ՆՈՐԱԾԱԳՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Շիշ­լի մար­զա­կում­բին ի նպաստ հա­մայն­քա­յին ընթ­րիք մը։ «Նո­րա­ծա­գում» խո­րագ­րեալ փայ­լուն ե­րե­կոյթ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուե­ցան հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն բազ­մա­թիւ ծա­նօթ դէմ­քեր, ո­րոնք ե­կած էին ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու ա­կում­բին, որ ներ­կա­յիս կը ձգտի նոր հու­նի մը մէջ դնել իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, պահ­պա­նե­լով իր խոր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը։ Նո­րա­ծագ­ման այս հա­ւա­քին նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան, ինչ­պէս նաեւ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու­ներ՝ Սե­լի­նա Տո­ղան, Մար­գար Է­սաեան եւ Կա­րա­պետ Փայ­լան։

«Պէզ­ճեան» սրա­հի մուտ­քի հա­տուա­ծին մէջ ընթ­րի­քէն ա­ռաջ բո­լոր ներ­կա­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան ըն­դու­նե­լու­թեան մը առ­թիւ։ Այս փու­լը յատ­կանշա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ ըն­դու­նե­լու­թեան սե­ղան­նե­րը յար­դա­րուած էին խորհր­դան­շա­կան ի­րե­ղէն­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած մի­ջա­վայ­րի մը մէջ։ Այդ բո­լո­րը ներ­կա­նե­րու մտքին մէջ կը ցո­լաց­նէին Շիշ­լի մար­զա­կում­բի փայ­լուն պատ­մու­թե­նէն դրուագ­ներ։

Երբ ներ­կա­նե­րը ար­դէն սրահ մուտք գոր­ծե­ցին, ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Նաժ­տա Շա­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի եւ Ա­լէն Թէք­պը­չա­քի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ա­կում­բի վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն կող­մէ։ Ե­րե­կոյ­թի յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Շահ­նուր Գա­զան­ճըի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Նաժ­տա Շա­տեան, Ա­լէն Թէք­պը­չաք եւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թիւն մը կա­տա­րուե­ցաւ Շիշ­լիի պատ­մու­թեան մա­սին, մինչ ա­կում­բի վար­չա­յին­նե­րէն Սե­ւան Գը­լը­ճեան խօ­սե­ցաւ Շիշ­լին ելմ­տա­կան ճգնա­ժա­մէ դուրս բե­րե­լու ուղ­ղեալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Ա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը յու­շա­նուէր­ներ պատ­րաս­տած էր կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ այս ձեռ­նար­կին ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րած շարք մը ա­նուն­նե­րու հա­մար. ինչ­պէս՝ Պերճ Ա­լէն Տար­չըն, Հրանդ Մոս­կո­ֆեան, Նո­րայր Իշ­լէր, Ա­րա Գուր­տօղ­լու։

Յայ­տագ­րի յա­ջոր­դող հանգ­րուա­նին ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նե­ցին Շիշ­լիի մար­զա­շա­պի­կով, գնդակ­ներ ի ձե­ռին խումբ մը պա­տա­նի մար­զիկ­նե­րու սրահ մուտք գոր­ծե­լը։

Շիշ­լի­ցի­նե­րու նո­րա­ծագ­ման այս հա­ւա­քոյ­թը շա­րու­նա­կուե­ցաւ մին­չեւ ե­լե­կո­յեան ուշ ժա­մե­րը՝ հա­ճե­լի զրոյ­ցի մը մթնո­լոր­տին մէջ եւ հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ բո­լոր ներ­կա­նե­րը ի­րենց ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ա­կում­բի վար­չա­յին­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րե­նան ա­պա­հո­վել յա­րա­տեւ, կա­յուն եւ յա­ջող երթ մը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015