ԺԱՔ ՏԵՐԻՏԱ՝ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ (Բ.)

Տերիտայի յօդուածները յայտնի են յոգնեցուցիչ եւ ծանր ըլլալով, լի են մէջբերումներով եւ անհասկնալի եզրաբանութիւններով։ Այնուամենայնիւ, սեփական յարաբերութիւններու մասին իր մտածումները իր գրութիւնները կը դարձնեն աւելի յոռետեսական։ «Բարեկամութեան քաղաքականութիւնը» հատորը ընթերցողը կը ստիպէ անիծուած զգալ։ Տերիտա կը պնդէ, թէ բարեկամութիւնը մեզմէ կը պահանջէ անընդհատ մտածել, թէ արդեօք կրնան՞ք օր մը ոգեկոչել մեր ընկերները։ Ան իր այս պնդումը կը յիշեցնէ 2001 թուականին «Սգոյ գործը» գիրքին մէջ, որու ներքեւ հաւաքած է մահացած ընկերներուն նուիրած իր յարգանքի, գնահատանքի գրութիւնները եւ նամակները։ Այս կարճ գրութիւններով Տերիտա կը բացայայտէ, որ ուրիշներու գաղափարներու հետ կապը կրնայ ըլլալ բարեկամութեան վերջնական արտայայտումը։ Ան նաեւ ձգտած է պարզել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ խորապէս կապուիլ այլ մարդու մը հետ։ Տերիտայի գրութիւնները կը կեդրոնանան վերապրածի եւ անոր վիշտերու վրայ։

Ընկերային ցանցերու, հաղորդակցութեան եւ փոխանակման անկայուն եւ շարունակ բազմացող ուղիներու դարաշրջանին բարեկամութեան գաղափարը կը թուի կա՛մ հետաքրքրական կամ ալ ծայրայեղ վտանգաւոր։ Բազմաթիւ անկայուն յարաբերութիւններու պայմաններու ներքեւ մարդիկ աւելի կոշտ տրամաբանութեան համեմատ դասակարգելը կը դառնայ աւելի գերիշխող՝ քան երբեք։

«Բարեկամութեան քաղաքականութիւնը», ինչպէս կ՚ենթադրուի անունէն, նոյնպէս համահունչ է Տերիտայի ստեղծագործութեան այսպէս կոչուած քաղաքական վերափոխման: Ի վերջոյ, սա գիրք մըն է, որ կը պատմէ մեր ընկերային կապերու եւ հաւաքական ապագայ պատկերացնելու կարողութեան մասին։ Տերիտան ըսած է. «Բարեկամութիւնը սիրելու համար բաւարար չէ ուրիշի վշտակից ըլլալը, անհրաժեշտ է սիրել նաեւ ապագան»:

Թերեւս բարեկամութիւնը կրնայ առաջարկել քաղաքականութեան այլ մոտել մը, կամ տեսակէտ, թէ ինչի կրնայ վերածուիլ քաղաքականութիւնը: Որպէս ընկերներ՝ մենք կամաւոր կ՚աշխատինք իրարու համար եւ կը պահենք մեր գաղտնիքները: Թերեւս բարեկամութիւնն է, որ առաջին հերթին հնարաւոր դարձուց քաղաքականութիւնը, որովհետեւ ինչպէ՞ս կրնանք հասկանալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մէկը «թշնամի» անուանել:

Գիրքի վերջաւորութեան Տերիտա կը պնդէ, որ առանց թշնամիի աշխարհի մը մէջ այն ինչ, որ մենք կ՚անուանենք քաղաքականութիւն, կը կորսնցնէ իր սահմաններն ու նպատակները անկախ ամէն ինչէ։ «Ժողովրդավարութիւնը դեռ կու գայ եւ, հաւանաբար, երբեք ամբողջութեամբ պիտի չգայ», կ՚ըսէ Տերիտա։ Ան նաեւ յուսադրուած էր, թէ բարեկամութեան աւելի արմատացած եւ արդար ձեւը կրնայ առաջարկել նոր տեսակի «ազատութեան եւ հաւասարութեան» փորձառութիւն մը։

Ի վերջոյ, ան իր խօսքերը կ՚աւարտէ Արիստոտելի վերագրուող արտայայտութիւնը փոխելով՝ «իմ ժողովրդավար ընկերներ»։

Բարեկամութիւնը քաղաքական համատեսքին մէջ յանուն ժողովրդավարութեան քննարկելու ժամանակ Տերիտա նաեւ ընդգծած է յարաբերութիւններու բանաստեղծական կողմը։ Ան իր ընթերցողները կը հրաւիրէ դիտարկել բարեկամութիւնը, որ կը գերազանցէ պատմական, մշակութային կամ կրօնական հիմքերը, ինչպէս նաեւ անհամաչափութիւնը, որ էական է բոլոր յարաբերութիւններու համար։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•վերջ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2022