ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Մխիթարեան վարժարանի մէջ 2020 թուականի տարեմուտին առթիւ կազմակերպուած հանդէսը առիթ հանդիսացաւ տօնական մթնոլորտի ստեղծման։ Ամբողջ դպրոցէն ներս բարձր տրամադրութիւնը զգալի էր։ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Մագ. Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւս մասնակցեցան հանդէսին, որու ներկաներու շարքին էին վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Քամար եւ գործակից ընկերները, դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, տնօրէնները, ուսուցչաց կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։

Վարժարանի գրեթէ բոլոր դասարաններէն աշակերտներ մասնակցութիւն բերին յայտագրին եւ իրենց կատարումներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Արտասանութիւններով, երգերով, թատերակներով ճոխ յայտագիր մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին թէ՛ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն եւ թէ բոլորը ապրեցան Ամանորի ոգեւորութիւն՝ հաղորդ դառնալով նաեւ Յիսուս Մանուկի ծննդեան խորհուրդին։

Այս ոգեւոր մթնոլորտին մէջ դպրոց այցելեց նաեւ Կաղանդ պապուկը, որու ժամանումը բազմապատկեց բոլորի ուրախութիւնը եւ ան բաժնեց նուէրներ։

Հուսկ, Նոր տարուոյ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2020