ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏ

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ընթ­րիք մը կազ­մա­կեր­պեց Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի լի­սէի բաժ­նի այս տա­րուան հունձ­քին հա­մար։ Հարկ է նշել, որ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նին Սա­հա­կեան-Նու­նեան լի­սէն ու­նի քա­ռա­սուն շրջա­նա­ւարտ։ Թէ՛ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը եւ թէ՛ ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րը ե­րէկ ապ­րե­ցան մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Վոս­փո­րի գե­ղա­տե­սիլ մթնո­լոր­տին մէջ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց։

Նա­ւապ­տոյ­տին ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, վար­ժա­րա­նի զոյգ տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը՝ Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու եւ Ժա­նէթ Ներ­կիզ եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։ Տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին գնա­հա­տեց շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տան­քը ու մաղ­թեց, թէ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հանգ­րուա­նին եւս ա­նոնք ու­նե­նան նուա­ճում­ներ եւ ի վեր­ջոյ կեան­քի մէջ ըլ­լան յա­ջող ան­հատ­ներ՝ ինչ աս­պա­րէզ որ ալ ընդգր­կեն։

Մին­չեւ ուշ ա­տեն միաս­նա­բար զուար­ճա­նա­լէ վերջ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ի­րար­մէ հրա­ժեշտ ա­ռին բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ։ Հարկ է նշել, որ այ­սօր ալ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէս մը, ո­րու ըն­թաց­քին տղա­քը կը ստա­նան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016