Ամենափոքր 3 Տարածութեամբ (3 Տի.) Քամերան Ուղեղի Վիրահատութեան Նորարութիւն Կը Բերէ

Ու­ղե­ղը վի­րա­հա­տե­լու հա­մար բժիշկ­նե­րը կա­րի­քը ու­նին տես­նե­լու նուրբ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ՝ փոքր ծա­ւա­լով: Փոքր քա­մե­րա մը կրնայ ու­ղե­ղին մէ­ջէն առ­նել 3 տա­րա­ծու­թեամբ (3 տի.) նկար­ներ, ո­րոնք վի­րա­բոյժ­նե­րուն թոյլ կու տան տես­նել բար­դու­թիւն­նե­րը, ինչ որ կը մղէ ա­ւե­լի ա­րագ, ա­պա­հով քայ­լե­րու դի­մե­լու:

Այս­պի­սի քա­մե­րա­յով նե­րա­դի­տակ մը կը պատ­րաս­տուի ՆԱ­ՍԱ-ի Փա­սա­տի­նա­յի «Ճէթ Փրո­փալ­ժըն» աշ­խա­տա­նո­ցին մէջ: ՄԱՐ­ՎԵԼ(Marvel=Multi Angle Rear Viewing Endoscopic tool) ստա­ցաւ Ակ­նա­ռու ար­հես­տա­գի­տու­թեան զար­գաց­ման մրցա­նա­կը Ֆե­տե­րալ Լա­պո­րա­թուար Քոն­սոր­սիու­մէն: Նե­րա­դի­տա­կը գոր­ծիք մըն է, որ կը քննէ մարդ­կա­յին մար­մի­նին մէ­ջէն:

«Աշ­խար­հի ա­մե­նա­փոքր 3 տա­րա­ծու­թեամբ (3 տի.) քա­մե­րա­նե­րէն մէ­կուն մի­ջո­ցով ՄԱՐ­ՎԵԼ պատ­րաս­տուած է նուա­զա­գոյն մի­ջամ­տու­թեամբ ու­ղե­ղի վի­րա­հա­տու­թեան հա­մար», ը­սաւ Հա­րիշ Մա­նո­հա­րա, որ գլխա­ւոր քննիչ է այս նա­խա­գի­ծին: Մա­նո­հա­րա կ՚աշ­խա­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ վի­րա­բոյժ Հրայր Շա­հի­նեա­նի Լոս Ան­ճե­լը­սի Սքալ պէյզ ինս­թի­թիւ­թին մէջ, որ կը գոր­ծակ­ցի Ճէթ Փրո­փալ­շըն գի­տաշ­խա­տա­նո­ցին հետ՝ ստեղ­ծե­լու հա­մար այս ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը:

ՄԱՐ­ՎԵԼ-ի քա­մե­րան ու­նի 4 միլ­ի­մեթր տրա­մա­գիծ եւ 15 մի-լի­մեթր եր­կայնք: Ան կցուած է կոր «վիզ»ի մը, որ կրնայ դառ­նալ աջ կամ ձախ՝ քննե­լով ան­կիւն­նե­րը՝ մին­չեւ 120 աս­տի­ճան ծռե­լով:

Այս փոքր քա­մե­րա­յով կա­տար-ւած վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րը չեն պա­հան­ջեր ու­ղե­ղի բաց ա­ւան­դա­կան վի­րա­հա­տու­թիւն, ո­րուն ըն­թաց­քին վի­րա­բոյժ­նե­րը գան­կէն մեծ մա­սեր կը հա­նեն: Այս վի­րա­հա­տու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ հսկա­յա­կան գու­մար­ներ եւ ա­ւե­լի եր­կար ժա­մա­նակ ան­ցը­նել հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, քան՝ նե­րա­դի­տա­կի օգ­տա­գոր­ծու­մը:

Սթե­րի­յօ նկա­րով նե­րա­դի­տակ­ներ, ո­րոնք կ՚օգ­տա­գոր­ծեն ա­ւան­դա­կան եր­կա­կի քա­մե­րա­յի հա­մա­կարգ, ար­դէն իսկ կ՚օգ­տա­գոր­ծուին նուա­զա­գոյն մի­ջամը-տու­թեամբ մար­մի­նի այլ բա­ժին­նե­րու վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին: Սա­կայն ու­ղե­ղի վի­րա­հա­տու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ ա­ւե­լի մանր նկար­ներ: Այդ պատ­ճա­ռով ՄԱՐ­ՎԵԼ-ի քա­մե­րան մէկ ա­պա­կի ու­նի՝ եր­կու­քի փո­խա­րէն:

Այժմ գիտ­նա­կան­նե­րը ցու­ցադ­րած են գի­տաշ­խա­տա­նո­ցի նա­խա­տիպ մը: Յա­ջորդ քայլն է պատ­րաս­տել դար­մա­նա­կան նա­խա­տիպ մը, որ կը գո­հաց­նէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Սնըն-դամ­թեր­քի եւ դե­ղօրայ­քի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը: Գիտ­նա­կան­նե­րը պի­տի կա­տա­լե­րա­գոր­ծեն գոր­ծի­քին ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը, որ­պէս­զի յար­մարց­նեն ա­նոր օգ­տա­գոր­ծու­մը բժշկա­կան աշ­խար­հի ծի­րին մէջ:

Ա­պա­գա­յին ՄԱՐ­ՎԵԼ քա­մե­րան կրնայ օգ­տա­գոր­ծուիլ տիե­զե­րա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու մէջ:

«Իբ­րեւ գան­կի վի­րա­բոյժ, ու­նե­նա­լով իւ­րա­յա­տուկ տես­լա­կան մը նե­րա­դի­տա­կով ու­ղե­ղի վի­րա­հա­տու­թեան՝ ա­ռանձ­նաշը-նոր­հում եւ մեծ պա­տիւ ե­ղաւ աշ­խա­տիլ Ճէթ Փրո­փալ­շըն գի­տաշ­խա­տա­նո­ցի անձ­նա­կազ­մին հետ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար այս նա­խա­գի­ծը», ընդգ­ծեց Հրայր Շա­հի­նեան:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԵ­ՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2015