Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅԱՅՏՆԻ ԵԼՄՏԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆ ՇԱՆԹ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց յայտնի տնտեսագէտ եւ ելմտական վերլուծաբան Շանթ Մանուկեանը։ Գումգաբուի զրոյցի ընթացքին Շանթ Մանուկեան պատրաստակամութիւն յայտնեց իր աջակցութիւնը բերելու Պատիրարքական Աթոռի գործունէութեան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍԱՐԸՅԷՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԸՆԹՐԻՔԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Սարըյէրի քաղաքապետ Օքթայ Աքսույի կողմէ՝ տարեմուտի առթիւ սարքուած ընթրիքին։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻԶՄԻՐԻ ԵՐԷՑԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իզմիրի երէց Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեանը: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Մարիա Հազար, Կարապետ Սունկուրթեքին, Ժոզէֆ Էքինճեան եւ Հիւսէյին Ել:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ՄԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ՈՍԿԵՐԻՉ ՎԱՐՊԵՏ ՍԵՒԱՆ ՊՉԱՔՃԸԻՆ

Երէկ, Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, որու ընթացքին պատուաբեր մրցանակի մը արժանացաւ մեր համայնքի ոսկերիչ վարպետներէն Սեւան Պչաքճը։

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ

Պէյօղլուի ընտանիքը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ոգեկոչեց Էսաեան վարժարանի մեծանուն հիմնադիրները՝ բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՄԱՐԱԿՈՍԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան ղեկավար դեսպան Վասիլիս Մարակոսը, որ Իսթանպուլ փութացած էր կարգ մը շփումներու համար։

ԳՐԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ գրական ձեռնարկ մը, որու յայտագիրը յաջողութեամբ գործադրուեցաւ աշակերտութեան կողմէ։ Նախընթաց օրուան ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ մատակարար մարմնի վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ իր գործակից ընկերները։

Էջեր