ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼԸ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած 2015-2016 շրջա­նի դա­սըն­թացք­նե­րը եզ­րա­փա­կուե­ցան ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հա­մա­լի­րի «Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զա­դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ հոծ բազ­մու­թիւն մը։ Ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ի­րենց ծնող­նե­րը հան­դէս ե­կան մրցում­նե­րով եւ այդ մրցակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ապ­րուե­ցան իս­կա­պէս շատ խան­դա­վառ պա­հեր։

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը ներ­կա­յիս շուրջ 400 պա­տա­նի­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ կը հա­մախմ­բէ իր մար­զա­կան ծրագ­րե­րուն շրջագ­ծով, խրա­խու­սե­լով ա­նոնց թէ՛ ֆի­զի­քա­կան պատ­րաս­տու­թիւ­նը, թէ՛ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եւ թէ՛ ա­նոնց ծնող­նե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւ­նը։ Այս դա­սըն­թացք­նե­րուն շնոր­հիւ Շիշ­լի վե­րա­ծուած է մեծ ըն­տա­նի­քի մը, ո­րու նուա­ճում­նե­րը էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նին մեր ըն­կե­րա­յին կեան­քին տե­սա­կէ­տէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016