ԿՐՕՆՔ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔ
Աւագ շաբաթուայ մէկ օրը այս տարի համընկնեցաւ Սուրբ Աստուածածնի Աւետման տօնին ու Հայաստանի մէջ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օրուան: Աւագ շաբաթուան խորհուրդին գումարուեցաւ նաեւ Աւետման տօնի խորհուրդը, որ դժուար եւ տագնապալի այս օրերուն առանձնակի ջերմութիւն պարգեւեց հայ մայրերուն: Սուրբ Կոյսին աստուածասիրութիւնը, անոր մայրական կերպարը ներշնչանքի աղբիւր եղած են հայ մայրերուն ու կիներուն: Այսօր ալ, հայ կնոջ ուսերուն ծանր բեռ կայ եւ դժուարակեցութեան այս օրերուն կրկնապատկուած է այդ բեռը: Աւագ շաբթուան խորհուրդի եւ Աւետման բերկրանքի զգացումը սիրտներուն մէջ՝ հայ մայրերը կ՚աղօթեն, որ տագնապը շուտ լքէ մեր սիրտերն ու հոգիները:
Հայ կնոջ կերպարին անդրադառնալու լաւագոյն օրինակ է Յովհաննէս Գազանճեանի «Եւդոկիացի հայ կինը» գործը, որ «Արեւելեան Մամուլ»ին մէջ տպագրուած է 1903-1904 թուականներուն եւ կը նկատուի Գազանճեանի անտիպ գործերէն: Ժամանակին առիթ ունեցած ենք անդրադառնալու եւդոկիացի կնոջ աղջկնութեան, հարսնութեան, մայրութեան, որբեւայրութեան, ֆիզիքական, իմացական եւ բարոյական նկարագրին, առտնին ընտանեկան կեանքին վերաբերող այս աշխատութեան. Գազանճեան, յիրաւի, ամբողջական ձեւով նկարագրած է իր ծննդավայր Թոքատի հայ կինը:
Այսօր «Արեւելեան Մամուլ»էն (1904թ.) կը ներկայացնենք «Կրօնք եւ հաւատալիք» բաժինէն դրուագ մը.
… Եւդոկիացի կինը կրնայ ջերմեռանդ համարուիլ, բայց ո՛չ երբեք մոլեռանդ։ Միսդիքականութիւնը բնաւ գերակշիռ չէ իր հոգիին մէջ թէեւ մասնաւոր դիբեր կը գտնուին բացառաբար։ Ան աւելի նախապաշարման ուժովը, բնազդական անհրաժեշտութեան մը տակ կը հաւատայ քան միստիք, հոգեպաշտ մտածումներու մղումով։ Ասկէ զատ, ինչպէս պիտի տեսնենք, իր հաւատքը, իր պաշտամունքները աւելի աստէնական ակնկալութիւններու շուրջը կը դառնան քան անդէնական ձգտումներու. օրինակի համար՝ ան կը հաւատայ սուրբերու, ուխտավայրերու եւ անոնց կը դիմէ պարզապէս անոնցմէ սպասելով կամ հիւանութեան մը բուժումը կամ իր որեւէ փափաքին կատարումը. կամ թէ ան կը հաւատայ ոգիներու եւ կը կատարէ կարգ մը արարողութիւններ, անոնց հաճելի ըլլալու եւ աշխարհի մէջ անոնցմէ գալիք կարծեցեալ չարիքներէն զերծ մնալու համար։ Յայտնի է, թէ ասիկա կրօնքի զուտ հեթանոսական ըմբռնում մըն է։
Քրիստոնէական հաւատալիքներու կամ Աւետարանի պատմական մասին վրայ Եւդոկիացի կիներուն ծանօթութիւնները շատ հարեւանցի են։ Կը յիշեմ թէ պարզամիտ մամ մը ունէի որուն անգամ մը, տղայութեանս ատեն ըսած գտնուեցայ թէ Յիսուս հրեայ էր, ես ալ նոյնը սորված ըլլալով դպրոցին մէջ նոր առած Քրիստոնէականի դասէս։ Մամս այս խօսքիս վրայ սարսափելի գայթակղեցաւ, կարելի՞ բան է որ Յիսուս հրեայ ըլլայ, այն չար ազգէն՝ որ զինք խաչեց, ու կը պնդէր թէ Յիսուս հայ քրիստոնեայ էր…։
Եւդոկիացի կինը իր կրօնական պարտականութիւններն անթերի կը կատարէ։ Գրեթէ բոլոր պահքերը կը պահէ. գոնէ Ս. Ծնունդի ու Զատկի տօներուն անպատճառ կը խոստովանի եւ կը հաղորդուի։ Գրեթէ ամէն կիրակի առտու եկեղեցի կ՚երթայ Ս. պատարագի ներկայ գտնուելու։
Կը յարգէ բոլոր քրիստոնէական սուրբերը, մասնաւորապէս Ս. Լուսաւորիչը, Ս. Սարգիսը, Ս. Գէորգը եւ մանաւանդ Ս. Աստուածամայրը, որուն կը դիմէ ամէն առիթներու մէջ։ Ասոնցմէ Ս. Գէորգի տօնին օրը մասնաւոր երկիւղածութեամբ սուրբ կը պահեն յղի կիները, բացարձակապէս զգուշանալով որեւէ աշխատութենէ։ Հակառակ պարագային կը հաւատան, թէ Ս. Գէորգ կը պատժէ զիրենք սաղմին վրայ այլանդակութիւն մը դրոշմելով, զոր կ՚անուանեն Ս. Գէորգայ նշան։ Տեղացի թուրք կիներն եւս այս հաւատքն ունին Ս. Գէորգի մասին, որուն տօնին օրը անոնք ալ սուրբ կը պահեն էյրիճէ անունով։ Միեւնոյն ատեն Ս. Գէորգ եկեղեցին տեղացի բոլոր ազգաց կիներուն համար հասարակաց ուխտավայր մըն է։ Ստուգիւ քրիստոնէական սուրբերուն մէջ Ս. Գէորգի գրաւած դիրքը բաւական ուշագրաւ է, զի հեթանոսական գոյն մը ունի աւելի՝ քան քրիստոնէական։ Ս. Գէորգ, որուն արագահաս մակդիրը կը տրուի, վտանգի, փորձութեան մէջ եղողներուն օգնութեան հասնող սուրբն է եւ ապահովաբար փոխանորդած է մեր հին կրօնքին չաստուածներէն մէկուն, գուցէ շուտիկին։ Թուրք ժողովրդեան հաւատացած խըգըր կամ խըտըրը իրեն վերագրուած դերով, նոյնն է մեր Ս. Գէորգին հետ։
Յիշուած սուրբերէն Ս. Սարգիսն ալ կոյս աղջիկներուն մուրատատուր սուրբն է եւ ապահովաբար ան ալ առընչութիւն ունի հին հեթանոսական հաւատալիքի մը հետ։ Առաջաւորաց պահքը Ս. Սարգիսի պահք անունով ծանօթ է Եւդոկիացի կիներուն։ Ժամանակին Եւդոկիացի կոյս աղջիկները այդ պահոց վերջին երեք օրերը ծոմ կը պահեն եւ շաբաթ առտու Ս. Հաղորդութիւն կ՚առնեն եղեր։ Այդ օրը ձէնտուք կ՚ունենան եւ ազգականներ հրաւիրելով հացկերոյթ կուտան եղեր. ազգականներն ալ այդ առթիւ թէօրէ (նուէր) կը բերեն եղեր աղջկան։ Նմանօրինակ սովորութիւններ թերեւս տեղ տեղ կը շարունակուին գաւառներու մէջ, բայց Եւդոկիոյ մէջ դադրած են։
Եւդոկիացի կինը սրբոց պատկերներուն մեծ յարգ կ՚ընծայէ, որոնց առջեւ մոմ կը վառէ ու ջերմեռանդութեամբ կ՚աղօթէ, անոնցմէ հիւանդութիւններու, ցաւերու բուժումներ կ՚ակնկալէ եւ այդ նպատակով արծաթէ առարկաներ կը նուիրէ պատկերին, զորօրինակ՝ եթէ աչքի հիւանդութիւն ունի՝ արծաթէ աչք մը պատկերին վրայ կը կախէ։ Նմանապէս եթէ իր պզտիկը լեզու ելլելու համար ուխտի տանի սուրբին, արծաթէ լեզու մը, եթէ ոտքի ելլելու համար տանի՝ արծաթէ ոտք մը կը նուիրէ պատկերին։
Մեռելներու յարգանքն ու յիշատակը շատ մեծ տեղ մը կը բռնէ Եւդոկիացի կնոջ մտքին մէջ։ Անիկա տարին քանի մը անգամ իւր մեռելներուն վրայ կ՚երթայ եւ զանոնք օրհնել կուտայ քահանային։
Կիրակի ու տօնական օրերը սուրբ պահելու նախանձախնդիր է եւ իր աշխատութիւնները կը դադրեցնէ շաբաթ իրիկունէ իսկ, որ Կիրամուտք կը կոչուի։
Քրիստոնէական տօներէն զատ՝ ունի իրեն յատուկ մասնաւոր օրեր ալ զոր սուրբ կը պահէ, օրինակի համար՝ Մկնտօնի օրը զոր թուրք կիներն ալ կը պահեն Սըչանճըք անունով։ Այդ օրը եթէ աշխատին՝ իբր թէ մուկերը իրենց հագուստները եւ այլն կը կրծեն, կը կտոտեն եղեր։ Ասիկա կենդանապաշտութեան յետամնայութիւն մըն է։ Կայ նաեւ Արտօրէից տօնը զոր միայն կիները կը պահեն։
Տօներէն Տեառնընդառաջը զոր Տէրնտաս կը կոչեն, նոր հարսերու յատուկ տօնական օրն է։ Այդ օրը ժամանակաւ խարոյկ կը վառեն եւ հարսերը խարոյկին շուրջ պարել կամ վրայէն ցատկել կուտան եղեր, բայց հիմա այդ սովորութիւնները մոռցուած են։ Ապահովաբար աս ալ կրակապաշտութեան յետամնայութիւն մըն է։
Ուխտագնացութիւնները շատ սովորական են Եւդոկիացի կանանց համար, ըլլալով միեւնոյն ատեն իրենց համար պտոյտի եւ զբօսանքի միջոցներ։ Գլխաւոր ուխտավայրեր են քաղաքին մէջ Ս. Գէորգ եւ Ս. Մինաս եկեղեցիները եւ Ս. Ստեփաննոս եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ Եւդոկիոյ նախկին սրբակրօն առաջնորդներէն մէկուն՝ Յովակիմ հայր սուրբի գերեզմանը որուն վրայ կ՚երթան կարդացուիլ։ Քաղաքէն դուրս կան Ս. Յովակիմ-Աննայի վանքը եւ աւելի հեռուն՝ Ս. Յովնան Ոսկեբերանինը, ուր կը գտնուի նոյն նշանաւոր սուրբին թափուր գերեզմանը, որ ամէն ազգաց առջեւ մեծ համբաւ կը վայելէ եւ որուն գլուխը կը պատմուի թէ տեղի ունեցած են հրաշալի բժշկութիւններ։ Ասոնցմէ դուրս ալ Եւդոկիացի կինը կը ճանչնայ ու կը յաճախէ մօտակայ եւ հեռակայ դեռ ուրիշ բազմաթիւ ուխտավայրեր, ինչպէս են, օրինակի համար, Ս. Աստուածածնայ բլուրը եւ Ս. Թորոսի ձորն ու աղբիւրը Գրիգորիս գիւղին մէջ, Ս. Եղիայի նուիրական անտառը (որմէ բնաւ փայտ չի կտրուիր) ի Պիսկիւնճիւք գիւղը, Քէմէրի լեռն ու ջուրը, Բօշաղավախի քարայրը, Ս. Վառվառիա կոյս, Ս. Յովհաննէս, Ս. Նշան, Կաթնաղբիւր, Լուսաղբիւր, Պիւլպիւլլիւք որ սեպ քարայր մըն է, Ս. Թռչուն որ ծակ ժայռի կտոր մըն է եւ շատ ուրիշներ, որոնց իւրաքանչիւրին ուրոյն ուրոյն բուժիչ յատկութիւններ կը վերագրուին եւ որոնք մեծ մասամբ ունին իրենց յատուկ օրերը։ Բոլոր այս ուխտավայրերը չորս դասակարգի կը բաժնուին ընդհանրապէս. առաջին՝ նուիրական գերեզմաններ, երկրորդ՝ նուիրական քարեր, ժայռեր, քարայրներ, երրորդ՝ նուիրական ծառեր, անտառներ, չորրորդ՝ նուիրական ջուրեր, աղբիւրներ։ Ինչպէս կ՚երեւի՝ քարապաշտութեան, ծառապաշտութեան, ջրապաշտութեան յետամնաց հետքեր կը ներկայացնեն այս կարգի վայրերու ընծայուած հաւատքն ու պաշտամունքը։
Եւդոկիացի կիները կը հաւատան նաեւ երկնային մարմիններու ազդեցութեան որոնցմէ լուսինի մասին մանաւանդ ունին կարգ մը նախապաշարումներ եւ հաւատալիքներ։ Անոնք լուսնի բիծերուն մէջ կը կարծեն տեսնել մարդկային դէմքի նմանութիւնը եւ իրենց պզտիկներուն մատնացոյց կ՚ընեն զայն իբրեւ Աստուած պապուկը։ Շատ հաւանական է որ լուսնի մասին այս մանկական յորջորջումը առընչութիւն ունի հին հաւատքի մը հետ, զի մեր նախահարք կը պաշտէին նաեւ լուսինը։ Նոյնիսկ Մեհեան բառին կազմութենէն դատելով կարծողներ կան, թէ այդ անունը նախնաբար կը տրուէր լուսնի պաշտաման յատուկ վայրերուն։
Եւդոկիացի կիները կը հաւատան Նազարի, այսինքն նայուածքի չար ազդեցութեան որ թերեւս կրնայ աստիճան մը ընդունելի համարուիլ, եթէ հաւատանք Անձնական մագնիսականութիւն (Magnétisme personnei) ըսուած ուժին գոյութեանը եւ անոր վերագրուած դերին, զոր այսօր կ՚ուզեն հաստատել բազմաթիւ գիտուններ։ Շատ անգամ երբ իրենց պզտիկները որեւէ տկարութիւն մը կ՚ունենան, կը կարծեն թէ Նազարի հանդիպած է եւ զայն ազատելու համար չար աչքին ազդեցութեան հետեւանքներէն՝ կը դիմեն Աղօթող կոչ-ւած մասնաւոր կիներու։ Այս կիները ձեռքերնին հացի դանակ մը առնելով՝ կ՚սկսին աղօթքներ մռլտալ, սարսափելի կերպով յօրանջել եւ օզկալ ու միեւնոյն ատեն այդ դանակով հիւանդին գլխուն եւ մարմնոյն շուրջը հպանցիկ շարժումներ կատարել, գրեթէ նման արդի Magnétiseurներուն ի գործ դրած passe կոչուած շօշափումներուն։ Ինծի կը թուի թէ Աղօթող կիներու կողմէ ի գործ դրուած բժշկութեան այս ձեւը առընչութիւն ունի Մագնիսականութեան կամ Քնածութեան (Hypnotisme) հետ, որոնք շատ հին դարերէ ի վեր ծանօթ էին, թէեւ Մեսմերի կարծեցեալ գիւտէն վերջը միայն ուշադրութեան եւ գիտական ուսումնասիրութեան առարկայ դարձած ըլլան։
Եւդոկիացի կինը կարեւորութիւն կ՚ընծայէ հմայիչներու եւ կախարդներու, որոնց կը դիմէ ի հարկին. կը հաւատայ երազներու նշանակութեան եւ ամէն անգամ որ ուշագրաւ երազ մը տեսնէ՝ կ՚աշխատի գտնել երազ մեկնել կամ երազահան նայել գիտցող մը իւր երազին մեկնութիւնը հասկնալու համար։ Ամէն երազի անպատճառ նշանակութիւն մը ընծայել սին հաւատք մըն է լոկ, բայց պէտք չէ ուրանալ թէ այս հաւատքը ունի իր քիչ շատ իրական հիմը, զի կը պատահին ստուգիւ երբեմն նշանակելի մարգարէական կամ հեռազգացական (télépatique) երազներ, որոնց հարկ է հաւատալ։
Հրեշտակներու եւ դեւերու հաւատքէն զատ՝ Եւդոկիացի կիները կը հաւատան նաեւ կարգ մը ոգիներու գոյութեան որոնց գլխաւորներն են Ալը որ տղաձգան կիներուն թշնամի ոգին է, Խոխ կամ Խօխոճ զոր պզտիկ տղաքը վախցնելու համար կը կանչեն, Կրող զոր անէծքներու մէջ շատ կը յեղյեղեն առանց անոր բնութեան կամ գոյութեան վրայ որոշ գաղափար մը ունենալու, Քանզմեզ աղէքներ որոնք բարի ոգիներ կը համարուին, Պահապան ոգիներ որոնցմէ մէյմէկ հատ կը բնակի իւրաքանչիւր տան մէջ, Պան որ անտառներու կամ ծառերու մէջ բնակող ոգին է եւ այլն։ Կան ուրիշ ոգիներ, զորօրինակ՝ Ճին, Բէրի եւ այլն որոնք սակայն բուն հայեցի ոգիներ չեն։ Ոգիներու այս հաւատքն ալ ապահովաբար կրօնքի ոգեպաշտական շրջանէն մնացած է եւ պահպանուած մասնաւորաբար կիներու մէջ։
Հոգետածութեան (Metempsycose) գաղափարն ալ անծանօթ չէ Եւդոկիացի կիներուն, որոնք կը կարծեն թէ մեռելոց ոգիները երբեմն իրենց գերեզմաններէն ելլելով զանազան կենդանիներու կերպարանք կը հագնին եւ գիշերները կը պտտին։
Աւելորդ է ըսել, թէ այս յիշուած բոլոր հաւատալիքները միայն եւ միայն կիներուն չէ որ յատուկ են, այլ Եւդոկիացի այրերուն ալ, բայց աստիճան մը նուազ չափով, զի կիները միշտ այրերէն աւելի նախապաշարեալ են այն բոլոր պատճառներով զոր կանխաւ բացատրեցինք։
Վերջացնելէ առաջ այս հատուածը՝ գաղափար մը տալու համար Եւդոկիացի կիներուն դեռ ուրիշ կարգ մը մանր մունր հաւատալիքներու եւ նախապաշարումներուն վրայ, դնենք հոս քանի մը օրինակներ։
Եթէ աչքդ պաղի՝ հիւր պիտի գայ.
Եթէ աջ աչքը խաղայ՝ բարօրութեան նշան է, իսկ եթէ ձախը խաղայ՝ դժբախտութեան։
Բուին, շան ոռնալը չարագուշակ կը համարուի։
Պարապ օրրոցը պէտք չէ օրել. եթէ օրրես՝ տղան կը մեռնի։
Ծառի տակ միզելու ատեն «Հայր եւ որդի եւ հոգի սուրբ» ըսելու է որպէսզի պանի չ՚ուրթես։
Տղուն վրայէն պէտք չէ անցնիլ. եթէ անցնիս՝ տղան չի մեծնար։
Երբ սաստիկ ամպ գոռայ եւ փայլատակէ՝ երեսնին կը խաչակնքեն։
Գիշերը ձութ ծամողը մեռելի միս ծամած կ՚ըլլայ։
Մէկու մը վախցած տեղը լաթով մը կը սրբեն եւ այն լաթը հետ առած վախցողին վրայ աւետարան կարդալ կուտան։
Նոր հարսը պսակէն վերադարձին տան դրան սեմին կոխել չեն տար, այդ միջոցին մատաղ կը մորթեն եւ արիւնը հարսին կօշիկին կը քսեն։
Պսակի վրայ երբոր ուրիշ պսակ մը գայ՝ կոխ կ՚ըլլայ. առաջքը առնելու համար հարսին վրայէն կամացուկ մը բան մը կը գողնան կամ փեսային կօշիկը ծակելով թել մը կը կապեն, ի վերջոյ հարսերուն իրարու ձեռք սեղմել կուտան։
Երախային շորը եթէ գիշերը լուսնակի լուսուն կախես՝ երախան լուսնակկոխ կ՚ըլլայ։
Եթէ քառսունքի մէջ եղող ծննդաբեր կնոջ մը քով քառսունքի մէջ եղող ուրիշ կին մը գայ, առաջինին երախան կոխծու կ՚ըլլայ։
Պզտիկ տղաքը չար աչքէ պահելու համար հագուստին վրան կապոյտ հիլուն կը կարեն։
Աւելորդ կը համարինք երկարել օրինակներու այս շարքը, որոնք սակայն վերջին մնացորդներն են նախապաշարումներու, սնապաշտութիւններու այն խիտ ցանցին՝ որով սեղմուած, կաշկանդուած էր խեղճ գաւառացի կնոջ միտքը երկար դարերու ընթացքին մէջ։ Ասոնք ալ ապահովաբար հեթանոսական սին հաւատալիքներու փշրանքներն են եւ սարսափելի բան է այսօր խորհիլ թէ հէք տգէտ ժողովուրդը, մանաւանդ մեր սնապաշտ մամիկները ի՛նչ արգահատելի կեանքով մը ապրած են, ստիպուած ըլլալով կատարելու կարգ մը տղայական ու ձանձրալի զգուշութիւններ եւ արարողութիւններ զերծ մնալու համար կարծեցեալ երեւակայական չարիքներէ։
Եւդոկիացի հայ կիներուն մէջ ստոյգ է որ հետզհետէ այս տեսակ նախապաշարումներ իրենց ուժը կորսնցնելու վրայ են ու շատ բաներ՝ որ ուրիշ գաւառներու մէջ դեռ կենդանի են, շատոնց մոռցուած են հոն։ Այս կարգի նախապաշարումներու, հաւատալիքներու վարկաբեկութիւնը, մոռացումը անշուշտ ցաւ չէ որ պիտի պատճառէ մեզի, քանզի անոնք կնոջ մտաւոր զարթնումը, զարգացումը ուշացնող, կասեցնող վնասակար տարրեր են եւ այսօր ազգագրական ուսումնասիրութեանց տեսակէտով միայն կրնան կարեւորութիւն ունենալ։ Կայ սակայն պարագայ մը, որ ճշմարտապէս ցաւալի է. այն է թէ՝ հինը, աւանդականը մոռացութեան տալու, լքելու, արհամարհելու այս ձգտումին մէջ՝ որ հետզհետէ ամէն կողմ տիրող դառնալ սկսած է նոր բարքերու եւ գաղափարներու ազդեցութեան տակ, մեր հին բնիկ քաղաքակրթութեան եւ բարքերուն յոռի ու վնասակար տարրերուն հետ՝ նորասիրութեան, օտարասիրութեան սխալ ըմբռնումով մը մէկդի նետելու վրայ ենք նաեւ անոր լաւագոյն, գնահատելի տարրերն ալ, զանոնք փոխարինելով շատ անգամ օտար եւ մեր կեանքին ու ըմբռնումներուն անհամապատասխան վնասաբեր սովորութիւններու եւ բարքերու հետ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024