ԿԵՆԱՐԱՐ ԵՐԿՈՒ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
Այս երկուքը կը յագեցնեն իմ հոգիի սովը: Մէկը մեղր է, երկրորդը դօշաբ՝ ռուպ, բնութենէն անսահման քաղցր ու անոյշ. ուտելով չես կշտանար, նայելով չես յագենար:
Իմ կեանքի երկու կենարար աղբիւրները: Այսօր ես կը հանգչիմ միմիայն անոնց հետ: Երկուքի խաղին, շարժումներուն հետեւիլը զիս կը պոկէ առօրեայ հոգերէն, ծանր ապրումներէն: Քանի մը վայրկեան կը լիցքաթափուիմ անոնց հետ:
Հետաքրքրական է, երբ իմ առջինեկը եկաւ լոյս աշխարհ, առաջին իսկ պահէն, երբ գիրկս առի՝ հանգչեցայ, խաղաղեցաւ իմ հոգին: Այդուհետ, ամէն անգամ, երբ իմ ափին մէջ կ՚առնեմ անոր նուրբ ու պզտիկ թաթիկները, կը ստանամ գերբնական ուժ, հանգստութիւն: Յիրաւի, այդ փոքրիկ մարդուկին մէջ կայ այնքան մէջ ուժ, որ ունակ է զիս պաշտպանելու իմ բոլոր տեսակի վախերէն:
Առհասարակ երեխաները վախու պահին կը բռնեն իրենց ծնողքին ձեռքը: Մեզ մօտ ճիշդ հակառակն է, ես կը բռնեմ իմ մեծիկ-փոքրիկի ձեռքը ու կ՚ուժեղանամ.
-Զաւէն, գիտես, երբ ես կը բռնեմ քու ձեռքդ շատ կ՚ուժեղնամ: Դուն ինծի ուժ կու տաս,- իմ ափին մէջ պահելով անոր ձեռքը կը խոստովանիմ ես:
-Մամ, ես թո՞յլ եմ հիմա:
-Ո՛չ, ո՞վ ըսաւ: Դուն շատ ուժեղ ես:
-Քիչ առաջ դուն ըսիր, որ իմ ուժը առիր...
Զաւէնը ինծի կու տայ ուժ, կ՚անէացնէ իմ բոլոր վախերը, իսկ Դանիէլը կ՚օգնէ ինծի վայելել կեանքը, կտրուիլ աշխարհէն, մտովի ու հոգեպէս հանգչիլ: Կը սիրեմ երկուստեք հետեւիլ անոնց: Երկուքն ալ ինծի համար անհրաժեշտութիւն են, միահաւասար:
Երկու օր առաջ Դանիէլը սկսաւ քայլելու: Անզուգական է անոր ուրախութիւնը ինքնուրոյն քայլ մը կատարած ատեն: Նոյեմբերի 6-ը ինծի համար յիշարժան օր է: Երկու տարի առաջ այդ օրը, սահմռկեցուցիչ 44-օրեայ պատերազմի վերջին կիրակիէն սկսեալ մինչեւ այսօր մենք ամէն շաբաթ կը մասնակցինք կիրակնօրեայ պատարագներուն: Յիրաւի՝ չկայ չարիք, առանց բարիքի: Դաժան պատերազմը ինձմէ կորզեց իմ սիրասուն հայրենիքի մեծագոյն մասը, մինեւնոյն ժամանակ կապեց զիս Աստուծոյ, եկեղեցիին, հաւատքին: Եւ երկու տարի անց այդ նոյն օրը՝ տասնմէկ ամսականին, Դանիէլ կատարեց իր առաջին ինքնուրոյն քայլերը՝ մեծ ուրախութեամբ ու գոհունակ ժպիտով: Ըսել է, թէ նոյեմբերի 6-ի խորհուրդը կրկնապատկուեցաւ ինծի համար:
Զաւէնը նոյնպէս իր առաջին քայլերը կատարած է խորհրդանշական օր մը՝ 2018 թուականի սեպտեմբերի 11-ին: Այդ թուականը իմ առաջին աշխատանքային օրն էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթիս խմբագրատունին մէջ: Թո՛ղ օրհնուի այդ օրն ու ժամը:
Մայրանալէ վերջ միայն հասկցայ, որ մայրերը արժանի են մեծարանքի, ակնածանքի՝ մասնաւորապէս բազմազաւակները: 21-րդ դարուն, երբ կեանքի պայմանները հնարաւորինս դիւրացած են, ամենեւին ալ դիւրին չէ զաւակ ունենալը, անցեալ տասնամեակներուն, դարերուն, ինչպէ՞ս կրցան սա քաղցրահամ բեռի տակէն ելլել... Մայրութիւնը հերոսութիւն է. անքուն գիշերներ, մշտարթուն զգօնութիւն, կեանքդ զաւակիդ նուիրաբերելու պատրաստակամութիւն, անխոնջ աշխատանք: Ես այդպիսի օրինակ մը ունիմ իմ կողքին՝ իմ մայրիկը, իսկական նուիրեալ: Իսկ կախարդական փայտիկի մը կը նմանին մեր զաւակները, որոնց ժպիտ մը, հպում մը՝ կ՚առնէ ու կ՚անէացնէ ամէն տեսակ յոգնութիւն եւ հազարապատիկ կը թեթեւցնէ մայրութեան լուծը:
Թող Աստուած օրհնէ, պահէ ու պահպանէ աշխարհի բոլոր մայրերն ու զաւակները: Շնորհակալ եմ Տէր իմ, զիս կրկնակի մայրութեան բերկրանքին արժանացնելու համար: Մայր ըլլալ պատիւ է, ի վերուստ տրուած Բարձրեալի կողմէ: Գնահատենք ու շնորհապարտ ըլլանք ամենակարող Տիրոջ՝ անարժաններուս այդպիսի վեհագոյն տիտղոսի մը արժանացնելու համար:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան