով միշտ ալ նշո­ւած ու մե­ծա­րո­ւած է հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ։ ­Մայրն ու ­Մայ­րու­թիւ­նը նա­խա­մե­ծար տեղ, խոր­հուրդ եւ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցած են հա­յոց հա­զա­րա­մեակ­նե­րու քա­ղա­քակր­թա­կան պատ­մու­թեան մէջ։ Ազ­գա­յին մեր սրբու­թիւն­նե­րուն եւ ար­ժէք­նե­րուն ա­նո­ւան­ման մէջ ան­գամ, «մայր» ա­ծան­ցը գե­րա­դաս կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած է. վկայ՝ «մայ­րե­նի լե­զու»ն, «մայր ­Հա­յաս­տան»ը, «մայ­րա­քա­ղաք»ը, «մայր Օ­րէնք»ը, «մայր Ա­ւե­տա­րան»ը ե­ւայլն։

Ար­դա­րեւ, հա­յոց շրթնե­րուն Ապ­րիլ 7-ի այս օ­րը ա­մէ­նուր կը թե­ւա­ծէ պաշ­տա­մուն­քը ՄՕՐ եւ ՄԱՅ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ խոր­հուր­դին՝ մեր բա­նաս­տեղծ­նե­րու ան­մահ վկա­յու­թեանց ար­ձա­գան­գե­լով, օ­րի­նակ՝ ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի «­Մօր ձեռ­քե­րը» յու­շե­լով ի­րա­րու.-

Այս ձեռ­քե­րը՝ մօ՜ր ձեռ­քե­րը,
Հի­նա­ւուրց ու նո՜ր ձեռ­քե­րը…­
Ին­չե՜ր ա­սես, որ չեն ա­րել այս ձեռ­քե­րը…
Պ­սա­կո­ւե­լիս ո՜նց են պա­րել այս ձեռ­քե­րը՝
Ի՜նչ նա­զան­քով,
Ե­րա­զան­քո՜վ:
Ին­չե՜ր ա­սես, որ չեն ա­րել այս ձեռ­քե­րը…

Լոյ­սը մին­չեւ լոյս չեն մա­րել այս ձեռ­քե­րը,
Ա­ռաջ­նեկն է երբ որ ծնո­ւել,
Ն­­րա ար­դար կա­թով սնո­ւել:
Ին­չե՜ր ա­սես, որ չեն ա­րել այս ձեռ­քե­րը…
Զր­կանք կրել, հոգս են տա­րել այս ձեռ­քե­րը…
Ծով լռու­թեա՜մբ,
Համ­բե­րու­թեա՜մբ,
Ին­չե՜ր ա­սես, որ չեն ա­րել այս ձեռ­քե­րը…

Եր­կինք պար­զո­ւած սիւն են դա­ռել այս ձեռ­քե­րը,
Որ չփլո­ւի իր տան սիւ­նը՝
Որ­դին կռո­ւից դառ­նայ տու­նը:
Ին­չե՜ր ա­սես, որ չեն ա­րել այս ձեռ­քե­րը…

Մին­չեւ տա­տի ձեռք են դա­ռել այս ձեռ­քե­րը,
Այս ձեռ­քե­րը՝ ու­ժը հա­տած,
Բայց թո­ռան հետ նոր ուժ գտած…
Քար են շրջել, սար են շար­ժել այս ձեռ­քե­րը…­
Ին­չե՜ր, ին­չե՜ր, ին­չեր չար­ժեն այս ձեռ­քե­րը՝
Նուրբ ձեռ­քե­րը,
Սո՜ւրբ ձեռ­քե­րը:

…Ե­կէք այ­սօր մենք համ­բու­րենք որ­դիա­բար
Մեզ աշ­խար­հում ծնած, սնած,
Մեզ աշ­խար­հում շա­հած, պա­հած,
Մեզ­նից եր­բեք չկշտա­ցած,
Փո­շի սրբող, լո­ւացք ա­նող,
Ան­վերջ դա­տող, ան­վերջ բա­նող­ ա՛յս ձեռ­քե­րը՝
Թող որ ճա­քած ու կոշ­տա­ցած,
Բայց մեզ հա­մար մե­տաք­սի պէս ­խա՜ս ձեռ­քե­րը…

Բայց միայն հայ ժո­ղո­վուր­դին յա­տուկ չէ Մայ­րու­թեան տօ­նը։ Աշ­խար­հի բո­լոր ցա­մա­քա­մա­սե­րուն վրայ ալ, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մեծ մա­սին մօտ եւ քա­ղա­քակր­թա­կան պատ­մու­թեան տար­բեր դա­րաշր­ջան­նե­րուն, ­Մայ­րու­թեան խոր­հուր­դը սուրբ հնչե­ղու­թիւն ու­նե­ցած է եւ նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւած՝ իր յա­տուկ տօ­նով, որ ընդ­հան­րա­պէս հան­դի­սա­ցած է տօ­նա­կան օ­րե­րուն ա­մե­նէն ի­մաս­տա­լիցն ու գե­ղե­ցի­կը։

Հան­րա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն, հին յու­նա­կան եւ հռո­մէա­կան դի­ցա­բա­նու­թեանց մէջ շատ կա­նու­խէն կը յի­շա­տա­կո­ւին հին աս­տո­ւած­նե­րու մայր աս­տո­ւա­ծու­հիին ձօ­նո­ւած տօ­ներ։ Եւ այ­լա­զան թո­ւա­կան­ներ պահ­պա­նո­ւած են հին յի­շա­տա­կա­րան­նե­րու մէջ՝ ­Մայ­րու­թեան տօ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Ընդ­հան­րա­պէս գար­նան ա­միս­նե­րուն, ­Մար­տի ա­ռա­ջին ­Կի­րա­կիէն մին­չեւ ­Մա­յի­սի երկ­րորդ ­Կի­րա­կին՝ հնա­ւանդ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը օր մը ձօ­նած են մայ­րու­թեան։

Ու­շագ­րաւ է, որ ­Մայ­րու­թեան տօ­նը իր ար­դիա­կան եւ սրբա­ցո­ւած խոր­հուր­դը զգե­ցաւ Ք­­րիս­տո­նէու­թեան այ­գա­բա­ցին հետ։ ­Կոյսն ­Մա­րիա­մի ­Սուրբ ­Հո­գիով յղաց­ման քրիս­տո­նէա­կան ­խոր­հուր­դը հիմ­նո­վին յե­ղաշր­ջեց ­մայ­րու­թեան ըն­կա­լու­մը մարդ էա­կին մօտ։ Աս­տո­ւա­ծա­մօր կու­սա­կա­նօ­րէն յղա­նա­լը սրբա­ցուց ոչ միայն մարդ­կա­յին սերն­դա­գոր­ծու­թեան ա­րար­քը, այ­լեւ՝ մայ­րա­կան ապ­րում­նե­րու եւ զգա­ցում­նե­րու ողջ աշ­խար­հը։ Եւ ինչ որ ալ ըլ­լար կնոջ վե­րա­պա­հո­ւած ի­րա­կան տե­ղը տար­բեր հա­սա­րա­կար­գե­րու տակ կամ այ­լաբ­նոյթ քա­ղա­քակր­թու­թեանց մէջ, ա­մէ­նուր կի­նը՝ իբ­րեւ մայր՝ ըն­կա­լո­ւե­ցաւ սուրբ էա­կի պատ­կե­րա­ցու­մով։

Ա­ւե­լի քան բնա­կան է, հե­տե­ւա­բար, որ ­Մայ­րու­թեան օրը ա­մէ­նուր կ­­ը յա­ռա­ջաց­նէ մարդ­կա­յին ա­մե­նէն նո­ւի­րա­կան խոր­հուրդ­նե­րով վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու տօ­նա­կան ա­ռի­թը։ Ա­հա՛ քա­նի մը վկա­յու­թիւն մե­ծե­րէն.-

Օ. ­Պալ­զաք.- «Ազ­գի ա­պա­գան մայ­րե­րու ձեռքն է»: «­Մօր սիրտն ան­դունդ է, ո­րուն խոր­քին միշտ նե­րում կը գտնո­ւի»:

Ժան-­Փօլ ­Սարթր.- «­Տո­ւէք մե­զի լա­ւա­գոյն մայ­րեր եւ մենք կը դառ­նանք լա­ւա­գոյն մար­դիկ»:

Նի­քո­լայ Օստ­րովս­կի.- «Աշ­խար­հի մէջ կայ ա­մենէն սքան­չե­լի էակ մը, ո­րուն մշտա­պէս պարտական ենք: Ան մայրն է»։

­Յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, որ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դա­ժա­նա­գոյն պայ­ման­նե­րու հե­տե­ւան­քով միշտ դի­մագ­րա­ւած է իր գո­յա­տեւ­ման եւ ինք­նա­պահ­պան­ման սպառ­նա­ցող ա­մե­նա­ծանր վտանգ­ներ, ­Հայ ­Մօր մա­քառ­ման եւ դի­մադ­րա­կա­նու­թեան ո­գին ստա­ցած է հա­յոց երկ­նա­կա­մա­րին թե­ւա­ծող պա­հա­պան հրեշ­տա­կի խոր­հուրդն ու թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը։

Միայն այն մտա­պատ­կե­րը, որ ­Տէր ­Զօ­րի ա­նա­պա­տին կի­զիչ ա­րե­ւուն տակ եւ այ­րող ա­ւազ­նե­րուն վրայ ան­գամ, ստոյգ մա­հո­ւան դա­տա­պար­տո­ւած հայ մայ­րը իր մա­նու­կին հա­յե­րէն սոր­վե­ցուց եւ սե­փա­կան կեան­քի գնով ա­նոր գո­յա­տե­ւու­մը ա­պա­հո­վե­լու ելք գտաւ, ինք­նին բա­ւա­րար է, որ­պէս­զի հայ մօր սրբու­թեան մեծ խոր­հուր­դը ան­բա­ժան ու­ղե­կի­ցը, այ­լեւ ներշնչ­ման աղ­բիւ­րը մնայ հայ սե­րունդ­նե­րուն։

Այդ ա­ռու­մով ­Յով­հան­նէս ­Շի­րազ կ­­՚ար­տա­յայ­տէր ա­մէն ­հա­յու ա­մենէն ի­րաւ ապ­րում­նե­րը, երբ կը վկա­յէր.-

Մայ­րի­կիս մէջ ողջ մայ­րե­րին ես կը զգամ,
Ն­­րանց կ­­՚եր­գեմ՝ եր­գե­լով մօրն իմ ան­գին,
Թող ինձ կար­դայ մայ­րա­մոռն էլ անզ­գամ՝
Պաշ­տէ գէթ իր մայ­րի­կին:

Ա՜խ, ա­նա­ռակ որ­դիք շատ եմ տե­սել, շա՜տ,
Ա­նա­ռակ մայր… Օձն էլ չու­նի, օ, եր­բե՛ք,
Միայն մայրն է մնա­ցել սուրբ Ա­րա­րատ­
Ողջ աշ­խար­հում այս պղերգ:

Աս­տո­ւած­նե­րը սա­տա­նա­ներ դուրս ե­կան,
Ախ­պէրն ախ­պոր, քոյ­րը՝ քրոջ կը դա­ւէ,
Սուրբ է մնում միայն սիր­տը մայ­րա­կան,
Ա՜խ, լոկ մայրն է սուրբ ու վեհ:

Սա­յաթ-­Նո­վան իր սի­րու­հուն սի­րեր­գեց,
Նա­րեկն՝ Աստ­ծուն, ­Խա­յամն եր­գեց իր գի­նին,
Ես ինձ ա­սի՝ մօրդ եր­գիր, բա­նաս­տեղծ,
Որ մայ­րա­նան կեանք ու կին:

Ես մօր սրտի սիր­տը պի­տի ձեզ բա­նամ՝
Ն­­ման մթնած, գան­ձա­թա­քոյց այ­րե­րին,
Ողջ ա­նա­ռակ որ­դոց պարտ­քը պի­տի տամ
­Բո­լոր մո­լոր, բո­լոր մո­լոր մայ­րե­րին…

Ապ­րիլ 7 է այ­սօր, հա­յոց ­Մայ­րու­թեան եւ գե­ղեց­կու­թեան տօնն է, որ ան­կաս­կած եւ ա­մէն բա­նէ վեր ­Հայ ­Մօր սրբա­ցեալ ար­ժէ­քին ու ա­ռա­քե­լու­թեան առ­ջեւ խո­նար­հե­լու բնա­կան մղու­մով եւ ջեր­մա­գոյն ապ­րում­նե­րով կը հա­մա­կէ հա­յոց սե­րունդ­նե­րը։
­Միա­ժա­մա­նակ եւ միւս կող­մէ սա­կայն, նաեւ լու­սար­ձա­կի տակ կը բե­րէ մե­րօ­րեայ ­Հայ ­Մօր հա­սա­րա­կա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն փշոտ դափ­նեպ­սա­կը։

Փաստ է, որ 21-րդ ­դա­րուն ա­մէ­նուր ­Մօր ու Մայ­րու­թեան ա­ռա­քի­նի խոր­հուր­դը տա­կաւ կը տժգու­նի նիւ­թա­կա­նա­ցո­ւած ու մե­քե­նա­կա­նա­ցո­ւած քա­ղա­քակր­թու­թեան «յաղ­թար­շա­ւին» հետ։

Ըն­տա­նե­կան կա­պե­րու եւ սրբու­թիւն­նե­րու ան­կու­մը, ա­մուս­նա­լու­ծում­նե­րը եւ սե­ռա­յին սան­ձար­ձա­կու­թիւն­նե­րը ա­մէ­նուր կը սպառ­նան ­Մօր ու ­Մայ­րու­թեան ան­բիծ ու գե­ղե­ցիկ խոր­հուր­դի պահ­պան­ման։

Այդ ա­ռու­մով ալ յատ­կա­պէս Ապ­րիլ 7-ին նոյն­քան ազ­դու կը հնչէ ա­հա­զան­գը ­Հայ ­Մօր ու ­Մայ­րու­թեան ազ­գա­յին ան­փո­խա­րի­նե­լի հաս­տա­տու­թեան սպառ­նա­ցող վտան­գին դէմ։

Մե­րօ­րեայ վի­ճա­կագ­րու­թիւն­նե­րը կ­­՚ա­հա­զան­գեն, օ­րի­նակ, թէ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­մուս­նա­ցած զոյ­գե­րուն մէկ վե­ցե­րոր­դը… ա­մուս­նա­լու­ծո­ւած է։ ­Կամ՝ հայ կի­նե­րու 66 տո­կո­սը են­թա­կայ է հո­գե­բա­նա­կան, ֆի­զի­քա­կան կամ սե­ռա­յին բռնու­թեան…։

Պատ­կե­րը ա­ւե­լի մխի­թա­րա­կան չէ ար­տերկ­րի տա­րած­քին։

Ապ­րիլ 7-ին, հե­տե­ւա­բար, դա­րա­ւոր մեր ա­ւան­դու­թեանց մէջ պահ­պա­նո­ւած ­Հայ ­Մօր սրբան­կա­րին կող­քին, կ՚ար­ժէ պահ մը հա­կիլ նաեւ սիրտ ճմլող եւ ցաւ պատ­ճա­ռող հա­սա­րա­կա­կան այս վտանգ­նե­րուն վրայ, որ­պէս­զի ­Մայ­րու­թեան եւ ­գե­ղեց­կու­թեան օրը ծա­ռա­յէ ոչ միայն մեր ան­ցեալ ու­ղին մե­ծա­րե­լու նպա­տա­կին, այ­լեւ մղիչ ու­ժը դառ­նայ մեր վա­ղո­ւան պայ­ծառ օ­րը նո­ւա­ճե­լու հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան եւ պար­տա­ւո­րու­թեան։

Յա­նուն սե­րունդ­ներ հա­յաց­նող ու զար­գաց­նող ­Հայ ­Մօր ա­ռա­քե­լու­թեան վե­րա­նո­րո­գու­մին։

Չ­­մոռ­նանք ­Հա­մօ ­Սա­հեա­նի «Ի՞նչ ա­նեմ, մայ­րիկ» գողտ­րիկ քեր­թո­ւա­ծով՝ այն­քան նրբօ­րէն բո­լո­րիս ուղ­ղուած պատ­գա­մը՝ տէր կանգ­նե­լու ­Հայ ­Մօր հա­յա­կերտ­ման ու սերն­դա­կերտ­ման մեծ ա­ւան­դին.-

Մայ­րիկ, ինձ յա­ճախ­
Ապ­տա­կում էիր
Ս­խա­լիս հա­մար­
Եւ սաս­տում էիր,
Որ լաց չլի­նեմ։

Բայց ցա­ւած տե­ղըս
­Համ­բու­րում էիր­
Եւ իմ փո­խա­րէն­
Ին­ձա­նից թա­քուն
Լաց էիր լի­նում:

Ա՜խ, վեր­ջին ան­գամ,
Չեմ ի­մա­նում ո՞ր
Ս­խա­լիս հա­մար­
Ինձ ապ­տա­կե­ցիր
Կո­րուս­տով քո մեծ…

Էլ սաս­տող չե­ղաւ,
Որ լաց չլի­նեմ,
Եւ ցա­ւած տե­ղըս
Համ­բու­րող չե­ղաւ,
Եւ իմ փո­խա­րէն­
Իմ ցաւն զգա­ցող­
Ու լա­ցող չե­ղաւ։

Ի՞նչ ա­նեմ, մայ­րիկ:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016