Օֆելիա Համբարձումեանով Ժողովրդային Երգիչներու Դարաշրջան Մը Փակուեցաւ, Աւանդը Մնաց
Յունիսի կէսերուն Հայաստան, հայ ժողովուրդն ու հայ երգը հրաժեշտ տուին մեծ արուեստագիտուհիի մը՝ երգչուհի եւ երգիչներու դաստիարակ Օֆելիա Համբարձումեանին, որուն մեկնումով մեր ժողովրդական երգի պատմութեան մէջ դարաշրջան մը վերջ գտաւ:
Օֆելիա Համբարձումեան վերջինն էր երգիչներու հոյլի մը, որ մեր երգի երկնակամարին վրայ փայլեցաւ 50-ական տարիներէն սկսեալ, նոր որակ ու մակարդակ ներարկեց ժողովրդական երգին ու ճամբայ հարթեց նոյնքան որակաւոր յաջորդ սերունդին, անոնց, որոնք հրապարակ եկան 60-ականներու երկրորդ կէսէն սկսեալ, տիրապետեցին մինչեւ 90-ականներ. անոնք նախորդներուն կողմէ իրեն վըս-տահուած աւանդը անեղծ պահեցին, զարգացուցին եւ ջահը ի վերջոյ փոխանցեցին այսօրուան սերունդին:
Քանի մը ամիս առաջ, Օգոստոս 2015-ին, հրաժեշտ տուինք նաեւ նոյն սերունդի մէկ այլ աստղին, որ կը կոչուէր Վարդուհի Խաչատրեան: Համբարձումեան, Խաչատրեան եւ անոնց հետ մեր երգի պատմութեան մէջ փայլուն էջեր կերտած սերունդը այլեւս չկայ, սակայն անոր անդամները պիտի շարունակեն ապրիլ մեր երգարուեստի երկնակամարին վրայ՝ նոր բովանդակութիւն տալով Պետրոս Դուրեանի «աստղ մըն ալ ես կ՚երթամ յաւելուլ երկնից» տողերուն տխուր երանգին եւ յայտարարելու, որ իրենցմով ու յաջորդներով մեր երկինքը փայլուն պիտի մնայ «Երեւանի գիշերներ»ուն երկինքին պէս:
Օֆելիային սերնդակից էին անմահանուն այլ երգիչներ ու արուեստագէտներ, որոնցմէ կ՚արժէ թուել Գոհար Գասպարեանը, Աւագ Պետրոսեանը, Յովհաննէս Պատալեանը, Լուսիկ Քոշեանը, Աստղիկ Քամալեանը, Տաթեւիկ Սազանդարեանը, Զարուհի Տոլուխանեանը եւ ուրիշներ: Յիշեալ երգիչներէն ոմանք աւելի հռչակ ունին իբրեւ օփերայի աստղեր, սակայն իրենց իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ բեմ ելած են նաեւ ժողովրդական երգերով ու նպաստած՝ այս պարտէզին ծաղկումին ու բարեփոխման ընթացքին:
Օֆելիայի ու ժամանակակիցներու անունը առաւելաբար կապուած է Թաթուլ Ալթունեանի Երգի ու պարի անսամպլին, որ 50-ական տարիներէն սկսեալ եղաւ ու կը մնայ մեր տոհմիկ երգերուն ու պարերուն մէկ դպրոցը: Ալթունեանէն առաջ ու անոր օրերուն, ունեցած ենք հայ երգի այլ երախտաւորներ ալ: Մեր բեմերը ծաղկեցնող այդ սերունդի անդամները եղան աւելի մեծաթիւ ու առիթ ունեցան օրուան արդիական միջոցներով՝ ձայնասփիւռով ու պատկերասփիւռով հասնիլ ժողովուրդի աւելի լայն զանգուածներու, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, այսինքն եղան աւելի բախտաւոր, քան՝ զիրենք կանխողները, որոնք կը կոչուէին՝ Արաքսիա Կիւլզատեան, Շողիկ Մկրտչեան, Վաղարշակ Սահակեան, Միհրան Երկաթ, Պաւել Լիսիցեան եւ ուրիշներ (վերջիններէն ոմանք բեմերու վրայ էին, երբ նորերը սկսան փայլիլ): Անոնց շնորհիւ է, որ մեր աշուղներն ու գուսանները, Աւետիս Իսահակեանի նման բանաստեղծներու երգերը ապրեցան ու վերապրեցան մեր ժողովուրդի առօրեային մէջ, որովհետեւ անոնք եղան յուշարարները Սայաթ Նովայի ու Ջիւանիի պէս մեծերու, անմիջական կամուրջ ստեղծեցին Գուսան Աշոտի, Հաւասիի ու Շերամի նման աշուղական ուղին բաց պահողներուն ու ժողովուրդին միջեւ:
Կարելի է շատ բան գրել-ըսել Պատալեաններու, Օֆելիաներու, Քոշեաններու եւ անոնց ժամանակակիցներուն մասին՝ հասնելու համար այն եզրակացութեան, որ անոնց օրերուն հայ երգը իր հարազատութեամբ կենսունակ մնաց մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ անոնք հաւատարիմ հետեւորդներն էին մեր երգն ու երաժըշ-տութիւնը օտարամուտ ազդեցութիւններէ հեռու պահելու, մաքրազտելու կոմիտասեան պատգամին:
Բնական երեւոյթ է, որ երգիչներ աւելի՛ անուանի կ՚ըլլան, քան՝ իրենց երգած երգերուն հեղինակները, երաժշտութիւնը յօրինողներն ու մանաւանդ գործիքաւորներն ու նուագախումբի անդամները (բացառութիւններ միշտ ալ եղած են ու կան), հետեւաբար, եթէ ուզենք արժեւորել երգիչներու այդ կամ որեւէ այլ սերունդ, անհրաժեշտ է մտաբերել, որ անոնց կողքին, բեմին վրայ ու բեմին ետին եղած են ու մի՛շտ պիտի ըլլան արուեստագէտներ, որոնք համահաւասար բծախնդրութեամբ կը ճգնին, որ հայ երգը մնայ հայավարի, չտարուի օտարոտի ազդեցութիւններէ, անոնք ըլլան թրքատիպ թէ արեւմտաշունչ: Ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել ու տեսնել «հիներուն» գլխաւոր արժանիքը, որ աւանդ ու ժառանգութիւն է միաժամանակ:
Օֆելիաները վստահաբար հպարտութեամբ ու երջանկութեամբ դիտեցին առաջին քայլերը իրենցմէ ետք բեմ բարձրացողներուն, որոնց «կերտումին» մէջ ունեցան ուղղակի կամ անուղղակի դերակատարութիւն, որովհետեւ իրենք միայն բեմերը զարդարող երգիչներ չէին, այլ նաեւ՝ երգի ուսուցիչներ ու երգի-երաժշտութեան դասախօսներ: Անոնց շուքին տակ էր, որ ծաղկեցան Ռայիսաները, Պելլաները, Աւետեանները, Ռուբիկները, Մնացականեանները, Պապին եւ Թովմաս Պօղոսեանները, եւ դեռ շա՜տ ու շա՛տ ուրիշներ, որոնք իրենց կողքին ունեցան նոյնքան տաղանդաւոր ու հայօրէն ստեղծագործող բանաստեղծներ, երգահաններ, դաշնաւորողներ ու բեմին ետին գործող երախտաւորներ: 70-ականներէն սկսեալ ու տասնամեակներ շարունակ մեր բեմերը լուսազարդող այդ սերունդն էր, որ Խորհրդային Միութեան կրած բարեշրական հովերը օգտագործեց հայ երգի առագաստներուն համար, որպէսզի երգն ու մատուցումը նորոգ-ւին ու քայլ պահեն նոր օրերու ոգիին հետ՝ առանց զիջելու արուեստէն: Մեր ժողովրդային երգը արդիականացաւ, մինչեւ իսկ ճազայինը յաջող կերպով միախառնուեցաւ հայկականին: Իրերայաջորդ տասնամեակներու հայ երգը ունեցաւ տիրութիւն ընող հաւատարիմ պահակներ, որոնք արգիլեցին ամէն տեսակի սայթաքում (ռուսական արդի երաժշտութեան որոշ ազդեցութիւնները անխուսափելի էին, սակայն մնացին որակի սահմաններուն մէջ): Երեւանի ձայնասփիւռէն կամ պատկերասփիւռէն չհնչեցին թրքաբոյր (կամ ռապիզական) երգեր, ձայնապնակներն ու երգը տարածող այլ միջոցներն ալ (ժապաւէններ ու տեսերիզներ) մնացին հոգածու հսկողութեան տակ:
***
Յետոյ եկան անկախութեան տարիները, որոնք ազատութեան, ինքնավարութեան ու քաղաքականապէս ինքզինք ըլլալու բարիքներուն դիմաց, մշակութային ոլորտներուն մէջ ստեղծեցին որոշ չափով անիշխանական կացութիւն. մեծագոյն տուժողները եղան երգն ու լեզուն, հայերէն գիրքը, թերթը, գրաւոր այլ արտայայտութիւններ, պատկերասփիւռ եւ մասամբ նորին: Հոս կ՚ուզենք կարկինը պահել երգի կալուածին մէջ՝ անգամ մը եւս արձագանգելու յաճախ բարձրաձայն հնչող այն մտահոգութեանց, որ ժողովրդական մեր երգը առաւելաբար վերածուած է անիմաստ աղմուկի, «պարահանդէսային-պարային» ժխորի (այս երեւոյթը միշտ ալ կը բացատրուի, սակայն չ՚արդարանար, թէ՝ սա միայն հայ երգին վերաբերող հիւանդութիւն չէ, նոյնն է պարագան անգլերէն, արաբերէն, հնդկերէն ու դեռ շա՜տ ու շա՛տ ժողովուրդներու երգին, որովհետեւ քիչ թէ շատ բոլորն ալ ինկած են շուկայական այն թակարդին մէջ, որուն խորագիրն է՝ «ինչ որ Արեւմուտքէն կու գայ, պէտք է իւղի պէս կլլել՝ առանց հարց ու փորձի»): Գիծ մը, որուն դէմ թումբ կանգնեցան Օֆելիաներէն առաջ եղողներն ու անոնց աւանդապահները:
Ընդհանուր անտիրութեան մթնոլորտէն ետք, սակայն, վերջին տարիներուն ստեղծուած են դրական հոսանքներ: Եթէ Երեւանի երաժշտանոցը անշեղօրէն պահպանած է հայ երգը զուտ ու անեղծ պահելու աւանդը, պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններ ալ սկսած են բեմը վերաբանալ ժխորն ու բացառապէս ոստոստային երգը հակակշռող հայկական արուեստի ակունքէն եկող արուեստին առջեւ: Կ՚արժէ առանձնացնել գոնէ երկու ծրագիր, որոնք Հայաստանի ու արտերկրի հայութեան սիրտերը գրաւեցին ու գրաւուած կը պահեն իբրեւ ժողովրդական երգի անաղարտ պահպանման բեմեր: Անոնք խորագրուած են «Երգ երգոց» ու «Ժողովրդային երգիչ» անուններով: Շաբաթական հերթականութեամբ սփռուող այդ յայտագիրները (երկրորդը կը թուի պահ մը դադար առած ըլլալ վերջերս) առիթ ստեղծեցին, որ հրապարակ գայ երիտասարդ երգիչներու եւ երգչուհիներու նոր հոյլ մը, որ յանձն առած է «հիներ»ուն անմար ջահը:
Մէկ սերունդի չեն պատկանիր նորերը. անոնց շարքին են կամրջողներ, ինչպէս՝ Արաքս Մանսուրեան, Աննա Մայիլեան, Թովմաս Պօղոսեան (եւ Սայաթ Նովա համոյթի գործակիցները), Մխիթար Քեթցեան եւ ուրիշներ: Իսկ նորագոյն ալիքը բարեբախտաբար բազմամարդ է եւ սկսած է ստեղծել հոսանք մը, որ վստահաբար պիտի նուազեցնէ աղմկարարներուն եւ անիմաստ «երաժշտութիւն» տարածողներուն ազդեցութիւնը: Նորագոյն ալիքին անդամները կը կոչուին՝ Գոհար Գասպարեան (աղուոր զուգադիպութիւն է, որ կը կրէ «Անուշ»ը մարմնաւորողին անունը), Սեւակ Ամրոյեան, Նարեկ Պօղոսեան, Գրիգոր Միրզոյեան, Լուսինէ Գասպարեան, Սուրէն Աւոյեան, Տիրուհի Մելքոնեան, Եւա Եգանեան, Մոնիքա Նազարեան, Դաւիթ Խաչատրեան, Մասիս Յունանեան, յիշելու համար միայն փոքր բուռ մը երիտասարդ աստղերէն: Անոնց կողքին կան ու հետզհետէ կը բազմանան այլ մաքուր տաղանդներ, որոնք կը վայելեն երէց սերունդին հոգածութիւնն ու ժողովուրդին քաջալերանքը, ինչպէս որ ըրած են Օֆելիան, Վարդուհին, Պատալեանը եւ ուրիշներ:
Կը մնայ մաղթել, որ հռչակի տիրացող այս երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները յաջողին անշեղ ընթացքով շարունակել սկսուած (խորքին մէջ անցեալ տասնամեակներէն ի վեր շարունակուող) երթը եւ չիյնան օտարոտի ազդեցութեանց ծուղակը, երբ դառնան «իրենց գլուխին տէրը»: Մեր կեանքին մէջ դժբախտ իրականութիւն մըն ալ այն է, որ մեր կարգ մը տաղանդաւոր ու սիրուած երգիչները, լաւ սկիզբ ունենալէ ետք, կը շեղին հայ երգի ուղիէն եւ կը հնչեն թրքական եւ օտարոտի «ոճեր»ով՝ իրենք զիրենք արդարացնելով, որ «ժողովուրդը այսպէս կ՚ուզէ…»: Ի ծնէ տաղանդաւորը, հարազատ հայ երգի քուրայէն անցնելէ ետք, ինչպէ՞ս կը զիջի սայթաքում ունենալու եւ մսխելու որակը: Դժբախտութիւն է, որ մեր օրերուն անհատ երգիչներ ու մինչեւ իսկ վաստակ կերտած երգչախումբեր սկսած են մեծ տուրք տալ արհեստագիտութեան անհարկի օգտագործման՝ լոյսերու, շարժումներու եւ արդի այլ միջոցներու չարաշահման, որուն պատճառով երգը կը դառնայ լուսանցքային, լոյսերն ու ձեւերը, չափազանցեալ շարժումները կը ներգրաւեն ունկնդիր-ակնդիրը… Դժբախտութեան մէկ այլ երեսն ալ այն է, որ երբեմն հայկական միութիւններ ու կազմակերպութիւններ ալ «կ՚օգտուին» նման երգիչներու «ժողովրդականութենէն» եւ անուղղակի տարածիչները կը դառնան անորակին ու ապահայկականին:
***
Կոմիտասի ժառանգորդները՝ Շահմուրատեան, Կանաչեան եւ ուրիշներ, հայ երգի մաքրազտման ու անեղծ պահպանման-զարգացման պատգամը թողուցին յաջորդներուն: Մօտաւորապէս մէկ դարէ ի վեր այդ գիծը պահպանուած է իրերայաջորդ սերունդներու կողմէ, որոնք մարմնաւորուած են այս սիւնակներուն մէջ յիշատակուած երգիչներու եւ արուեստագէտներու շնորհիւ, խիզախելով օտարոտի փոթորիկներու դէմ: Օֆելիայի մեկնումով, եթէ դարաշրջան մը կը փակուի, պէտք չէ մոռնալ, որ այդ սերունդի կեանքի օրերուն իսկ նոր դարաշրջաններ բացուած են: Պատալեանները, Քոշեանները, Մնացականեաններն ու միւսները անմահ պիտի մնան Սայաթ Նովայի, Ջիւանիի ու Շահէնի պէս, որովհետեւ անոնց ստեղծած ու ժառանգ թողած գանձերը այսօր ունին նոր տէրեր, հայ երգի անդաստաններուն տիրութիւն ընողներ, որոնք երգիչ են ու երգահան, երաժիշտ են ու դաշնաւորող, կ՚օգտագործեն մեր բանաստեղծութեան հին ու նոր գանձարանները:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024