ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ ԱՊՐԵՑԱՒ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔՈՎ

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը այս տա­րի եւս Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին ապ­րե­ցաւ ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թիւն՝ թա­ղին մօտ կազ­մա­կեր­պուած զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րով։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած խրախ­ճան­քը ա­ռանձ­նա­ցաւ՝ իր առ­թած փա­լուն տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։ Դպրո­ցի նո­րա­կա­ռոյց թա­տե­րաս­րա­հին մէջ  ապ­րուած ա­ռա­ջին Ա­մա­նորն էր այս մէ­կը։

Օ­րուան յայ­տագ­րին շրջագ­ծով ա­ռա­ջին առ­թիւ հան­դէս ե­կան ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­նե­րուն մա­կա­նին ներ­քեւ ներ­կա­յա­ցու­ցին շատ յա­ջող պա­րեր, խմբերգ­ներ եւ եր­կու թա­տե­րակ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս ա­նոնց ծնող­նե­րը ան­բա­ցատ­րե­լի զգա­ցում­նե­րով հե­տե­ւե­ցան փոք­րիկ­նե­րու ե­լոյթ­նե­րուն։ Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թե­նէն վերջ Կա­ղանդ պա­պու­կին ձե­ռամբ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը ստա­ցան ի­րենց յու­շա­նուէր­նե­րը։

Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նէն ներս ա­մա­նո­րեան երկ­րորդ խրախ­ճանք մըն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ան­գամ նա­խակր­թա­րա­նի դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք եւս եր­գե­րով ու պա­րե­րով, թա­տե­րակ­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցան օ­րուան յայ­տագ­րին եւ ո­գե­ւո­րու­թեամբ դի­մա­ւո­րե­ցին Կա­ղանդ պա­պու­կը, ո­րու խրատ­ներն ու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը լսե­ցին ու­շադ­րու­թեամբ։ Մա­նուկ­նե­րու շրթնե­րէն հնչած ա­մա­նո­րեան եր­գե­րով շատ խորհր­դա­ւոր մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ դահ­լի­ճին մէջ։

Եր­կու հան­դէս­նե­րուն ըն­թաց­քին ալ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կաւ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թա­րա­նի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Ժա­նէթ Ներ­կիզ, որ բա­րեղ­մա­թու­թիւն­ներ յղեց Նոր տա­րուան եւ Ս. Ծննդեան առ­թիւ։ 

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016