ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած ա­մա­նո­րեան հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին հո­գա­բար­ձու­թեան կող­մէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին վե­րա­բե­րեալ նա­խա­տե­սուած շարք մը կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց փոխ-ա­տե­նա­պետ Հեր­ման Պա­լեան, որ մաղ­թեց նաեւ, թէ 2016 թուա­կա­նին այ­լեւս լու­ծուի հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու առ­կա­խեալ ընտ­րու­թեան խնդի­րը։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Հեր­ման Պա­լեան անդ­րա­դար­ձաւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի պա­տե­րազ­մա­կան շրջան­նե­րէն խոյս տա­լով Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած գաղ­թա­կան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն, ո­րոնք ար­դէն մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ դար­ձած են օ­րա­կար­գի հրա­տապ նիւթ։ Ան այս կա­պակ­ցու­թեամբ շեշ­տեց, թէ հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին գաղ­թա­կան­նե­րուն պի­տի օ­ժան­դա­կէ՝ օ­րէնսդ­րու­թեան ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով։

Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը ներ­կա­յիս սկսած է օ­ժան­դա­կու­թիւն ցոյց տալ նաեւ մեր հա­մայն­քի հա­մեստ խա­ւե­րու այն ան­հատ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք կը գտնուին թա­ղե­րու աղ­քա­տախ­նամ մար­մին­նե­րու ցու­ցակ­նե­րուն վրայ։ Հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը պա­րէ­նի եւ սնուն­դի օ­ժան­դա­կու­թեան մաս­նա­ւոր քար­տեր տրա­մադ­րած է հա­մայն­քի այդ ան­հատ­նե­րուն։ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին զու­գա­դի­պած է այս ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան սկիզ­բը։ Թա­ղե­րու աղ­քա­տախ­նամ մար­մին­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած անուա­նա­ցան­կե­րը հիմք ըն­դու­նե­լով՝ հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը 470 կա­րի­քա­ւորնե­րու հա­մար տրա­մադ­րած է օ­ժան­դա­կու­թեան քար­տեր, ո­րոնց իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի 200 թրքա­կան լի­րա ար­ժո­ղու­թեամբ գնո­ղու­նա­կու­թիւն։ Հեր­ման Պա­լեան ընդգ­ծեց, որ Ս. Զատ­կի շրջա­նին եւս պի­տի կա­տա­րուի նոյ­նը։ Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին զար­գաց­նել այս ծրա­գի­րը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, փոխ-ա­տե­նա­պետ Հեր­ման Պա­լեան շեշ­տեց, որ օ­ժան­դա­կու­թեան այս ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նին հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը նկա­տած է, որ թա­ղե­րու աղ­քա­տախ­նամ մար­մին­նե­րուն կող­մէ ի­րեն փո­խան­ցուած ցու­ցակ­նե­րու պա­րա­գա­յին խնդրոյ ա­ռար­կայ դար­ձած են թե­րու­թիւն­ներ։ Ան շեշ­տեց, թէ այդ թե­րու­թիւն­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի սրբագ­րուին։

Բաց աս­տի, նոյն հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին փոխ-ա­տե­նա­պետ Հեր­ման Պա­լեան խօ­սե­ցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցին կող­մէ հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն ի նպաստ նա­խա­տե­սուած զօ­րակ­ցու­թեան շուրջ։ Ըստ ի­րեն, 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նին եւս Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը ա­ջակ­ցու­թիւն պի­տի ցու­ցա­բե­րէ հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն։ Ներ­կա­յիս, հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը կը սպա­սէ բո­լոր սի­րոյ սե­ղան­նե­րու ա­ւար­տե­լուն։ Այս­պէս, ո­րո­շուած է դպրոց­նե­րու կա­րիք­նե­րը, ա­նոնց պիւտ­ճէ­նե­րու մնա­ցեալ բա­ցե­րը հա­շուի առ­նե­լով բաժ­նել հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան կող­մէ այս տա­րուան հա­մար նա­խա­տե­սուած օգ­նու­թեան ընդ­հա­նուր գու­մա­րը։

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016