ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՆԿԱՐԻՉ ԼԵՒՈՆ ԼԱՃԻԿԵԱՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայաստանէն նկարիչ Լեւոն Լաճիկեանը, որ մեր գեղարուեստասէրներուն ծանօթ անուն մըն է եւ այս շրջանին դարձեալ կ՚այցելէ քաղաքս։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի հրատարակչութեան եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու տեսուչ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Լեւոն Լաճիկեան այս անգամ քաղաքս եկած է՝ յատկապէս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, աշխատանքային հանդիպում մը ունենալու համար։ Այսպէս, կը ծրագրուի արուեստագէտի գործերէն հատոր մը պատրաստել։ Ուստի, երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ուշադրութեամբ քննեց ցարդ տարուած աշխատանքը եւ գնահատանքով ականատես եղաւ արդիւնքին։ Ուստի, ան տուաւ իր օրհնութիւնը գործի շարունակութեան համար։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Լեւոն Լաճիկեանի՝ պատմական Իսթանպուլի նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան ու դրսեւորած սէրին, ինչ որ կը ցոլանայ արուեստագէտի այնքան յաջող գծանկարներուն ընդմէջէն։