ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ 2018 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՑՆԾՈՒԹԵԱՄԲ ՈՂՋՈՒՆԵՑ՝ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐՈՎ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորի շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ Գատըգիւղի ընտանիքը հրճուանքի մէջ էր։ Ստեղծուած եռուզեռը վառ դրսեւորումներ ունեցաւ մանաւանդ դպրոցի երդիքին տակ։ Մանկապարտէզի երեք դասարաններուն համար նախատեսուած էր մասնաւոր հանդէս մը։ Փոքրիկներու յայտագիրը վերահսկած էին մանկապարտիզպանուհիներ՝ Նելլի Պասմաճեան, Այլին Միրիճանեան, Սէրլի Արապեան, Քլարա Լամպաճեան, Դալար Սինանօղլու, Մատլէն Չաղլա, Ժագլին Ֆերահօղլու, Գարին Քիւչիւքօղլու, Թայիս Մարալ եւ Հանտէ Սաղլամ։
Երկրորդ հանդիսութիւնը նախակրթարանի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած ծրագիրը եղաւ։ Տենիզ Քիւչիւքսվաճըի եւ Մարգրիտ Քոշունի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը։ Դպրոցի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ յղեց բարեմաղթութիւններ։ Աշակերտներն ալ ծափահարութիւններու արժանացան երգերով, պարերով եւ այլ զանազան ելոյթներով։ Մասնաւոր գնահատանքի առարկայ դարձաւ Նատին Էրլեւենտ, որ մեներգեց «Նոր տարւոյ երգը»։ Ներկաները գնահատանքով ունկնդրեցին նաեւ Արսէն Անդրէասեանի եւ Տանիէլ Քոթանի կիթառի նուագները։ Հանդէսի յայտագրի պատրաստութիւնը վերահսկած էին նախակրթարանի ուսուցչուհիներէն Աննա Սարըսէքչին, Վերա Հեմենկիւլ, Շիլա Սիլէլեան, Մելիսա Թուրաչ, Թամար Մանկասարեան, Եւգինէ Ինճիտիւզէն, Գարին Քիւչիւքօղլու, Թայիս Մարալ, Լոռի Կիւլպենկ, Թալին Սալթըքլը եւ Էսրա Էօզալփ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, անդամներէն Նուրհան Էրլեւենտ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան, թաղի յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Այսպէսով Գատըգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները Ամանորը դիմաւորեցին բարձր տրամադրութիւնով եւ վայելելով իրարու անմիջականութիւնը։