ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲԱՑԱՌՈՒՄ

Մարդասիրական հետազօտութիւններու կաճառի վաստակաւոր անդամ Ճանըթըն Ռաուչ «Persuasion» ամսագրին մէջ գրած է ըստ հետեւեալի. «Ընկերային բացառումը (exclusion) լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու մէջ մտքի ազատութեան համար»։ Ռաուչ նաեւ կը մէջբերէ Քաթօ կաճառի հետազօտութիւնը, ըստ որու ամերիկացիներու մէկ երրորդը մտահոգուած է իրենց իսկական քաղաքական հայեացքներու արտայայտմամբ, քանի որ սա կրնայ ազդել իրենց ասպարէզի եւ արհեստավարժութեան վրայ։ Ընկերային բացառումը կը տարբերի առողջ քննադատութենէն, քանի որ այդ ո՛չ թէ ճշմարտութիւնը փնտռելու, այլ գիտելիքներու «հանդիպման» եւ հաղորդակցութեան տարածքը ըստ այդմ ձեւաւորելն է։ Սա, անխուսափելիօրէն, միտումնաւոր ձեւով կը ձեւաւորէ հասարակութիւնը եւ մեզ կը ստիպէ ապրիլ, մտածել ու գործել միատեսակ կերպով։ 

Ընկերային բացառման հետեւանքով յառաջացած օտարացումը կամ իրաւունքներու ոտնահարումը կրնայ կապուած ըլլալ մարդու ընկերային դասի, սեռի, մաշկի գոյնի, կրօնական պատկանելիութեան, էթնիք ծագման, կրթական կարգավիճակի, մանուկ հասակին ունեցած յարաբերութիւններու, կենսամակարդակի կամ արտաքին տեսքի հետ։ Խտրականութեան այս բացառիկ ձեւերը կրնան կիրառուիլ նաեւ հաշմանդամներու, փոքրամասնութիւններու, թմրամոլներ, տարեցներու եւ երիտասարդներու նկատմամբ։ Ոեւէ անձ, որեւէ կերպով եթէ յայտնուի բնակչութեան չափանիշներէն դուրս, կրնայ դառնալ այսպիսի կոպիտ ընկերային բացառման առարկայ։ 

Նմանատիպ ըլլալը ազատականութեան մահուան բօդն է։ Միատարր հասարակութեան մէջ, ուր բոլորը ունին նոյն անցեալի փորձառութիւնը, կրօնը, արժէքները, նպատակները, մարդիկ, ընդհանուր առմամբ, նոյն կերպով կը մտածեն։ Բայց ազատականութեան բանալին բազմազանութիւնն է. տարբեր ժողովուրդներ, տար-բեր արժէքներ, աւանդոյթներ կամ համոզումներ պէտք է միասին գոյատեւեն, որովհետեւ հասարակութիւնը կը ձեւաւորուի տարասեռութենէն եւ փոխանակումէն։ Բազմազանութեան հիմնական գաղափարը այս է։ 

Սինկափուրի կառավարման համալսարանի դասախօս Չանտրան Քուքաթհաս բազմազանութեան եւ հանդուրժողականութեան մասին իր «Big Think» տեսահոլովակի մէջ կ՚արտայայտուի սապէս. «Ազատական մտածելը կը ծագի մարդոց տարակարծութիւններէն։ Մարդիկ տարբեր ապրելակերպ ունին»։ 

Պատմութեան ընթացքին աշխարհը փոխած մարդիկ եղած են բազմազանութեան տարբեր օրինակներ։ Այս մարդոց կեանքն ու գաղափարները բազմազան ու փոխկապակցուած աշխարհի եզակի արտադրանքն էին։ Մերի Քիւրի դուստրն էր երկու լեհ ուսուցիչի, որոնցմէ մէկը անաստուած էր, իսկ միւսը՝ կաթոլիկ։ 

Բազմազանական հասարակութիւնը վայր մըն է, ուր մարդիկ կ՚ունենան իւրայատուկ կեանքի փորձառութիւն, կը փոխանակեն միտքերը եւ կը նպաստեն հաւաքական զարգացման ու նորարարութիւններուն։ Եթէ մարդիկ մաս կազմեն միատեսակ հասարակութեան եւ փակ ըլլան կարծիքներու տարբերութեան համար, ապա քանի՞ գաղափար եւ ապրելակերպ կրնայ գոյութիւն ունենալ։ 

Զարգացող եւ փոխուող աշխարհի տինամիքը կը սնուի տարբեր գաղափարներով եւ միտքերով։ Միատարր հասարակութեան մէջ կրնանք նկատել, որ գաղափարներն ու սովորոյթները կը մնան անփոփոխ եւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին առանց զարգացման։ Այնուամենայնիւ, տարասեռ հասարակութեան մէջ տարբեր գաղափարներու եւ սովորոյթներու հետ շփման մէջ ըլլալը հնարաւորութիւն կու տայ զարգացնել տարբեր գաղափարներ եւ սովորոյթներ։ 

Բոլորս պէտք է հանդուրժող ըլլանք, եթէ կը փափաքինք օգուտ քաղել բազմազանութենէն։ Պէտք է յարգենք այն մարդոց իրաւունքները, որոնք կ՚ապրին եւ կը մտածեն մեզմէ տարբեր ձեւերով։ Երբ մէկը հանդուրժող է, ան ոչ միայն հանդուրժող է, այլ կ՚ընդունի իրավիճակը «բաց ոգիով»։ Դիտաւորեալ եւ իմաստալից հանդուրժողութիւնը կը պահանջէ ուրիշներու պատուհաններէն նայելու ջանքը։ Պարտադիր չէ, որ համաձայնինք, բայց պէտք է փորձենք հասկնալ։ Եւ եթէ մենք, ի վերջոյ կ՚ուզենք ապրիլ խաղաղ եւ ծաղկող հասարակութենէ մը ներս, ապա պէտք է անպայման հանդուրժող ըլլանք այլ գաղափարներու նկատմամբ, նոյնիսկ եթէ նոյն կերպով չմտածենք։ 

Ահա՛, թէ ինչ կը գողնայ հասարակութենէն ընկերային բացառումը՝ կանխելով տարրական եւ առողջ հանդուրժողականութիւնը, քանի որ առանց անոր կարելի չէ պահպանել բազմազան եւ խաղաղ հասարակութիւնը:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2022