ՆԱԶԼԸ ԹԵՄԻՐ-ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏՈՔԹՈՐԻ ՏԻՏՂՈՍ ՆՈՒԱՃԵՑ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի տա­ղան­դա­ւոր ե­րի­տա­սարդ ա­կա­դե­մա­կան­նե­րէն Նազ­լը Թե­միր-Պէյ­լէ­րեան Փա­րի­զի մէջ ա­ւար­տած է իր տոք­թո­րա­կա­նը՝ մաս­նա­գի­տա­նա­լով ըն­կե­րա­բա­նու­թեան ճիւ­ղին մէջ։ Նազ­լը Թե­միր-Պէյ­լէ­րեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տոք­թո­րա­կա­նի աշ­խա­տանք տա­րած է Ֆրան­սա­յի Ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու գծով բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու դպրո­ցէն ներս։ Իր թե­զի խորհր­դա­կա­նը ե­ղած է Փրոֆ. Նի­լիւ­ֆէր Կէօ­լէ։ Իր աշ­խա­տան­քը կեդ­րո­նա­ցած է՝ «Հա­սա­րա­կաց յի­շո­ղու­թեան դէմ մո­ռա­ցու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն. ե­րեք սե­րունդ­նե­րու ըն­թաց­քին հայ ըլ­լալ Թուր­քիոյ մէջ» նիւ­թին վրայ։

Նազ­լը Թե­միր-Պէյ­լէ­րեան վե­րո­յի­շեալ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հաս­տա­տու­թե­նէն ներս վեր­ջերս յա­ջո­ղու­թեամբ պաշտ­պա­նած է իր թե­զը։ Բա­ցի Նի­լիւ­ֆէր Կէօ­լէէն, թե­զի պաշտ­պա­նու­թեան փու­լին դա­տա­կազ­մին մէջ գտնուած են նոյն­պէս հե­ղի­նա­կա­ւոր գիտ­նա­կան­ներ՝ Վեն­սան Տիւք­լէր, Ֆեր­հատ Քեն­թէլ, Մարկ Նշա­նեան եւ Թա­լին Տէր-Մի­նա­սեան։ Իր թե­զի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է բաց ձե­ւա­չա­փով եւ շուրջ հինգ տաս­նեակ գիտ­նա­կան­ներ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան­ներ եւ հե­տաքր­քիր­ներ հե­տե­ւած են ըն­թաց­քին։ Չորս ժամ տե­ւած է թե­զի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ ար­դիւն­քին Նազ­լը Թե­միր բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նով վե­րա­հաս­տա­տուած է որ­պէս ըն­կե­րա­բա­նու­թեան տոք­թոր։

Այս առ­թիւ ա­մե­նա­ջերմ զգա­ցում­նե­րով կը շնոր­հա­ւո­րենք Նազ­լը Թե­միր-Պէյ­լէ­րեա­նը, ո­րուն նո­րա­նոր նուա­ճում­ներ կը մաղ­թենք իր ա­պա­գայ գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016