ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼ, ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼ. «ԺԱՄԱՆԱԿ»Ի ՊԱՐԱԳԱՆ

Գահիրէի «Յուսաբեր» օրաթերթը դեկտեմբերի 2-ին արձագանգեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ահազանգին։ Լրատուամիջոցի գլխաւոր խմբագիրը՝ Զաւէն Լիյլոզեան այս կապակցութեամբ ստորագրած է յօդուած մը, որ կը կրէ՝ «Մամուլ, հայ մամուլ, սփիւռքահայ մամուլ (114-ամեայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պարագան)» վերնագիրը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յօդուածը՝ անկեղծ զօրակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով մեր պաշտօնակցին։

Զանգուածային լրատուամիջոցները՝ հայաստանեան կրճատ ձեւով ԶԼՄ-ները եւ արտասահմանի մէջ գոյատեւող հայկական մամուլը, հիմնականին մէջ տպագիր՝ ինչպէս համաշխարհային տպագիր մամուլը, մէկ դասակարգման մէջ գտնուելով հանդերձ, իւրաքանչիւրն ունի սեփական մարտահրաւէրները, որոնք ժամանակի ընթացքին ոչ թէ կը յաղթահարուին ու կը նուազին, այլեւ ձեւափոխման ենթարկուելով կը գոյատեւեն եւ թերեւս նորերու ալ ծնունդ կու տան։

Հայ մամուլն ամէնուրեք պայքարի մէջ է համաշխարհային ըմբռնողութեամբ Չորրորդ իշխանութիւնը նուաճելու համար, այսինքն հանրային կեանքին հսկելու, գնահատելու եւ քննադատելու, առաջարկներ ներկայացնելու եւ բանավէճի միջոցաւ տեսլականներ կամ ընթացիկ հարցերու լուծումներ բիւրեղացնելու առաքելութիւնը կատարելու։

Հայաստանէն սփիւռքահայ համայնքներ տարբեր են պատճառները, սակայն կան ընդհանրութիւններ։

Արտերկրի մեր իրականութեան մէջ անկախութիւն նուաճելու խնդիրէն առաջ բազմաթիւ խութեր եւ խոչընդոտներ կ՚արգելակեն մամուլի վերընթաց, թէկուզ հասարակ ընթացքը։ Հիմնական խոչընդոտ կը մնան ֆինանսական միջոցներու սղութիւնը, պատրաստուած մարդուժի զգալի բացը եւ հայերէն ընթերցող-ընկալող հասարակութեան աստիճանական նուազումը, սերնդափոխութեան բնական կարգով։

Հեշտ չէ պայքարը։

Այս խորապատկերին, արեւմտահայութեան իմացական կեանքին մէջ իր պատմական առաքելութեամբ, Պոլիս առանձնացած է միշտ։ «Ժամանակ» օրաթերթի 114-ամեակին նուիրուած հոկտեմբերի 28-ի խմբագրականը կը մատնէ այս երկարակեաց լրագիրին տագնապը եւ ընդհանրապէս այդ համայնքին մէջ յամեցող մտայնութիւններ։

«Ժամանակ» 1908 թուականէն գոյատեւող ընտանեկան նախաձեռնութիւն մըն է։ Բան մը որ շատոնց է գոյութիւն ունենալէ դադրած երեւոյթ մըն է Եգիպտոսի տարածքին, ինչպէս անհատ մանկավարժներու նախաձեռնութիւն վարժարաններու երեւոյթը։

Այսօր «Ժամանակ»ը հարուածողը՝ համայնքային մարմիններէ ստացուող եկամուտներու շոգիացումն է, ու վաղը կրնայ հարուածել ուրիշը, երբ հանգամանքները փոխուին, շրջուին։ Առաւել՝ երկրէն ներս տեղական արժոյթի արժեզրկումը։

Ըստ ամենայնի, առկայ է համակարգային խնդիր մը, ուր համայնքային ամբողջութիւն գաղափարը չի ներառեր այլախոհ կամ ընդդիմադիր տարրը, որ համակարգէն դուրս կը մղուի։ Մինչդեռ ամբողջին անբաժանելի մասնիկը պարտի ըլլալ։ Մասնատումը կապուած է կամայական տնօրինման, որ կրնայ այսօր բաւարարել իշխանութիւն ունեցողը, սակայն երկար ժամանակի վրայ ան հաւաքական կեանքը ջլատող եւ ամբողջութիւնը ականահարող ժահրերը կը կրէ իր մէջ, որմէ պէտք է խուսափիլ։

Յարաբերութիւնները կարգաւորող համակարգը չի կրնար հաւաքական կեանքի կենսաւորող սիւներուն միջեւ հրեայի եւ հեթանոսի խտիր դնել։ Պէ՛տք է վերնայ համայնքային կեանքը խոցելի դարձնող այս աւանդոյթը։ Ի վերջոյ մամուլի դերակատարութիւնը կոչուած է համայնքը եւ զայն ամուր պահող կառոյցները առողջ եւ գործուն, արդիւնաւէտ պահել, որուն մէջ մեծ դեր ունի քննադատութիւնը։

Եգիպտոսի հայ համայնքէն ներս ներկայ փոխըմբռնումները երկար ուղի կտրած են՝ մինչեւ հասած են արդի մակարդակին։ Կ՚ենթադրենք՝ որ անցած դարու քսանականներէն մինչեւ եօթանասունականներու կէս շարունակուած խմորումներու փորձառութենէն թրքահայ իրականութիւնը զերծ մնացած է։ Պայման չէ այդ ամբողջի բովէն անցնիլ, ապրիլ փորձառութիւնը, կրել հետեւանքները, ուղղումներ մտցնելու եւ արդիւնաւէտ, բազմամեայ գործածութեան համակարգ ձեւաւորելու համար, առանց պարագայական եւ կամայական տնօրինումներու տեղ ձգելու։

Կը Կարծենք, որ այս համակարգի ձեւաւորումով շահագրգռուած պէտք է ըլլան բոլորը, հոգալով համայնքի ներքին հիւսքի տոկունութիւնը։

Երկրորդը՝ թրքական լիրայի արժեզրկումը, որ շրջանի բոլոր երկիրները՝ Եգիպտոսէն Լիբանան, Սուրիա եւ այլք, վերջին տասնամեակին հարուածեց։ Ընտանեկան նախաձեռնութեան դաշտը անձուկ դարձնող այս տագնապը թերեւս կառուցային վերանայում թելադրէ, բաժնետիրութեան վրայ սեփականութիւնը վերաձեւակերպելու մղէ, կատարուած աշխատանքը գնահատող ընթերցողներու համախոհութեան մը հիման վրայ հաստատէ, որ ինքնին հասարակաց յայտարարներու շուրջ բիւրեղացումներ կ՚ենթադրէ։

Այնուամենայնիւ, ներհամայնքային համակարգի մը հաստատուն հիմերու վրայ ձեւակերպումը, ուր մրցակցութեան կողքին կ՚արժեւորուի լծակցութեան գաղափարը, լրացուցիչ կրնան ըլլալ սեփականութեան բաժնեկցութեանը։ Մին չի բացառեր միւսը։

Կարեւորը գոյութիւն ունեցող կառոյցները պահպանելու եւ զարգացնելու նախանձախնդրութիւնն է, բացառելով որեւէ մէկուն բացակայութիւնը դաշտէն, միաժամանակ՝ փոխլրացնելով եւ փոխհարստացնելով զիրար շարունակել ծառայել համայնքին ու անոր բաղկացուցիչներու առողջութեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021