ՄՈՐԻ ՇԻՇԸ

Շուար, մոլոր վիճակ մը ունի։ Կը նայի մէյ մը աջի, մէյ մը ձախի դարաններուն. ակնյայտօրէն բան չի հասկնար։ Գլուխը կը դառնայ կարծես։

Յոգնած է, զզուած է այս ամէն ինչէն. վերապրումի արուեստէն, ինչպէս թերեւս կը կոչէր զայն տարիներ առաջ, քիչ մը գրական հաճոյք մը ստանալով իր գիւտէն։ Ոչ մէկ հաճոյք հիմա, ոչ մէկ համ այս ամէն ինչին մէջ, ակնյայտօրէն. յատկապէս, որ տարիքն առած է։

Բան մը չընելու, բան մը ընել չկարենալու, պետական թոշակի յոյսին կախուած ապրելու այս ընթացքը զինք հունէն կը հանէ երեւի։ Քանի մը տասնեակ հազար դրամ ընդամէնը, զորս պէտք է ծախսել հաշուարկով, հարիւրը հարիւրին, սոսկ վերապրելու համար։

Գնումներն ալ, այդ պայմաններուն մէջ, ինքզինք կրկնող դարձած են վստահաբար։ Լաւագոյն պարագային՝ նոյն ապրանքի տարբեր անուանումովը։ Ձէթի կապոյտ պարուրմամբ շիշի փոխարէն՝ կանաչովը։ Ոլոռնի կարմիր տուփի փոխարէն՝ դեղինը։ Բայց աժան ձէթը կը մնայ աժան ձէթ, ոլոռնը՝ ոլոռն։ Լաւաշը՝ լաւաշ. լաւագոյն պարագային՝ մատնաքաշ։

Հիմա արդէն չի տեսներ կարծես. յոգնած, կախուած-սմքած դէմքով մը կը քալէ դարաններուն դիմացէն, մոռցած ըլլալով կարծես, թէ ինչու եկած է։ Նոյն սենեակ կը մտնէ կ՚ելլէ մի քանի անգամ, նոյն ապրանքներուն դիմացէն կ՚անցնի։ Ոչ թէ ուրիշ տեղ է միտքը, այլ հոգի չկայ վրան։ Կեանքը կը պակսի տեսակ մը։

Յանկարծ, կէտի մը վրայ, դարանի մը դիմաց կանգ կ՚առնէ։

Անուշի շիշերն են շարուած։ «Վա՜յ» մը կը հանէ բերնէն, ու մարմնէն սարսուռ մը կ՚անցնի ակնյայտօրէն։ Ձեռքը կը տանի խորքը դարաններէն մէկուն, հոնկէ շիշ մը կը հանէ, մանիշակագոյն լիցքով։ Մորի անուշ է։ Կը բռնէ շիշը դիմացն աչքերուն, որոնք հրճուանքով, նաեւ որոշ յուզմունքով կը փայլին։ Կը գրկէ զայն նոյնիսկ, կը սեղմէ կուրծքին. վեր կը նայի։ Արագ կը դնէ զամբիւղին մէջ, ու հապճեպ քայլերով դուրս կ՚երթայ։

Ի՞նչ կամ զո՞վ յիշեց այդ շիշէն։ Ի՞նչ քաղցրահամ գաղտնիք ունէր իր մէջ անուշն այդ մորի։

Ինք գիտէ միայն։

Մենք, այսինքն՝ ես, մէկ այլ յաճախորդն ու խանութի աշխատակցուհին, զարմացած իրարու կը նայինք, կը ժպտանք։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021