ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
Թրքահայութիւնը ուշի ուշով կը հետեւի պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Ներկայիս հարցականներու եւ սկզբունքներու խաչմերուկին վրայ կը գտնուի մեր համայնքը։ Շուրջ ինն տարիէ ի վեր թափուր է Պատրիարքական Աթոռը եւ հորիզոնին վրայ անշրջադարձելիօրէն ուրուագծուած է նոր գահակալի մը ընտրուիլը։
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի թեւակոխած նոր փուլը եւ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ձեւաւորուած ենթադրութիւնները ներկայիս կը բնորոշեն մեր համայնքին հրատապ օրակարգը։ Բոլորը կը փորձեն խորաթափանց ձեւով հասկնալ, թէ ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկային եւ ինչպիսի՞ ընթացակարգով մը պիտի ընտրուի նոր պատրիարքը։ Համայնքէն ներս զանազան հարթակներու վրայ տեղի կ՚ունենան քննարկումներ։ Այս մթնոլորտին մէջ, երէկ երեկոյեան, յատկանշական հաւաքոյթ մըն ալ տեղի ունեցաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան երդիքին տակ։ Հաստատութեան զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու մասնակցութեամբ՝ միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ասուլիս-խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին ծաւալուեցան հետաքրքրական քննարկումներ։ Միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան եւ իր ընկերները։
Ասուլիս-խորհրդակցութիւնը վարեց յայտնի հրատարակիչ Նազար Պիւյիւմ, որ հաւաքոյթը բանալով մաղթեց՝ թէ յառաջիկայ գործընթացը թռիչքի շրջանի մը վերածուի մեր Պատրիարքարանին եւ ընդհանրապէս մեր համայնքին տեսակէտէ։ Ան մատնանշեց, որ համայնքէն ներս սկսած են որոնումներ եւ ուսումնասիրութիւններ։ Այդ բոլորը կը կատարուին մեծ եռանդով։ Ըստ իրեն, առանց պատրիարքի մը մեր համայնքը անցուցած է ինն տարի եւ հիմա կը պատրաստուի ողջունել նոր շրջան մը։ «Կը մաղթենք, թէ ունենանք նոր պատրիարք մը, որ պիտի սպիացնէ այս շրջանին բացուած վէրքերը, հետամուտ ըլլալով հասարակաց ոգիի մը եւ բարեացակամութեան։ Հիմա կը բացուի նոր շրջան մը եւ պէտք է սկսիլ վերստին յարգանք տածել Պատրիարքական Աթոռին նկատմամբ», ըսաւ ան։
Նազար Պիւյիւմ հաւաքոյթի տեւողութեան փոխանցեց Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջանորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ իրեն ուղարկուած պատգամ մը, որ գրի առնուած էր դպրեվանքցիներուն համար։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի նախկին սաներէն մին է, իբր այդ՝ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները զգացական կապ մը կը զգան անոր հետ եւ իր պատգամներուն նկատմամբ կը դրսեւորեն ուշադրութիւն։ Նազար Պիւյիւմի կողմէ ընթերցուած այդ պատգամին մէջ՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան լայնօրէն անդրադարձած էր պատրիարքական ընտրութեան ներկայ փուլին վերաբերեալ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի մօտեցումներուն, որոնք բիւրեղացած էին անցեալ շաբաթ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու արդիւնքին։ Ըստ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Վեհափառ Հայրապետի յորդորն է միութեան ու միասնականութեան ոգիով վարուիլ այս ընթացքին եւ մեր Աթոռի բարձր հեղինակութեան յարիր ձեւով իրականացնել պատրիարքական ընտրութիւն մը։
Հաւաքոյթի տեւողութեան զանազան խորհրդածութիւններով հանդէս եկան Սուբր Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի անդամներէն Թորոս Ալճան, Վազգէն Պարըն, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու, Կարապետ Մխալեան, Մուրատ Էքմեքճիօղլու, Թագւոր Անան, Մուրատ Մըխճը եւ այլք։ Անոնք թէ՛ օրինակներ մէջբերեցին Հանրապետական շրջանի պատրիարքական ընտրութիւններէն եւ թէ վերջին ինն տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ ջանացին մեկնաբանել ներկայ փուլին առանձնայատկութիւնները։
Աւելի քան երկուքուկէս ժամ տեւեցին կարծիքի փոխանակումները, որոնց աւարտին Նազար Պիւյիւմ քննարկումները փակեց եւ ընդգծեց, որ մեր համայնքէն ներս յառաջիկայ շրջանին պաղարիւն ձեւով պէտք է շօշափուին պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ բոլոր հարցերը։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շրջանին Եկեղեցական համագումարին կողմէ պիտի ընտրուի տեղապահ մը՝ թէ՛ Նազար Պիւյիւմ եւ թէ հաւաքոյթի միւս մասնակիցները կանգ առին նաեւ այս հանգրուանի կարեւորութեան վրայ։ Բոլորը համամիտ գտնուեցան, որ համայնքային շրջանակները այս փուլին անմիջական երկխօսութեան մէջ պէտք է գտնուին մեր հոգեւոր հայրերուն հետ, որոնց կը վիճակի տեղապահ ընտրելու պատասխանատուութիւնը։