ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տարեմուտի առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ խրախճանք մը։ Դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ Կաղանդի հանդէսին առթիւ։ Մանկապարտէզի փոքրիկները ներառեալ՝ զանազան դասարաններէ աշակերտներ մասնակցութիւն բերին հանդէսի յայտագրին։ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ կատարուեցան արտասանութիւններ,  ներկայացուեցան թատերակներ եւ երգեր։ Մասնաւոր ծափահարութեան արժանացան միջանակարգի սաներու խմբերգները։

Հանդիսութեան աւարտին բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2020