«ՄԱՐԱԼ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿԱՂԱՆԴԸ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ կազմակերպեց խրախճանք մը։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան «Մարալ»ի թէ՛ բուն եւ թէ մանկապատանեկան կազմերու անդամները։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի գլխաւորութեամբ համախմբուեցաւ «Մարալ»ի ընտանիքը, որ տարի մը եւս իրարու հետ ողջունելու ուրախութիւնը ըմբոշխնեց։ Ներկայ էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ կողակիցը՝ Մերի Աւագեան, ինչպէս նաեւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան։

Կաղանդ պապուկը սրահ ժամանելով ամանորեան նուէրներ բաժնեց փոքրիկ մարալցիներուն։

Էսաեան սանուց միութեան մէջ սարքուած ընդունելութեան սեղաններու շուրջ բոլոր ներկաները բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին, նաեւ զիրար ողջունեցին արդիւնաւէտ ստեղծագործական աշխատանքի ակնկալութիւնով։

Երեքշաբթի, Յունուար 1, 2019