ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ՍԵՄԻՆ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նը այս տա­րի եւս պատ­րաստ է ամ­րան շրջա­նին հիւ­րըն­կա­լե­լու մեր հա­մայն­քի պա­տա­նի­նե­րը։ Այս Կի­րա­կի նա­խա­տե­սուած է Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ե­ղա­նա­կի բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Հո­գա­տար մար­մի­նը նոր ե­ղա­նա­կին ըն­դա­ռաջ թարմ ե­ռան­դով մը գոր­ծի լծուած է տղոց ար­ձա­կուր­դը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար հնա­րա­ւո­րինս կա­տա­րեալ պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Կազ­դուր­ման կա­յա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեա­նը, Թա­մար Գա­րա­սուն եւ Բար­սեղ Ճան­ճի­կեա­նը։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Հո­գա­տար մարմ­նի նոր կազ­մը ձե­ւա­ւո­րուած է գլխա­ւո­րու­թեամբ  Ար­թին Քի­լէ­ճիի։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խումբն ալ կը գլխա­ւո­րուի Մա­թիլ­տա Ֆ­րա­տօղ­լուի կող­մէ։ Նոր ե­ղա­նա­կին ըն­դա­ռաջ շէն­քը ֆի­զի­քա­պէս կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած է եւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նին ըն­տա­նի­քը ամ­բողջ ե­ռան­դով պատ­րաստ է ամ­րան շա­բաթ­նե­րը ար­ժե­ւո­րե­լու։

Ե­րէ­կուան մեր զրու­ցա­կից­նե­րը դի­տել տուին, թէ Կազ­դուր­ման կա­յա­նը այս տա­րի եւս խումբ առ խումբ ա­շա­կերտ­ներ կը հիւ­րըն­կա­լէ՝ ե­րեք շաբ­թուան պար­բե­րու­թիւն­նե­րով։ Իւ­րա­քան­չիւր հանգ­րուա­նին շուրջ հա­րիւր ա­շա­կերտ­ներ կը հիւ­րըն­կա­լուին այն­տեղ։ Կազ­դուր­ման կա­յա­նը իր եր­դի­քին տակ կ՚ըն­դու­նի իս­թան­պու­լա­հայ հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րէն եւ «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նէն ա­շա­կերտ­ներ։ Այս տա­րի տղոց հա­մար նա­խա­տե­սուած ըն­կե­րա­յին ծրա­գի­րը շատ ա­ւե­լի ճոխ ու տե­սա­կա­ւոր բնոյթ մը ստա­ցած է։ Զա­նա­զան ճիւ­ղե­րու մէջ ա­նոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան զար­գաց­նե­լու ի­րենց ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը։ Հա­յե­րէ­նի եւ անգ­լե­րէ­նի դա­սըն­թացք­նե­րուն ա­ռըն­թեր գեր­մա­նե­րէ­նի եւ սպա­նե­րէ­նի դա­սըն­թացք­ներ ալ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Կազ­դուր­ման կա­յա­նին մէջ։ Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մե­զի յայտ­նե­ցին, թէ Շիշ­լի եւ Թաքսիմ մար­զա­կումբ­ներն ու Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թը եւս պատ­րաս­տա­կա­մօ­րէն կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին ի­րենց հետ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ մեր մար­զա­կումբ­նե­րը ամ­րան շրջա­նին կղզիի վրայ կը կազ­մա­կեր­պեն դա­սըն­թացք­ներ, այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ի սպաս պի­տի դրուի նաեւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տղոց հա­մար։ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վո­լէյ­պո­լի եւ պաս­քէթ­պո­լի մար­զիչ­նե­րը շա­բա­թը եր­կու ան­գամ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի «Գրի­գոր Ճամ­պա­զեան» խա­ղա­վայ­րին վրայ պի­տի մար­զեն տղա­քը։ Նոյն­պէս, Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի ֆութ­պո­լի դա­սըն­թաց­քի մար­զիչ­նե­րը պի­տի մար­զեն Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տղա­քը՝ միշտ փու­թա­լով ա­նոնց մօտ։ «Մա­րալ»ի պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քանն ալ ամ­րան շրջա­նին պա­րեր պի­տի սոր­վեց­նէ Կազ­դու­ման կա­յա­նի տղոց։

Խնա­մա­տար մարմ­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ե­ղա­նա­կի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ըն­դա­ռաջ, կոչ ուղ­ղե­ցին մեր հա­մայն­քին, որ­պէս­զի իր զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նէ Կազ­դուր­ման կա­յա­նը։ Ճիշդ է, որ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը կը փոր­ձէ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րել Կազդ­ու­րման կա­յա­նին հա­մար, սա­կայն այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ան­ծայ­րա­ծիր չեն ու բա­ւա­կան հա­մեստ հա­մե­մա­տու­թիւն մը կը կազ­մեն կա­յա­նի ընդ­հա­նուր կա­րիք­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ։ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կ՚ակն­կա­լեն մա­նա­ւանդ հո­գե­ճա­շե­րու ա­ւան­դու­թեան շա­րու­նա­կուի­լը ու կ՚ընդգ­ծեն, թէ Կազդ­րու­ման կա­յա­նը հաս­տա­տու­թիւն մըն է, որ կը պատ­կա­նի մեր ամ­բողջ հա­մայն­քին, ուս­տի ա­նոր նկատ­մամբ պէտք է ցու­ցա­բե­րուի ընդ­հան­րա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն մը։

Միւս կող­մէ, ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի խա­ղա­վայ­րը այս ե­ղա­նա­կի սկիզ­բին վե­րա­նո­րո­գուած է Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ջան­քե­րով։ Այս զօ­րակ­ցու­թիւ­նը գնա­հա­տե­լու նպա­տա­կով, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի Խնա­մա­տար մար­մի­նը այս շա­բա­թա­վեր­ջի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան հրա­ւի­րած է Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նէ­տա­րը եւ հայ հա­մայն­քի գծով իր խորհր­դա­կա­նը՝ Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լուն։ Խնա­մա­տար մար­մի­նը այս առ­թիւ կը պատ­րաս­տուի յու­շապ­նակ­ներ ալ յանձ­նել Մու­րատ Հա­զի­նէ­տա­րին եւ Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լուին։

Հուսկ, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ըն­տա­նի­քը պատ­րաստ է 2015-ի ամ­րան ու կը սի­րէ յու­սալ, թէ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­ներն ալ ի­րենց կա­րե­լին ի գործ կը դնեն, որ­պէս­զի այն­տեղ անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­նե­րը գո­յա­նան ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար։

 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015