ԱՅԳՈՒՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ LGS-Ի ԱՌԱՋԻՆ

2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը մեծ յաջողութեամբ մը, արդար հպարտութիւնը պարգեւեց պոլսահայ կրթական համակարգին։ Այսպէս, Եշիլգիւղի վարժարանի շրջանաւարտներէն Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան հանդիսացած է լիսէներու մտից քննութեան (LGS) առաջինը։ Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ միլիոնաւոր աշակերտի մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս քննութեան արդիւնքով ան ապահոված է 500 նիշ, արդէն հնարաւոր առաւելագոյնն է։ Սա անկրկնելի յաջողութիւն մըն է եւ Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան այս գերազանց նուաճումով հնարաւորութիւն պիտի ունենայ լիսէի ուսումը շարունակելու երկրի լաւագոյն վարժարաններէն մէկուն մէջ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեանը, որուն կը մաղթենք ապագայ յաջողութիւն կրթական կեանքին մէջ։ Այս ուրախ առթիւ կը խնդակցինք իր երջանիկ ծնողքին եւ ամբողջ ընտանիքին։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022