ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին հիւ­րըն­կա­լեց Սիվ­րի­հի­սա­րի քա­ղա­քա­պետ Հա­միթ Եիւ­զիւ­կիւլ­լիւն։ Ան Գում­գա­բու փու­թա­ցած էր Սիվ­րի­հի­սա­րի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ տե­սակ­ցե­լու հա­մար Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հետ։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը ներ­կա­յիս ա­ւար­տած են մե­ծա­մաս­նու­թեամբ։ Դժբախ­տա­բար, վեր­ջին շրջա­նի տե­ղա­տա­րափ­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ստու­գուած է, որ ե­կե­ղե­ցին ջուր կ՚առ­նէ տա­նի­քէն։ Այս հար­ցի լոյ­սին տակ անհ­րա­ժեշտ դար­ձած է տա­նի­քի վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նել նո­րո­վի։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան քա­ղա­քա­պե­տը այս ծրագ­րին հա­մար խնդրեց թրքա­հայ ճար­տա­րա­պետ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։

Իր կար­գին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յոյս յայտ­նեց, թէ նո­րո­գու­թեան այս ծրա­գի­րը ի կա­տար կ՚ա­ծուի յա­ջո­ղու­թեամբ։ Այս հին սրբա­վայ­րը վեր­ջին շրջան­նե­րուն ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ա­ռար­կայ կը դառ­նայ մեր հա­մայն­քի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան՝ աշ­խար­հագ­րա­կան մօ­տիկ դիր­քին բե­րու­մով։

Տե­սակ­ցու­թեան ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ յու­շա­նուէր­նե­րու փո­խա­նա­կում։ Քա­ղա­քա­պե­տը Սիվ­րի­հի­սա­րի ժա­մա­ցոյ­ցի աշ­տա­րա­կի կրկնա­տի­պը նուի­րեց Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին։ Փո­խա­դար­ձա­բար՝ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւնն ալ քա­ղա­քա­պե­տին յանձ­նեց Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ բնո­րոշ կեր­պաս­նե­րու վե­րա­բե­րեալ գիրք մը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2016