ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉ.Ի ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ CRR-Ի ՄԷՋ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԵՐԵԿՈՅԹ

Երէկ երեկոյեան, Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ իսկապէս փառաշուք երեկոյթ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։ Այսօրուան դրութեամբ Չեխիա դարձած է Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկիրը։ Ի նշանաւորումն այս իրադարձութեան, Իսթանպուլի մօտ Չեխիոյ աւագ հիւպատոսութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր երէկուան հանդիսաւոր համերգը՝ «Իրերհասկացողութեան լոյսը»։ Աւագ հիւպատոս Ժիրի Չիսթեքիի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը նախատեսուած էր՝ որպէս միջմշակութային երկխօսութեան վառ արտայայտութիւն։ Այս յայտագիրով միահիւսուած էին երաժշտութիւնը, պարն ու գեղարուեստի այլ զանազան ճիւղեր՝ տարբեր ազգութիւններէ, դաւանանքէ կամ մշակոյթէ հաւաքականութիւններու ներկայացուցիչներու համատեղումով։ Դասական երաժշտութենէ եւ ճազէ սկսեալ, մինչեւ ռաք, էթնօերաժշտութիւն եւ այլընտրանքային երաժշտութիւն՝ շատ ճոխ եւ բազմակողմանի ծրագիր մը ունէր ձեռնարկը։ Ունկնդիրները հետեւեցան հայ, թուրք, յոյն, հրեայ, ասորի, ռոման, քիւրտ, ալեւի, սիւննի արուեստագէտներու կատարումներուն։ Բնականաբար Չեխիայէն արուեստագէտներ ալ մասնակցութիւն բերին ձեռնարկին։ Ծրագրի մտայղացումը կը պատկանէր Փեթէր Կիէօրիին։

Երեկոյթը պատուեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին եւ այլ հոգեւոր առաջնորդներ։ Դիւանագիտական շրջանակներէ եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններէ բարձրաստիճան դէմքեր եւս մասնակցեցան ձեռնարկին։ Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ կողակիցը՝ Արփինէ Աւդալեան։

Լուսաւորիչ երգչախումբը այս ձեռնարկի ընթացքին հանդէս եկած խումբերու շարքին իսկապէս ամենայաւակնոտներէն մին էր իր մակարդակով ու որակով։ Յակոբ Մամիկոնեան եւ սաները հերթական անգամ արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը՝ գերազանց ներկայացնելով հայկական երաժշտութիւնը։ Խումբը կատարողական ամբողջ ներուժը ի գործ դրաւ համերգի ընթացքին արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու, ինչ որ իսկապէս պատուաբեր էր մեր համայնքի համար։

Ի լրումն այս բոլորին յատկանշական ուրիշ հանգամանք մըն ալ խնդրոյ առարկայ էր ձեռնարկին ժամանակ։ Այսպէս, համերգի եզրափակիչ փուլին միասնաբար հանդէս եկան ձեռնարկի մասնակից բոլոր խումբերը։ Սա արուեստագէտներու իսկական տողանցք մըն էր՝ այս երեկոյթի կարգախօսին ու ոգիին համապատասխան։ Եզրափակիչ այս բաժինը ղեկավարելու պատիւն ալ վերապահուած էր Լուսաւորիչ երգչախումբի ղեկավար Յակոբ Մամիկոնեանին։

Յայտագիրի գործադրութիւնը աւարտին հասաւ ծափահարութիւններու տարափի մը մթնոլորտին մէջ, մինչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ջերմօրէն շնորհաւորեց Լուսաւորիչ երգչախումբին ու խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանին փայլուն յաջողութիւնը։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022