ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՕՐ

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու հաւաք։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու առընթեր, հաւաքոյթին մասնակցեցան կրթական մշակներ, ծնողներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրեր։ Յայտագրի ընթացքին ելոյթներ ունեցան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեան եւ տնօրէն Շահին Չընար։ Դպրոցի այժմու սաներն ալ հանդէս եկան գեղարուեստական բաժնին մէջ։

Յոբելեար շրջանաւարտներու պարգեւատրումէն վերջ հաւաքի մասնակիցները համախմբուեցան ճաշասեղաններու շուրջ։ Երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ շրջանաւարտից օրուան մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց՝ անմիջական զրոյց ունենալով իրարու հետ։

Երեքշաբթի, Մայիս 1, 2018