ՇԻԼԱ ՍԵԼԻՆ ՇԻԼԷԼԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՊԱՏՈՒՈՅ ՎԿԱՅԱԿԱՆԻՆ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի տա­ղան­դա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Շի­լա Սե­լին Շի­լէ­լեան վեր­ջերս յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած է Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի Կրթա­կան ֆա­քիւլ­թէն։ Դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­թեան եւ գի­տու­թեան ու­սուց­չու­թեան գծով ան նոյ­նա­ժա­մա­նակ հե­տե­ւած է եր­կու հիմ­նա­կան ճիւ­ղի։ Ի շա­րու­նա­կու­թիւն, բաց ու­սուց­ման ձե­ւա­չա­փով ան նոյ­նա­ժա­մա­նակ ա­ւար­տած է փի­լի­սո­փա­յու­թեան բա­ժի­նը։ Այս գե­րա­զանց յա­ջո­ղու­թեան բե­րու­մով ի­րեն շնոր­հուած է հա­մալ­սա­րա­նի պա­տուոյ վկա­յա­կա­նը։ Ներ­կա­յիս ան կը պատ­րաս­տուի ար­դէն անց­նիլ գործ­նա­կան աշ­խա­տան­քի՝ իր մաս­նա­գի­տու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։

Այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Շի­լա Սե­լին Շի­լէ­լեա­նը, ո­րուն կը մաղ­թենք նո­րա­նոր նուա­ճում­ներ։ Նոյն առ­թիւ կը բաժ­նենք ու­րա­խու­թիւ­նը իր ծնող­քին՝ Մի­քա­յէլ եւ Նիլ Շի­լէ­լեան­նե­րուն։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016