ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԼԱՆ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­շիլ­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան թա­տե­րա­խում­բին ներ­կա­յա­ցու­մը։ «Քան­լը Նի­կեար» խա­ղի կա­լա­յին ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Կո­րիւն Ա. Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան, Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու եւ իր ըն­կեր­նե­րը, թա­ղի վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Մե­լիք­ճան Զա­ման, Ե­շիլ­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն ծա­նօթ դէմ­քեր։ Կա­լա­յի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին նաեւ եր­կու յայտ­նի դե­րա­սան­ներ՝ Պօ­ղոս Չա­լկը­ճըօղ­լու եւ Գէորգ Թիւր­քէր։ Միու­թեան վար­չա­յին­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Խա­ղի դե­րա­կա­տար­ներն էին՝ Ար­թին Պը­չաք­ճը, Թե­րե­զա Ար­փա­ճը-Էր­քոլ, Ա­ռէն Սաղ­պաշ, Առ­լէն Քե­շիշ­կիլ, Ա­ռէն Մա­կար, Ար­ճան Աք­սու, Ա­ռէն Սէ­մէր­ճեան, Ար­ման Աբ­րա­հա­մօ­ղլու, Նա­տիա Չո­լա­քեան եւ Ազ­նիւ Է­վին­կիւ­լիւ։ Բե­մադ­րիչն էր Է­յիւպ­հան Կիւ­վէր­ճին։

Կա­լա­յի մաս­նա­կից­նե­րը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին թա­տե­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը։

Ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ նաեւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017