«ԵՍ ՈՐԲ ԸԼԼԱԼ ՉԵՄ ՍԻՐԵՐ» 120-ԱՄԵԱԿ ԳՐՈՂ ԵՒ ԵՐԱԺԻՇՏ ՅԱԿՈԲ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ
120-ամեակն է հայ գրականութեան, հրապարակախօսութեան ուշագրաւ դէմքերէն մէկուն՝ Յակոբ Ասատուրեանին, որ յայտնի էր նաեւ իբրեւ երաժիշտ ու երաժշտագէտ: Յակոբ Ասատուրեան, անցեալ դարու սկզբին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուելէ ետք առաջին տարիներուն հանդէս եկած է իբրեւ երգիչ՝ կատարելով Կոմիտասի, Ռոմանոս Մելիքեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Ալան Յովհաննէսի մշակած ժողովրդական ստեղծագործութիւնները, որոնք 1947 թուականին Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուած են ձայնապնակներով՝ կրելով «Հայ երգ» անունը: Հնագոյն այդ ձայնապնակներու բնօրինակները կը պահուին ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի գրադարանը: Ատոր հետ միասին բերած է իր մեծ աւանդը հայ գրականութեան:
Յակոբ Ասատուրեան 1903 թուականին ծնած է Կապադովկիայի Զոմախլու գիւղին մէջ, ուր յաճախած է Խրիմեան վաժարանը: Հազիւ պատանեկան տարիքը թեւակոխած, ստիպուած բռնած է գաղթի ճանապարհը. ճանապարհին կորսնցուցած է մայրն ու քոյրերը: Անապատէն փախստական խումբի մը միանալով՝ 1918 թուականին ապաստանած է Երուսաղէմ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) որբանոցը: 1920 թուականին Յակոբ Ասատուրեան կը հաստատուի Նիւ Եորք: 1921-1927 թուականներուն, հետեւելէ ետք Նիւ Եորքի երկրորդական վարժարաններու գիշերային դասընթացքներուն՝ 1928 թուականին կը սկսի յաճախել Քոլումպիա համալսարանը, սակայն 1929 թուականի ամերիկեան տնտեսական խոշոր տագնապը մասնագիտական ուսման բոլոր կարելիութիւններէն կը զրկէ զինք։ Այդ թուականէն ետք իր ամէնօրեայ մտերիմները կ՚ըլլան հայ գիրքն ու հայ թերթերը՝ որոնք անհագօրէն կը կարդայ հանրային գրադարաններուն մէջ: Ինք նոյնպէս կը սկսի ստեղծագործել եւ 1923 թուականին կը հրատարակէ առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Հայաստանի Կոչնակ» շաբաթաթերթին մէջ։ 1936 թուականէն սկսեալ աշխատակցած է «Նոր Գիր» գրական հանդէսին՝ քերթողական ու արձակ էջերով, գրախօսական-վերլուծական տեսութիւններով եւ երաժշտութեան նուիրուած ակնարկներով։ Խմբագրութիւնը զինք կը ներկայացնէր գրող, որ նաեւ երգիչ է: Իր գրութիւնները տպագրած է ինչպէս ամբողջական անուն-մականունով, այնպէս ալ՝ Յ. Յ. Ա., Մաժակցի ծածկանուններով:
1946 թուականին հրատարակած է բանաստեղծութիւններու անդրանիկ հատորը՝ «Անդաստան» խորագրով:
1962 թուականին հրատարակած է «Կոմիտաս Վարդապետ եւ հայ երգը» ուսումնասիրութիւնը: Անոր «Յովակիմի թոռները» «Յովակիմի թոռնորդիները», «Տօ, լա՜ճ տնաւեր» վէպերը սփիւռքահայ արձակի նուաճումներէն են։ Գրած է նաեւ «Ո՞ւր, Վահրամ», «Սերունդները մխացող», «Վերջալոյսի յոյզեր» եւ այլ խորագրով գիրքեր:
«Յովակիմի թոռները» վէպը 1974 թուականին վերահրատարակուած է Հայաստանի մէջ:
Գրած է «Քարի եւ հողի պատմութիւն»ը, իսկ 1978 թուականին՝ «Հարիւրամեակ. հանդիպումները, յուշեր» խորագրուած հատորը, Կոմիտասի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով:
Յակոբ Ասատուրեան մահացած է իր դարադարձէն ամիսներ յետոյ, ԱՄՆ-ի մէջ: 100-ամեակը տօնուած է իր ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ ամերիկահայ մտաւորականներու:
«Ես որբ ըլլալ չեմ սիրեր» գրութիւնը կը թուայնացնենք 1947 թուականի «Նոր գիր»ի էջերէն եւ գրողի 120-ամեակին առթիւ կը ներկայացնենք ի յիշատակ: Որբութեան, պատերազմներու, գաղթի նիւթը այսօր ալ արդիական է: Գրողը նկարագրած է Երուսաղէմի մէջ որբանոց դրուելու իր պատմութիւնը:
ԵՍ ՈՐԲ ԸԼԼԱԼ ՉԵՄ ՍԻՐԵՐ
Սեպտեմբերի աշխոյժ առաւօտ մըն է, միջեղանակային քիչ մը երկմտի օր՝ աշուն եւ ձմեռ բուրող:
Օրերու տաժանելի ճամբորդութենէն ետք, անապատէն դէպի Մեռեալ ծով եւ անկից դէպի արեւմուտք, վերջապէս, Բեթղեհէմի վրայով, եւ նոր յոյսերով, փախստական մեր փոքրիկ կարաւանը Սուրբ Քաղաքէն ներս կը մտնէ եւ կ՚առաջնորդուի ուղղակի Սուրբ Յակոբայ վանքը, կարծես երկնային աստղերու միջնորդութեամբ:
Վանքին պարիսպէն ներս խառնիճաղանճ ամբոխ մը կայ գաղթական, անապատի զանազան կողմերէն դէպի հոս թափող, մղձաւանջի մէջէն քալող մարդոց նման անօրինակ ու լուռ փնտռտուքի մը մէջ ինկած ամբոխ, ուր՝ ունեցո՛ղն ալ կը փնտռէ չունեցո՛ղն ալ: Կը փնտռեն մայր, քոյր, դրացի եւ համաքաղաքացի. կը փնտռեն ո՛րեւէ բան: Երբեմն կը գտնեն փնտռածնին, եւ արցունքներու մէջ իրարու գիրկ իյնալով անլի ոչխարներու պէս զիրար կը լիզեն կարօտով, իսկ ընդհանրապէս չեն գտներ...
Պատերազմը, Ալէմպիի բանակին հետ, Դամասկոսի հին ու պատմական ճամբաները բռնած, անցեր էր այս հողերէն դէպի Արարա եւ դեռ անդին: Պատերազմի հետքէն, հողերու ընդերքէն եւ անապատի մոռցուած ու կոտորակուած անկիւններէն, դեռ վրանին քիչ մը շունչ ունեցող հայ խլեակներ հերթով դուրս աշխարհ եկեր էին, ճրագի լոյսին վազող թիթեռներու բնազդին անձնատուր:
Ու որբե՜ր, որբեր. գաղթականի ճմռթկուած, մարդկային մատաղատի կոտրտուքներ, որ զանազան խորշերէ դէպի Երուսաղէմի աւետեաց երկիրը կ՚իյնային՝ անապատի անհատնում լացը հոս պատառ մը հացի եւ փշուր մը գութի հետ փոխանակելու յոյսով:
Ու Բարեգործականը, իր ընդհանրական թեւերը լայն բացած, ներս կ՚առնէր բոլորն ալ, անխտիր, մեծին՝ գաղթակայանի եւ պզտիկին՝ որբանոցի դռները լայն բանալով:
Ահա թէ ինչո՛ւ սովորաբար խաղաղ Ժառանգաւորաց վարժարանը այժմ մինչեւ բերան լեցուն էր ուլ ու գառներու մայիւնով:
Եւ ամէն օր, մրջիւններու դանդաղութեամբն ու համբերութեամբը, եւ կարծես երկար զնտանէն դէպի դուրս թափթփող մարդոց զարմացումով ու կորսուածութեամբ՝ ամէն օր նոր նոր խումբեր կու գան կը տարածուին Վանքին բակն ի վար: Ու կը փնտռեն, կը հարցնեն եւ զարմանալէն կը զարմանան երբ կը տեսնեն խումբին մէջ մի քանի հայեր որ շնորհքով հագուստ եւ գլխարկ ունին, որ բացառաբար գաղթական չեն եղած, որ Եգիպտոս ըսուած հեռաւոր արքայութենէ մը հոս եկած՝ նստած են աթոռի վրայ, փայտէ սեղաններու առաջ՝ իրենց անունն ու մականունը հարցնելու, իրենցմով հետաքրքրուելու եւ թերեւս իրենց ցաւին դարման գտնելու... զարմանալով կը զարմանան, որ ասանկ հայեր մնացած ըլլային, գաղթական չեղած՝ մարդո՛ւ պէս մարդավարի հայեր...
Ու կարգով, ահա այս «մարդավարի» հայերը կ՚արձանագրեն բոլորը. անուն, մականուն, տարիք եւ այլն:
Եւ անոնցմէ մին կը հարցնէ ինծի.
-Մէկը ունի՞ս, տղաս:
-Ո՛չ, կ՚ըսեմ խոցուած, եւ երեք տարիէ ի վեր առաջին անգամն ըլլալով կ՚անդրադառնամ որբ ըլլալու համգամանքիս:
-Ո՞ւր են ծնողքդ կամ պարագաներդ:
Գլուխս կը խոնարհի ակամայ, եւ չեմ պատասխաներ: Մեր ամբողջ ընտանիքէն մնացածը ինծի միայն մեծ քոյրս Աղաւնին էր. վերջին կողոպուտի գիշերը բնազդօրէն թուփերու մէջ ցատկել պահուըտելով՝ կողոպուտէ զերծ մնալու համար ա՛ն ալ կորսնցուցեր էի՝ ձորն ի վար քշուող ողորմելի խումբին հետ: Եւ հիմա չեմ գիտեր ինչ բախտ վիճակուեցաւ իրեն:
-Այն ատեն,- կ՚ըսէ պաշտօնեան մեղմիւ,- քեզ կը տեղաւորենք Բարեգործականի որբանոցը:
-Չէ՛, պարոն «բարեգործական»,- կ՚ըսեմ յանկարծ, ցնցուած, եւ աչքերս քիչ մը պղտոր, ես որբ ըլլալ չեմ սիրեր...
Տխուր ժպիտ մը, իր մէջ հոգիի ներքին ողբերգութիւնը պարտկող, ցաւագին ժպի՛տ մը կը բուսնի մարդուն դէմքին, եւ աչքերը թուղթէն առանց վեր առնելու կ՚ըսէ.
-Հապա՛, տղաս ոչ ոք կը սիրէ որբ ըլլալ... Դուն որբ չես, միայն թէ ծնողքդ կորսնցուցած՝ առանձին ես երկրի վրայ, եւ մենք կ՚ուզենք քեզի բարեկամ ու տարեկից տղոց հետ քովէ քով բերել:
-Բայց ես որբանոց մտնել չե՛մ ուզեր, ես կրնամ գործել... կը պնդեմ դեռ:
-Դուն գիտես, տղաս,- կ՚ըսէ Պր. «բարեգործական»ը կարեկցաբար,- տարիքիդ ու տղայութեանդ մեղք է, որբանոց ըսածնիս գիշերօթիկ դպրոց է միայն. ցորեկը՝ դպրոց, գիշերը՝ օթեւան, եւ ազգը հոն բոլորին ծնո՛ղք... Դուն գիտես, տղաս, գնա եւ խորհէ: Եւ եթէ միտքդ փոխես՝ մենք դեռ հոս ենք:
Արաբիոյ խորերէն փախստական՝ եւ իբր թէ բախտաւո՜ր, պատերազմի դուրսի գծէն դաշնակիցներու «ներսի» գիծը իյնալուս՝ ես մտադիր էի, Երուսաղէմի եօթանասուն ազգերու շարքին, իմ բախտը անապատի արեւէն եփած իմ ձեռքով շինել: Մեր պապերը դարերով այս սուրբ քաղաքը եկեր էին զանազան ուխտերով: Ես ալ, 13 տարեկան մարդ, ուխտ ըրի «բան» մը ընել իմ միջոցներովս: Չէ՞ որ լման երեք տարի խոտէն ու խիճէն ապրուստ ճարեցի, անապատի ժլատ ծոցէն: Հիմա ալ պիտի «բան» մը ընէի: Բայց ի՞նչ:
Եւ ահա, ո՛ւսկից ո՛ւր, մտքիս առջեւ կը պատկերանայ, դեռ տարի մը առաջ, առեւտուրի ասպարէզին մէջ իմ նախամուտը իբր չոր թուզի «վաճառական»: Ընկերս Մակա՛րն էր, ինձմէ տարի մը երկուք մեծ: Ու առաջին խանութը զոր ունեցանք Թֆիլէի մէջ, շուկայի բանուկ պողոտային մէկ անկիւնն էր, բաց երկնքին տակ, երեքով չորս քառակուսի հողի մը վրայ: Երկուքիս դրամագլուխը, քով քովի բերած, գներ էինք ուլի մորթին անկիւնը, բազմոցի տեղ ծառայող կտոր մը քուրջին առաջ, մեծ հաւատքով ու յաւակնութեամբ եւ իրարու հետ մրցող մանկական զիլ ձայներով փոխն ի փոխ ձայն կուտայինք փողոցէն անցնող դարձող հայուն ու արաբին.
-Թի՜ն, հա՛լուի... ընտիր չոր-թո՜ւզ:
Անցնող տարիքաւոր արաբներ, երբեմն երբեմն, աղմուկէն, գլուխ ու մօրուք մեր կողմ դարձուցած, քմծիծաղով մը քթի տակով կը մրթմրթային.
-Եա խարապ պէյթէ՜ք... վայ տուներնի՜դ քանդուի:
Եւ որովհետեւ մեր տուները արդէն վաղուց քանդուեր էին՝ առանց ուրեմն ըսուածներուն ուշ տալու, կրկնակի աշխուժով ու ախորժով՝ կը ձայնենք միաբերան.
-Թի՜ն, հալուի...
Այսպէս օրերը կը սահին հերթով, սակայն քսակի շա՜տ քի՛չ պարանոցներ կը քակուին մեր խանութիւն առաջ, եւ գրեթէ գնորդ չենք ունենար, բացի կարգ մը առհասարակ չար լակոտներէ՝ որոնց գրպանը միշտ ալ ծակ էր:
-Կուտտա՜յն...
-Եա՛ խարապ պէյթէք, ինաալ ապո՛ւք...
Մեզ պարզապէս մարդու տեղ չէին դներ, այդ մենք դիտեցինք: Եւ այս անհրապոյր ընդունելութենէն քիչ մը սրտմտած, սկսանք մեր երկուքս դառնալ մեր «խանութ»ին լաւագոյն յաճախորդները: Մակարն ու ես, եւ իրարու բացակայութեանը, առանձին առանձին մի քանի օրուան մէջ ուտել լրացնելով թուզը՝ գրեթէ կը լրանանք նաեւ մե՛նք՝ առանձին առանձին դաժան փորհարութեան մը անելին մէջ ինկած...
Ուրեմն, գուցէ այս փորձառութեան վրայ յենած, ես կրկին «բան» մը ընելու որոճման մէջ էի, երբ յանկարծ անողոք հարցումը մտքիս մէջ կը թնկճուի տակաւ:
Բայց ի՞նչ պիտի ընես, Յակո՛բ, հարց կու տամ ես ինծի, գիշեր մը Վանքին պարիսպէն դուրս մնալ մտմտալէն ետք: Հոս արաբական ովասիսներուն փորձուած խոտերն իսկ չկան որ անկախ ապրելակերպի մը ուժ տան: Մարդոց ծովուն մէջ հոս տէր-տիրական չունիս. եւ մինչ ամէն թռչուն իր բոյնը գտաւ՝ դո՞ւն ես որ տղու անզօր հպարտութեանդ սպասարկու պիտի մնաս... Այս որբանոցը տարբեր որբանոց է, Յակոբ, հոս ազգին տո՛ւնն է եւ մէջինները ազգին գառնե՛րը բոլոր, բոլորն ալ քեզի պէս հպարտ՝ բայց ընդունիս կամ ոչ՝ որբացա՜ծ... «որբանոց ըսածնիս գիշերօթիկ դպրոց է միայն...»: Եւ յետոյ՝ ո՞վ եւ ի՞նչ ունիս որ, Յակոբ, եւ այս օրերը արդէն բաւական մը արտասովոր ու սեւ օրե՜ր են մեր ամբողջ ժողովուրդին համար իսկ:
Գիշերը գաղթակայանը անցընելէ ետք առտուն մութնուլուսուն գաղթակայանի անհաղորդ լաբիւրինդոսէն ազատած, քաղաքին ծուռ ու նեղ փողոցներէն ճամբայ կ՚ելլեմ դէպի Սուրբ Յակոբ: Քիչ յետոյ, ահա Վանքին բակն եմ, երէկուան փնտռտուքը շարունակող ուրիշ ամբոխի մը կեդրոնը: Հոն է կրկին, երէկուան անձանագրող բարի անձնաւորութիւնը: Վարանումով մը քսուըրտելով, եւ պարտուած հպարտութեանս ներքին արցունքը կլլելէն, յանցաւորի մը պէս կը սպասեմ իր ակնարկին իմ կողմս դառնալուն: Ան անմիջապէս կը ճանչնայ զիս ու կը բարեւէ հանդարտ, քաջալերուած՝ կ՚ըսեմ.
-Պարոն «բարեգործական». ուզած ատենս որբանոցէն դուրս կրնա՞մ ելլել եթէ շուտով ճար մը գտնուի. ես ուրիշին բեռ ըլլալ չեմ ուզեր. ես կրնա՛մ գործել...
-Հապա, տղաս, անշո՛ւշտ,- կը պատասխանէ ան նոյն բարի եւ կարեկից նայուածքով, տխուր ժպիտով մը չափելով հարցումիս խորունկ ողբերգութիւնը: Եթէ համոզուինք որ հոգատար մէկը ունեցար եւ կամ ալ ինքնավար դարձեր ես՝ անշուշտ ազատ կ՚ըլլաս ուզած ատենդ մեկնելու, մեր ալ ջանքը արդէն այդ է...
-Գիտե՞ս, պարոն, ես գաղթական ըլլալէ առաջ չորս... թուաբանութիւն գիտէի... (չորս գործողութիւն միտքս չի գար այդ պահուն.) ինծի...
-Հա՛, տղաս, կ՚ընդմիջէ անիկա, կռահելով տղու հարցումիս տուն տուող մտահոգութիւնը, ատոր համար ապահով եղիր, քեզ բարձր կարգին մէջ դնել կու տանք:
Որբանոցէն ներս առաջին օրը առանձնարան մը կը դնեն զիս: Հոս է որ գաղթական կեանքիս գէթ ֆիզիքական փոշիները պիտի լուացուին ոտքերէս: Եւ ատիկա ընելու համար պէտք կ՚ըլլար կրակին ամենազօր մաքրութեան ու մաքրագործութեան յանձնել ո՛չ միայն հագուստեղէնս (կամ ինչ որ հագուստի կը նմանէր), այլ մինչեւ իսկ գլխուս մազերն ու մակաբոյծները թաքուն՝ ածելիի եւ օճառի խաղերէն ետք...
Իրիկուան դէմ Ժառանգաւորացի երազային սանդուխներէն դէպի երկրորդ յարկի ննջասենեակները կ՚ուղղուինք շարքով ու երգով, եւ կը մտնենք հլու գառներու պէս մեր «գոմ»երէն ներս: Եւ կարգով շարուած անկողիններու եւ սաւաններու ճերմակ հրաւէրին դէմ, ահա կը ճռուողենք միաբերան.
Հրեշտակ զուարթուն հզօր պահապան մեր,
Որ զտիւն ողջոյն զմեզ խնամեցեր...
Անապատի մայրերը բոլոր ականջ կ՚ըլլան անմեղ ու երջանիկ հոգիներէ փրթող այս երգերու ձայնին, եւ խնկաբոյր ու աղօթկեր Ժառանգաւորացը իր իմաստուն ճակատը մագաղաթէն վեր վերցնելով իր քարաշէն կուրծքը կ՚ուռեցնէ, խլեակներէ վեր-յառնող սերունդի մը դարերու երկունքին խլրտումովը յուզուած:
Ու կը պառկինք քով քովի, կարգով:
Մինչ ես կը ջանամ, քնաթաթախ, երէկի անորոշ ու անկերպարան գիծերը այս օրին հետ զուգորդել եւ վաղուան համար ալ ես ինծի երաշխաւոր ըլլալ եւ հաւաստիացնել որ որբանոցէն ներս իմ մուտքը ժամանակաւոր է միայն՝ սպիտակ սաւանի եւ կակուղ անկողնի անմղձաւանջ երազը սակայն շուտով իր արծաթէ ուռկանը կը նետէ շուրջս եւ հպարտ գլուխս իր թեւերուն վրայ կ՚առնէ: Ու կը քնանամ, կը քնանա՛նք բոլո՛րս ալ, պատանեկան յոգնած ու տառապազերծ խո՜ր քունով:
Ատեն մը ետք, գիշերապահ «մայրիկ»ի մը թեթեւ ոտքերուն անցնիլը կը զգամ անկողիններու արանքէն: Մէկիկ մէկիկ ան կը քննէ փոքրիկ մարդոց դիրքը եւ, խանդաղատանքով ծռելով, երբեմն տղոց վերմակը վզին տակ կու տայ: Ու կը մարէ, հերթով կը մարէ ճրագները եւ կ՚անցնի յաջորդ ննջասրահ, ուրիշ տղոց վերմակները վզին տակ սեղմելու, եւ հողին տակի ուրիշ մայրերու օրհնէքին արժանանալու:
Ժառանգաւորացի իմաստուն ճակատը տխրանոյշ ժպիտով մը կրկին կը հակի մագաղաթին վրայ, եւ Եղեռնի խլեակներէն վերյառնող հպարտ սերունդի մը յոյսի տոմարի մէկ էջին վրայ, լոյսի թռչնագիր տառերով կ՚արձանագրէ ցեղին անկորնչելի հաւատքը ապագային համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024