ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՄՍԱԿԱՆՆԵՐԸ ՆՈՒԻՐԵՑ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱԾ ՄԵԾ ԱՐՇԱՒԻՆ

Պատրիարքական Աթոռը 100 հազար լիրայով մասնակից դարձաւ այն մեծ նուիրատուութեան արշաւին, որ Թուրքիոյ մէջ սկսած է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի պայմաններուն ներքեւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան որոշած է այս արշաւին յատկացնել վերջին հինգ ամիսներու իր ամսականները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս նուիրատուութիւնը ըրած է՝ անսալով Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կոչին՝ իր զօրակցութեան բաժինը բերելու համար «Մենք մեզի կը բաւենք» խորագրեալ նուիրահաւաքին։ Նորին Ամենապատուութիւնը յարմար դատած է այս շրջանին շօշափելի օրինակով մը շեշտը դնել իրերօգնութեան կարեւորութեան վրայ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր, Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւորներու դասէն երկու ծայրագոյն վարդապետներն ալ միացած են այս արշաւին։ Գումգաբուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ աւելի ուշ Պոլսահայ ամբողջ հոգեւորականաց դասը եւս միացաւ նուիրահաւաքման արշաւին։

Այսպէսով, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը 100 հազար լիրայով մասնակցած է «Մենք մեզի կը բաւենք» նուիրահաւաքման արշաւին։

Միւս կողմէ, մեր հոգեւոր հայրերը անցեալ շաբթուան ընթացքին կարիքաւորներու տրամադրուած նպարեղէններու համար ալ հանգանակած են 50 հազար թրքական լիրա։ Պատրիարքական Աթոռը կ՚ակնկալէ, որ մեր ամբողջ համայնքային հաստատութիւնները ցուցաբերեն նման ոգի մը եւ իրենց նիւթական օժանդակութիւնները փոխանցեն Պատրիարքարան։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020