ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԵՌԱՏՕՆ
Ահաւասիկ մայիս է, հայ ժողովուրդի յաղթանակներուն ամիսը։
Այդ յաղթանակներու վառ օրինակներէն են Աւարայրի (451 թուականի մայիսի 26-ին), Սարդարապատի ճակատամարտերը (1918 թուականի մայիսի 29-ին), մայիս իննեան եռատօնը՝ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի եւ, ի հարկէ՝ Շուշիի յաղթանակը: Վերջինս անգամ մը եւս հաստատելու եկաւ, թէ դարերէ ի վեր հայու անսասան ու անկոտրուն հերոսական տեսակը կը շարունակէ վերարտադրուիլ:
Այժմ՝ քանի մը խօսք օրուան խորհուրդին մասին։
Մայիս 9-ը՝ տարուայ 129-րդ օրը թերեւս աշխարհի բոլոր ծայրամասերուն հասարակ օր մըն է, սակայն ոչ Հայաստանի։ Մեր հայրենիքի մէջ այս գեղեցիկ գարնանային օրը մեծ տօն է, այն ալ՝ եռատօն։
Մայիսի 9-ը իւրաքանչիւր հայու համար լոկ ամսաթիւ մը չէ, այն լուսաւոր ապագայի կերտման խորհրդանիշն է: Այս օրը եռատօն է մեզի համար, քանզի մայիսի 9-ին է, որ պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններու հոլովոյթին հայ ազգը տարած է փառահեղ յաղթանակներ։
Տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները օրացոյցի վրայ կարմիր նշած մայիսի 9-ը՝ մեծ խանդավառութեամբ, ոգեւորութեամբ, խինդ ու ծիծաղով, շքեղ զօրահանդէսներով կը նշեն 1945 թուականին Բ. Աշխարհամարտի՝ խորհրդային ժողովուրդներու, այդ շարքին նաեւ հայերու փառաշուք յաղթանակի տօնը, Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի՝ հայոց յաղթանակած բանակի կազմաւորման տարեդարձը:
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին զանազան ռազմաճակատներու վրայ կռուած եւ յաղթանակի կերտման մէջ իրենց աւանդը ունեցած են շուրջ 600 հազար հայորդիներ: Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն հայ ազգը՝ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութիւնը տուած է 4 մարաջախտ՝ Բաղրամեան, Բաբաջանեան, Խուդեակով (Արմենակ Խանփերեանց), Աղանով եւ մէկ ծովակալ՝ Իսակով։ 70 հազար հայ մարտիկներ պարգեւատրուած են մարտական շքանշաններով, 27 շարքային զինուոր դարձած է փառքի շքանշանակիր, 104 հայորդի արժանացած է Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման: Իսկ օդաչու Նելսոն Ստեփանեան արժանացած է Խորհրդային Միութեան կրկնակի հերոսի կոչման:
Ճիշդ 27 տարի առաջ ալ մայիսի 9-ի առաւօտեան հայկական ջոկատները յաջողութեամբ աւարտեցին մարտական գործողութիւնը, որու շնորհիւ ազատագրուեց հրաշագեղ Շուշին՝ Արցախի երբեմնի մայրաքաղաքն ու մշակոյթի կեդրոնը: Շուշիի ազատագրումը բեկումնային դարձաւ ղարաբաղեան պատերազմին մէջ: Առաւօտեան, մայիսեան հերթական լուսաբացին բերդաքաղաքի Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ աւերուած գմբէթին վրայ այլեւս կը ծածանէր հայոց եռագոյնը: Շուշիի ազատագրումը նորանկախ Հայաստանի պատմութեան ամենափառաւոր էջերէն մին է:
Մայիսի 9-ին կը նշուի նաեւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման տարեդարձը: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը պաշտօնապէս ստեղծուած է 1992 թուականի, մայիսի 5-ին, որու շուրջ միաւորուեցան տակաւին 1990 թուականին գործող անջատ ինքնապաշտպանական ռազմական միաւորումները:
Մայիսեան եռատօնը երջանկութիւն կը բերէ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքէն ներս։ Օրուան խորհուրդով խանդավառուած մեծէն պզտիկ իրենց տօնական հագուստները հագած, զարդարուած կը փութան Եռաբլուր, Ստեփանակերտի մէջ՝ Եղբայրական գերեզմանոց, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու, ինչպէս նաեւ ծաղիկներ խոնարհելու անմահ հերոսներու վառ յիշատակին։ Մայիսի 9-ին զինուորական համազգեստով հպարտ փոքրիկ մանչուկները իրենց վրայ կը սեւեռեն ժողովուրդի հիացական ու պանծալի հայեացքները։ Եռաբլուրին կը յաջորդէ այցելութիւն Շուշի։ Բարենպաստ եղանակային պայմաններու ներքեւ տօնական օրին յաճախ Ստեփանակերտէն քայլարշաւ կը կազմակերպուի դէպի Արցախի նախկին մայրաքաղաքը։ Մեծ մասամբ երիտասարդները հայրենասիրական երգեր երգելով, պարելով կը յաղթայարեն դէպի Շուշիի անառիկ բերդը տանող ոլորապտոյտ ճամբան։ Օրը կ՚եզրափակուի տօնական համերգով ու հրավառութեամբ։
Հուսկ, Հայաստան եւ Արցախ դրախտային աշխարհներուն կը մաղթեմ կապոյտ երկինք, խաղաղութիւն, անպարտելիութիւն եւ ամենէն կարեւորը՝ անառիկ սահմաններ։ Թող որ, մայիսեան յաղթանակները շարունակական ըլլան հայ ժողովուրդի համար, որ դարերէ ի վեր կ՚ապրի ու կը ստեղծագործէ սեփական պապենական հողերուն վրայ:
Աստուած պահապա՛ն ազգս հայոց։
Շնորհաւոր մայիսի 9-ը…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ