ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆԸ

Գա­րա­կէօ­զեա­նի ըն­տա­նի­քին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Բե­մը քեզի կը սպա­սէ… դուն ալ մաս­նակ­ցէ» կար­գա­խօ­սով կազ­մա­կերպուած ե­րաժշ­տա­կան մա­րա­թո­նը, որ չոր­րորդն էր իր տե­սա­կին մէջ։ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հո­վա­նիին ներ­քեւ գոր­ծող «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու ծրա­գի­րը կը բաղ­կա­նար ե­րեք հա­մեր­գէ՝ ըստ տա­րի­քա­յին դա­սա­ւոր­ման։ Ամ­բողջ օր մը տե­ւեց այս ծրա­գի­րը, ո­րու ա­ռա­ջին փու­լին հան­դէս ե­կան 5-9 տա­րե­կան­նե­րը, երկ­րորդ փու­լին 10-11 տա­րե­կան­նե­րը եւ եր­րորդ փու­լին՝ 12-17 տա­րե­կան­նե­րը։ Ե­րաժշ­տա­կան բնա­գա­ւա­ռէ ներս ձիր­քե­րը զար­գաց­նե­լու կամ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը յա­գեց­նե­լու հա­մար զա­նա­զան դա­սըն­թացք­նե­րու մաս­նա­կից մեր հա­մայն­քի 202 փոք­րիկ­ներ, պա­տա­նի­ներ ու ե­րի­տա­սարդ­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս նա­խագ­ծին։ Շուր­ջօ­րեայ այս ծրա­գի­րը ա­ռար­կայ դար­ձաւ բո­լո­րի լայն հե­տաքրք­րու­թեան։

Մա­րա­թո­նի ո­րոշ հանգ­րուան­նե­րուն նուագ­նե­րուն հե­տե­ւե­ցան նաեւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Գա­րուն Գո­վան, տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ եւ Գա­րա­կէօ­զեա­նի ըն­տա­նի­քէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։ Յայ­տագ­րին մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րուն մեր­ձա­ւոր­նե­րը խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս մա­րա­թո­նին, որ ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն մը ե­ղաւ մաս­նա­կից­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Որ­պէս ա­նակն­կալ հան­դէս ե­կան նաեւ «Մի­մար Սի­նան» հա­մալ­սա­րա­նի ե­րաժշ­տա­նո­ցի բաժ­նի սա­նե­րը՝ Ճու­լիա Դա­ւիթ, Մի­լա Գու­յում­ճու, Ա­րաս Մես­րո­պեան, Լու­սի­նէ Դա­ւիթ եւ Ժոէլ Դա­ւիթ։

Գա­րա­կէօ­զեան Տան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպուած այս չոր­րորդ մա­րա­թո­նը պսա­կուե­ցաւ յա­ջո­ղու­թեամբ։ Սա ար­դէն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն գար­նան շրջա­նի մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ա­ւան­դա­կան դար­ձած ծրա­գիր մըն է ու վստա­հա­բար յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն ալ պի­տի շա­րու­նա­կուի նոյն յա­ջո­ղու­թեամբ՝ ա­ռար­կայ դառ­նա­լով ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։

    

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017