ԷՍԱԵԱՆ ԼԻՍԷԻ ՀՈՒՆՁՔԸ
Երէկ երեկոյեան Էսաեանի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ լիսէի բաժնի այս տարուան հունձքին։ Վարժարանին մէջ այս առթիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Վահրամ Վարդանեան եւ իր ընկերները, Ազգային կրթութեան նախկին նախարար Նիմէթ Պաշ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հիւրեր։ Երեկոյթին յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Մարկարիթա Սարտարեանի եւ Էդգար Իգիթեանի։
Էսաեանի շրջանաւարտները ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ ստացան իրենց վկայականները, նաեւ յուշանուէրներ։ Այս շրջագծով վարժարանի երեք յաջողագոյնները՝ Իլայտա Տեմիրճի, Ճենիֆըր Ռէյչըլ Տատեան եւ Սարին Պուտաք արժանացան բարձր գնահատանքի։ Դպրոցի սաներէն՝ Թուրքիոյ լողի ախոյեան Գարին Էօճալն ալ նոյնպէս ջերմօրէն շրջապատուեցաւ Էսաեանի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Հանդիսութեան ընթացքին շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, նախկին նախարար Նիմէթ Պաշ, որոնք ապագայի համար յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին շրջանաւարտներուն։ Երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ շրջանաւարտները հանդէս եկան խմբերգներով, մինչ անոնց համար հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։
Այսպէսով Էսաեան լիսէի 2015-2016 կրթական շրջանի ընթացաւարտները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ առին իրենց վարժարանէն՝ հա-մալերով Էսաեանի մեծ ընտանիքի շրջանաւարտներուն շարքերը։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024