ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔԻ ՓՈՒԼԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլը, որ կը գլխաւորէ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձութիւնը։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը եւ Հորոզօղլուները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, խմբագրատունս այցելեցին՝ տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ հանրային կարծիքը լուսաբանելու նպատակով։ Հարկ է նշել, որ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները նախատեսուած են այս կիրակի, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Երէկուան հաճելի զրոյցին ժամանակ Հորոզօղլուները մեզի տեղեկացուցին, որ վարժարանը կը շարունակէ իր ուրոյն առաքելութիւնը՝ կրթութիւն ջամբելով Հայաստանէն արտագաղթած եւ Պոլիս հաստատուած ընտանիքներու զաւակներուն։ Հորոզօղլուները մանրամասն տեղեկութիւններ տուին նաեւ «Հրանդ Տինք» վարժարանէն շրջանաւարտ աշակերտներու ձեռքբերումներուն մասին՝ մանաւանդ արտասահմանի մէջ։ Արդէն բոլորին ծանօթ է, որ «Հրանդ Տինք» դպրոցը տաքուկ բոյն մըն է իր բոլոր սաներուն համար եւ այնտեղ կրթութիւնն ու մարդակերտումը կ՚ընթանան զուգահեռ, ինչ որ կը պայմանաւորէ այս վարժարանին բացառիկ առաքելութիւնը։

Անոնք մասնաւորապէս շեշտեցին, որ անհրաժեշտ կարգ մը ենթակառուցուածքային ներդրումներ խնդրոյ առարկայ եղած են դպրոցի պարագային։ Այսպէս, դպրոցը թեքնիք ենթակառուցուածքներու առումով նոր հնարաւորութիւններով օժտուած է։ Վարժարանի աշակերտներուն հնարաւորութիւն ընձեռուած է նոր մարզասրահէ ներս մարզումներու, ֆիզիքական պատրաստութեան՝ Սարվէն Մըղտըսըի հսկողութեան ներքեւ։ Դպրոցը այս տարի օժտուած է նաեւ նոր օդափոխիչներով եւ նոր համակարգչի աշխատանոցով մը աշակերտներուն համար ստեղծուած է համացանցային բոլոր միջոցներէն օգտուելու կարելիութիւնը։ Այդ բոլորը իսկապէս տարրական անհրաժեշտութիւն կը համարուին։

Կիրակի օրուան սիրոյ սեղանին ընդառաջ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը կրկնեց համայնքին ուղղեալ իր կոչը, որպէսզի «Հրանդ Տինք» դպրոցը հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դառնայ եւ անոր կայունութիւնը երաշխաւորուի։     

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2024