ԱԶԱՏԻԼ ՈՉՆՉԱՊԱՇՏՈՒԹԵՆԷ
Վերջերս, Երեւանի մէջ վերահրատարակուեցաւ Հանրային հեռուստաընկերութեան լրագրող, հեռուստահաղորդավար, քաղաքական գիտութիւններու թեկնածու, Տոց. Աբրահամ Գասպարեանի «Ներքաղաքական գործընթացներու իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» աշխատութիւնը, որ մասնագիտական խոր ու հանգամանալից անդրադարձ մըն է Մերձաւոր Արեւելքի յետգաղութային շրջանին՝ մինչեւ 21-րդ դարու առաջին տասնամեակը:
Գիրքի լոյս ընծայման առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ հարցազրոյց մը ունեցաւ Աբրահամ Գասպարեանի հետ: Հարցազրոյցը համընկնեցաւ Երեւանի մէջ Յուլիսի 17-ին սկսած իրադարձութիւններու աւարտին։ Ուստի խնդրեցինք Աբրահամ Գասպարեանէն, իբրեւ քաղաքագէտ, նախ մեկնաբանել Երեւանի մէջ տեղի ունեցածի քաղաքական դրդապատճառներն ու հետեւանքները, իսկ հարցազրոյցի՝ գիրքին վերաբերող հատուածը կը ներկայացնենք թերթիս յառաջիկայ թիւերուն մէջ:
-Յուլիսի 17-ին ՊՊԾ գունդը գրաւած «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման գործողութիւնը տասն օրէն աւելի լարուածութեան մէջ պահեց երկիրը: Այժմ, երբ իրավիճակը հանդարտած է, ի՞նչ եզրակացութիւններ կրնաք ընել:
-Ես հոս պիտի խօսիմ իբրեւ մասնագէտ, իբրեւ քաղաքական գիտութիւններու թեկնածու, տոցենթ: Ինչ որ տեղի ունեցաւ Յուլիսի 17-ին Երեւանի մէջ, շարունակութիւնն էր 1991 թուականի Սեպտեմբերի 22-էն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր իշխանութիւններուն ապաշնորհ քաղաքականութեան: Ան զուտ հետեւանք էր եւ ոչ՝ պատճառ: Փորձեմ երեք մասի բաժնել: Առաջին հերթին քաղաքական հաստատութիւններու (institute) երկարամեայ անգործութեան կամ ոչ հաստատութենական գործունէութեան հետեւանք էր: Երկրորդ՝ ռազմաքաղաքացիական յարաբերութիւններու ո՛չ պատշաճ եւ ո՛չ ճիշդ դասաւորումներն են Հայաստանի մէջ, եւ երրորդ՝ քաղաքական վերնախաւի զերոյական արդիւնքով խաղի հետեւանք էր:
Սկսիմ առաջինէն. մեր հաստատութիւնները բնական գործունէութիւն չեն ունեցած, որովհետեւ անոնց աշխատանքի հիմքին մէջ չէ եղած քաղաքական մշակոյթի արմատաւորում, որ կը բերէր դանդաղ, բայց կայուն աճ եւ յառաջընթաց: Մենք երբեք չենք շօշափած այդ մէկը, այս ընթացքին եղած են ընդամէնը քանի մը պոռթկումներ՝ իշխանական վերնախաւի այս կամ այն ներկայացուցիչի արհեստավարժութեան հիման վրայ, ինչ որ յառաջացումներ արձանագրած են որոշակի ճիւղերու մէջ, գլխաւորաբար՝ տնտեսական: Բայց ընդհանուր առմամբ թէ՛ ընկերային, թէ՛ իրաւական պետութեան կայացման առումով այն վրիպակները, որոնք երկուքուկէս տասնամեակներու ընթացքին ձգած ենք, բնականաբար պէտք է նման ճիչեր արձակէին:
Երկրորդը՝ մեծ դեր ունեցաւ պատերազմէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը, երբ պատերազմէն վերադարձած «հերոսացած» զօրավարները փորձեցին կարկանդակին առիւծի բաժինը ստանձնել, հոնկէ է որ յառաջացաւ մեծ քանդումը: Պատերազմը կրած, պատերազմին հաւասարապէս մասնակից վերնախաւերուն ռազմական տարանջատումը եւ այդ մեծ անդունդը յառաջացաւ ճիշդ այն ժամանակ, երբ պատերազմէն յաղթական վերադարձած զօրավարները մտան քաղաքականութեան ծիրէն ներս: Մինչդեռ Արեւմուտքը, անցեալ դարու յիսուն-վաթսունական թուականներէն ռազմա-քաղացիական յարաբերութիւններու յստակ եւ լուրջ տեսութիւններ ստեղծած է եւ այդ տեսութիւններու հեղինակները կը նշեն, որ զօրավարները պէտք չէ զբաղին քաղաքականութեամբ, անոնք պէտք է զօրամասեր վերադառնան: Մեր ամենէն մեծ բացթողումը այն էր, որ ի դէմս Վազգէն Սարգսեանի (որուն ռազմական կենսագրութեան հետ կապուած, պատերազմի շրջանին, կան որոշակի անհարթութիւններ, անյաջողութիւններ), ան նորէն մտաւ քաղաքական դաշտ, իր հետ բնականաբար բերաւ բանակի բարձր հրամանատարական կազմը (Generalitat), որ պատերազմի ընթացքին որոշ դերակատարութիւն ունեցած է: Հոկտեմբերի 27-էն ետք այդ ձեւաչափը խեղուեցաւ, որովհետեւ անկէ յառաջացաւ զինուած «խմբաւորում»ը: Իրաւական պետութեան սահմաններէն ներս, եւ ընդհանրապէս պետութենէն ներս, զէնք բարձրացնելու իրաւունք բացառապէս պէտք է ունենայ իրաւապահ համակարգը. այդ մէկը պետութեան մենաշնորհն է: Պետութենէն ներս այլ զինուած խմբաւորումներու գոյութիւնը կը խօսի այդ պետութեան քաղաքական անթողունակութեան մասին: Պետութիւնը չի կրնար կառոյցներ ու հաստատութիւններ կերտել, որովհետեւ կան զինուած խմբաւորումներ, որոնցմէ մէկը նաեւ «Սասնա ծռեր»ն է: Եւ «ձախողած պետութիւններու համաշխարհային ախտանիշ»ը պէտք է փնտռել նաեւ այստեղ, ուր պետութիւնը չի կրնար հակակշռել ու հաւասարութիւնը պահել (control): Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կան այդպիսի բազմաթիւ օրինակներ, վերջերս Թուրքիոյ մէջ եղաւ (ի հարկէ, Թուրքիոյ պարագան քիչ մը այլ տարբերակով էր), Լիբանանի մէջ կ՚ըլլայ, ուր կը կազմուին քաղաքական զօրքեր (militia), ու մէկը միւսին դէմ կը պայքարի: Այստեղ հարց կը յառաջանայ, ինչո՞ւ «Երկրապահ»ին՝ այո, իսկ հաւասարապէս կռուող տղոց՝ ոչ: Եւ երբ մենք նայինք ովքե՞ր կը կազմեն «Սասնա ծռեր»ու հիմնական կորիզը, կը տեսնենք այն տղաքը, որոնք պատերազմին յաղթեցին, վերադարձան եւ ոչինչ ստացան: Խօսքը այստեղ անշուշտ, փառքի մասին չէ, մենք զգացմունքային դատողութիւններ պէտք չէ ընենք, պէտք է «ռէէլ վոլիթիք»ի սահմաններուն մէջ խօսինք:
Երրորդը՝ զերոյական արդիւնքով խաղն է, որուն մասին ըսի: Մեր բոլոր երեք իշխանութիւններն ալ աշխատանք տարած են այդ ուղղութեամբ: Ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ, ժողովրդավարութեան խաղի սահմաններուն մէջ, ուր բացառապէս բոլոր մասնակիցները կ՚ընտրեն խաղին այդ միակ օրէնքը (այս մէկը քաղաքագիտութեան մէջ դասական ճշմարտութիւն է), երբեք ու երբեք ընդդիմութիւնը 0.1 առ հարիւրով յառաջընթաց չէ ունեցած, բացառութեամբ մէկ երկու օրինագիծերու, որոնք սովորաբար քննարկուած են Ազգային ժողովէն ներս, մէկը կրնայ ըլլալ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաչափով «Էլեքթրիք Երեւան»ը: Բայց բոլոր տարիներուն (1991 թուականը բացառութիւն է, որովհետեւ այդտեղ համազգային բարեկրութիւնը՝ euphoria-ն էր մեծ դեր ունեցողը) 1996, 1998, 2003, 2008, 2013, իշխանութիւնները յաղթած են ջարդելով ընդդիմութիւնը: Այս մէկը, բնականաբար, պէտք է տար իր նստուածքը տարիներու ընթացքին: Եւ երբ ընդդիմութինը ոչինչ կը շահի այդ խաղէն, ամբողջ աւարը կը պատկանի իշխող եւ վերարտադրող բարձրախաւին, իսկ ընդդիմութիւնը կը մնայ ձեռնունայն, այս ամէնը պէտք էր ճեղքեր գոյացնէր: Այս անգամ ճեղքը ներկայացաւ զինուած խմբաւորման ձեւով:
Ինչ որ տեղի ունեցաւ, ես փորձած եմ ա՛յս տեսանկիւնէն դիտել, որովհետեւ պահի մը արդիւնքը չէր: Բան մը եւս կ՚ուզեմ աւելցնել «Սասնայ ծռեր»եուն հետ առընչուող: Յուլիս 17-ի երեկոյեան, մօտ ընկերային շրջանակի մը մէջ, զուտ մասնագիտական առումով արտայայտուեցայ ըսելով. «Այս դէպքին մէջ պէտք է յաղթէ պետութիւնը, պիտի պարտուի իշխանութիւնը»: Մեր մէջ այնքան թոյլ է քաղաքական մշակոյթը, որ մարդիկ սովորաբար կը նոյնացնեն իշխանութիւնը՝ պետութեան հետ: Ասոնք տարբեր հասկացութիւններ են: Պետութիւնը պիտի յաղթէ բոլոր պարագաներուն, որովհետեւ պետութեան մէջ, գլխաւոր կառոյցներէն՝ բանակէն եւ իրաւական համակարգէն բացի ոչ ոք, այդ կարգին նաեւ իշխանութեան հետ սերտօրէն աճած քրէական տարրերը, որոնք ունին իրենց խմբաւորումները, նաեւ «Սասնայ ծռեր»ը, զէնք բարձրացնելու իրաւունք չունին: Պետութիւնը պէտք է յաղթէր, բայց որպէս եզրակացութիւն՝ իշխանութիւնը պիտի պարտուէր: Ան պիտի տեսնէր կառավարութեան մակարդակով անցած ութ տարիներու բացթողումները՝ ծրագրային դրոյթներու չիրականանալէն մինչեւ արտաքին պարտքի կուտակումը, մինչեւ ներհամակարգային բարեփոխումները, մինչեւ արտաքին քաղաքականութեան հարցին մէջ որոշակի տապալումները կամ ձախողումները: Ան դասեր պէտք է քաղէր այս բոլորէն:
-Իսկ այդ դասերէն բան մը կը սորվի՞ն, թէ կեանքը նոյն ձեւով կը շարունակուի:
-Նկատի առնելով, որ այս տարի նախընտրական տարի է, ի վերջոյ իշխանութիւնը փոփոխութիւններու կարիք ունի, համենայնդէպս, քաղաքական գործնականութիւնը կ՚ենթադրէ, որ իշխանութիւնը դասեր պիտի քաղէ եւ գործադրելու համար արմատական լուրջ քայլերու պիտի դիմէ, ոչ միայն պայմանաւորուած «Սասնայ ծռեր»ու գործողութիւններուն կամ յառաջիկայ տարուան նախընտրական տարի մը ըլլալուն պատճառով անշուշտ, այլ անոր համար, որ բոլորը կը գիտակցին, թէ մենք խորտակուած նաւու մը մէջ ենք: Եւ այս մէկը, կը կարծեմ՝ որ չ՚ուշանար իրականանալու յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին:
-Իսկ ժողովուրդը յուսահատութիւն չապրեցա՞ւ, որ մեծ յոյսեր կապած էր այս խմբաւորման գործունէութեան հետ, չհիասթափեցա՞ւ ան սպասումները չիրականանալուն պատճառով:
-Թող կոպիտ չհնչէ, բայց բոլոր պետութիւններուն մէջ ալ, բոլոր հասարակութիւններուն ակնկալիքները միշտ մեծ են: Ես ունիմ բանաձեւ մը, որ այս ոչնչապաշտութենէն ազատագրուելու իմ բանաձեւն է եւ բազմիցս առաջարկած եմ զանազան իշխանական օղակներու մէջ գտնուող մարդոց, եւ ոչ մէկ աջակցութեան արժանացած է: Հայաստանի միակ, անփոխարինելի եւ անկրկնելի փրկութիւնը, ըստ իս, կրթական յեղափոխութիւնն է: Մեր ժողովուրդը անկիրթ է: Անտա՛շ: Տասնեօթ, տասնութ տարեկան երախան, քաղաքականապէս թերահաս (բնականաբար քաղաքացիական աշխուժութիւնը թերեւս զայն մղէ փողոց յայտնուելու, պահանջեր ներկայացնելու) շատ բան չի գիտեր քաղաքական գործընթացներու, աշխարհաքաղաքական այն իրողութեան մասին, որոնց մէջ յայտնուած է: Ան նոյնիսկ պատկերացում չունի իշխանութեան ներքին կառուցուածքին մասին, բայց ինքը կը պահանջէ աւելի լաւ ապրելակերպ մը: Մինչ եթէ ուրիշ տեսանկիւնէ դիտենք, 17-22 տարեկանը, որ տակաւին սորվելու շատ բան ունի եւ տակաւին ոչինչ տուած է, ի՞նչ կը պահանջէ: Լաւ է պահանջատէր ըլլալը, լաւ է բարեկեցիկ ապրիլ փափաքիլը, բայց այդ բոլորին հիմքը պէտք է ըլլայ գիտակրթականն ու դաստիարակչականը:
-Եւ բնականաբար, դպրոցներէն պէտք է սկսի այդ գիտացութեան ամրագրումը:
-Մանկապարտէզներէ՛ն: Եւ ըլլալով ծայրայեղական ազգ, ընդհանրապէս, մենք կը պահանջենք իրողութիւններէն աւելին: Մենք հիմա կը պահանջենք այն, ինչ որ անհնար է ընել մէկ օրուան ընթացքին: Այնպէս ինչպէս է պիզնըսի դաշտին մէջ, ուր մենք չունինք ներդրողի հասկացողութիւնը, մենք ունինք առեւտրականի հասկացողութիւնը: Մենք հարիւր հազար տոլար ներդրում կ՚ընենք գործի մը մէջ, ակնկալելով, որ մէկ տարի յետոյ կրկնակին վաստկինք: Իսկ ներդրումի հասկացողութիւնը կ՚ենթադրէ, որ այդ շահոյթը տասնամեակի մը ընթացքին վերադառնայ: Նոյնն ալ քաղաքական դաշտին մէջ է՝ մենք կ՚ուզենք ամէն ինչ կախարդական փայտիկով շուտով իրականանայ, որ անկարելի է: Թող բոլորը մոռնան՝ անձեր փոխելով Հայաստանի մէջ ոչինչ կը փոխուի, բացարձակապէս: Մեր համակարգերը ներսէն փտած են: Երբ կը խօսուի համակարգային փոփոխութեան մասին, առաջին հերթին խօսքը կ՚ընթանայ քաղաքական մշակոյթի արմատաւորման մասին, որուն հիմքը գիտութիւնն է, կրթութիւնը, ինչ որ մենք չունինք: Կամ ունինք, բայց թոյլ է: Այդ ինչպէ՞ս կը ստացուի, որ մեր հայրենակիցները դուրսը՝ արտասահման, շշմեցուցիչ ու սքանչելի յաջողութիւններու կը հասնին, իսկ մեր երկրին մէջ՝ ոչ: Պատասխանը պէտք է այստեղ փնտռել: Մենք պէտք է այդ ներդրումը կատարենք, այո՛, գուցէ մեր արտաքին պարտքը աւելնայ տասը միլիառով, բայց այդ միակ ոլորտն է, ուր պէտք է ներդրում կատարուի եւ որուն արդիւնքը մենք տասը-տասնհինգ տարի յետոյ կը տեսնենք: Կրթական յեղափոխութիւն, ահա միակ ճանապարհը:
-Բայց տարիներ շարունակ բոլորը խօսած են այդ մասին եւ բոլորը կը գիտակցին, որ այդ է միակ ճանապարհը: Ինչո՞ւ առ այսօր չէ կատարուած:
-Չե՞ն գիտակցիր իշխանութիւնները: Կը գիտակցին, բայց ինծի կը թուի, թէ հոն արմատական լուրջ փոփոխութիւններու կարիք կայ, որոնց պատասխանատուութիւնը տակաւին ոչ ոք կը վերցնէ իր վրայ: Նկատի առնելով բազմաթիւ գործօններ, կը կարծեմ, որ Հայաստանի կրթական համակարգը կորսնցուցած է ազգային դիմագիծը: Ես եղած եմ այդ դաշտին մէջ, ծանօթ եմ, մենք կը փորձենք զանազան գործընթացներու մէջ մտնել, մենք կը փորձենք տարբեր կրթական ճանապարհներ՝ Պոլոնիայի գործընթաց, հին սովետական... այդպէս ալ մենք չկրցանք ստեղծել մերը, ազգայինը: Մեր կրթութիւնը անպայման պէտք է ունենայ ազգային յենարան, նկատի առնէ ազգային աւանդոյթները, եւ այս մէկը նորութիւն մը չէ: Խորենացիի «Ողբ»էն սկսեալ մենք անընդհատ նոյն շրջապտոյտին մէջն ենք: Եւ եթէ չկարենանք իրականացնել այդ յեղափոխութիւնը, չենք կրնար ո՛չ շուկան կարգաւորել, ո՛չ ալ ընկերա-տնտեսական քաղաքականութիւն վարել: Մենք կիրթ հասարակութիւն մը պէտք է կազմենք, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ բոլորը բարձրագոյն ուսման շրջանաւարտներ պէտք է ըլլան: Ո՞վ ըսաւ, որ ամէն մարդ համալսարան պէտք է աւարտէ: Ընկերային անհաւասարութիւնը առաջին հերթին այդտեղէն կը սկսի: Մենք չունինք միջին մասնագիտական օղակ: Այդ մէ՛կը պէտք է զարգացնել: Կրթական յեղափոխութիւնը շատ բարդ գործընթաց է, որ ըստ իս, տեղի պէտք է ունենայ, ամբողջ աշխարհի հայութեան գիտական վերնախաւի ներուժը համախմբելով: Շատ ցաւոտ պիտի ըլլայ, բայց այդ քայլին պիտի դիմենք, եթէ բնականոն պետութիւն դառնալ կ՚ուզենք: Այստեղ հաշուի առնելով մեր աշխարհաքաղաքական իրողութիւնը, ցոյցերով ոչ մէկ յեղափոխութիւն տեղի կ՚ունենայ:
-Իսկ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններու առթիւ ի՞նչ էր Սփիւռքի հակազդեցութիւնը: Ինչո՞ւ անտարբեր գտնուեցաւ Սփիւռքը եւ իր դիրքորոշումները չյայտնեց՝ դատապարտումի կամ ողջունելու:
-Հեռուէն խօսիլը դիւրին է: Սփիւռքին ի՞նչ, Սփիւռքը կրնայ ըսել կը դատապարտենք, կը փափաքինք, ոչ աւելին: Հայաստանի հանրապետութեան ոչ քաղաքացիի կողմէ որեւէ միջամտութիւն, որո՛ւ կողմէն ալ ըլլալ, ինծի համար անընդունելի է, եթէ խօսքը կը վերաբերի անմիջական գործողութիւններուն: Դուն պիտի ըլլաս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, ունենաս այդ իրաւունքը եւ պարտականութինը՝ այդ ամէն ինչը ընելու: Թող գան վճարեն հարկերը, ծառայեն Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ոյոժերուն մէջ, թող իրենց պարտականութիւնները կատարեն այստեղ, թող առըչնուին մեր դատական համակարգին, մեր իրաւապահ համակարգին հետ, ընկերային անարդարութեան հետ եւ ճշգրիտ գործողութիւններուն մասնակցին: Անշուշտ, բոլորը մեր հայրենակիցներն են, բոլորը տեղ ունին ինծի համար, բայց մեր հայրենակիցները զգացական հողին վրայ պէտք չէ հայրենիք կերտեն: Եւ առհասարակ, եթէ կ՚ուզէք, հայրենիքը վերացական հասկացողութիւն է: Ինծի համար գոյութիւն ունի պետութեան եւ պետականութեան գաղափարը: Ընդունելի է ան, որ մեծ-մեծ հաշիւներով կը նպաստէ պետականութեան զարգացման:
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Աբրահամ Գասպարեան ծնած է 1981 թուականի Մայիսի 10-ին, Հալէպ, Սուրիա։
1987-1992 թուականներուն ուսանած է Հալէպի ազգային Հայկազեան վարժարանը, 1993-1999 թուականներուն՝ «Քարէն Եփփէ» ազգային ճեմարանը։ 1999-2006 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի քաղաքագիտութեան ճիւղին մէջ, 2006-2009 թուականներուն՝ նոյն ամպիոնի ասպիրանտուրայի մէջ։
2003-2007 թուականներուն աշխատած է «Նոյան Տապան» լրատուական գործակալութեան մէջ՝ որպէս արեւմտահայերէն լուրերու թողարկող-խմբագիր, ապա՝ անգլերէն լուրերու թարգմանիչ, խմբագիր, վերլուծաբան։ 2005 թուականին աշխատած է Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի «ԼՍ» երիտասարդական ծրագրի մէջ՝ որպէս քաղաքական լրագրող։ 2009 թուականին աշխատած է «Անկախ» շաբաթաթերթի մէջ՝ որպէս քաղաքական վերլուծաբան։ 2007 թուականէն մինչ այսօր կը պաշտօնավարէ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան «Առաջին» լրատուական ծառայութենէն ներս՝ որպէս մեկնաբան, խմբագիր, լրագրող։
2009 թուականէն ի վեր կը դասաւանդէ Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս: 2010 թուականին ստացած է Քաղաքական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան։
Ամուսնացած է լրագրող Արփի Յարութիւնեանի հետ, ունի մէկ որդի:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ