ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՕՐԸ

Գալ­ֆաեան Տան ըն­տա­նի­քը այս շա­բա­թա­վեր­ջին ա­ւան­դա­կան շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ ապ­րե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Սկիւ­տա­րի մէջ, հաս­տա­տու­թեան ննջա­րա­նի բաժ­նի հա­մա­լի­րի պար­տէ­զէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քոյ­թը ի մի բե­րաւ դպրո­ցի զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­ներ։ Թէ՛ մե­ծե­րը եւ թէ փոք­րե­րը մեծ հրճուանք մը ապ­րե­ցան բնու­թեան ծո­ցին մէջ, ուր գալ­ֆաեան­ցի փոք­րիկ­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, պա­րե­րով ու եր­գե­րով։ Հարկ է նշել, որ Գալ­ֆաեան Տան ա­ռըն­թեր Սկիւ­տա­րի եր­բեմ­նի Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի եւ Սէ­մէր­ճեան ճե­մա­րա­նի սա­ներն ալ հա­մախմ­բուած էին այս հա­ւա­քոյ­թին շրջագ­ծով։

Ձեռ­նար­կի տե­ւո­ղու­թեան ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Գալ­ֆաեան Տան տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Գա­յաէր։

Սկիւ­տա­րի բար­ձուն­քին կազ­մա­կերպուած շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քը ամ­բողջ յետ­մի­ջօ­րէին շա­րու­նա­կուե­ցաւ ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի եւ մտեր­միկ ապ­րում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015