ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ Նոր տարուոյ եւ Ս Ծննդեան առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որու պատուոյ հիւրն էր Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան։ Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի աշակերտները հանդէս եկան ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով աւանդական հաւաքոյթը հասաւ աւարտին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2020