ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ
Երուսաղէմի Մանուկեան Պատրիարքին կողմէ Իսթանպուլ կատարուած վերջին առեղծուածային հերթական այցելութեան վերաբերեալ մեր լրատուութեան կապակցութեամբ ստացանք «պատասխանբաց նամակ» մը, ստորագրութեամբ՝ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի, որ կ՚ընկերանար իրեն։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը սկզբունքօրէն իրեն ուղղուած ճշդումները կամ պատասխանները անպայման կը հրատարակէ։ Այս պարագային ալ կ՚ընենք նոյնը։ Մեր ընթերցողները յարակից սիւնակին մէջ կրնան նոյնութեամբ կարդալ Երէցեան Ծայրագոյն Վարդապետին կողմէ ուղարկուած պատասխանը։ Առանց մեր հրատարակութեան սպասելու, ան արդէն բաց շրջանառութեան մէջ դնելու շտապած է իր գրածը։ Ենթական եւ իր ծառայած լծակները այնպիսի համբաւ մը ունին, որ դոյզն իսկ պատշաճութեան ակնկալութիւնը անիմաստ է իսկապէս։
Թերթիս խմբագրութիւնը ճշդումներն ու պատասխանները անպայման կը հրատարակէ, որովհետեւ անոնք ինքնաբերաբար կ՚ըլլան ստորագրողի հայելին։ Նոյնիսկ արդար ըլլալու պարագային, ենթակային որդեգրած ոճը, դրսեւորած վերաբերմունքը, ընդհանրապէս պահուածքը ի զօրու են ամէն ինչ մերկացնելու յաչս հանրային կարծիքին։ Այս առումով Երէցեան Ծայրագոյն Վարդապետի գրածները, տրամաբանութիւնը իսկապէս շատ օրինակելի են եւ մենք այդ բոլորը նոյնութեամբ հրատարակելով՝ դատողութիւնը կը թողունք հանրութեան։
Այստեղ կ՚ուզենք քանի մը նշում ընել այս «պատասխան-բաց նամակ»ին մասին։ Երէցեան Ծայրագոյն Վարդապետին գրածը, ի՜նչ խօսք, մասունքի մը համազօր է մեզի համար։ Մեր եկեղեցւոյ արդի պատմութեան ամենագունաւո՛ր դէմքերէն մէկուն կողմէ նամակ մը ստացած ըլլալը մենք կը համարենք պատի՜ւ... Ի վերջոյ, քիչ բան չէ, որ իր խելապատիկէն բաժին մը դուրս եկած է մեզի համար։ Փառք Աստուծոյ, հազար փառք...
Յամենայնդէպս, երանի Երէցեան Ծայրագոյն Վարդապետի գրածներուն մէջ կարենայինք գտնել պատասխանը այն էական հարցման, թէ ինչո՞ւ Երուսաղէմի Պատրիարքը «նուիրական նպատակ»ով ճամբորդելու ժամանակ Ս. Աթոռին կողմէ չի հրապարակուիր պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը։ Վստահաբար, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան բոլոր անդամներուն հայերէնը Երէցեան Ծայրագոյն Վարդապետին նման վիրաւոր չէ ու կ՚ըլլայ մէկը շնորհքով երկու նախադասութիւն շարադրելու այդ «նուիրական նպատակ»ներուն մասին։
Մանուկեան Պատրիարք իսկապէս ողբերգական վիճակի մը մատնուած է։ Երեւակայեցէք, իր գործակատարն է Երէցեան Ծայրագոյն Վարդապետ, որ մեր եկեղեցական կեանքի արդի պատմութեան ամենաձախողած անուններէն մին է։ Եթէ Մանուկեան Պատրիարք իր գործերը անոր վստահի, ապա ինքը կրնայ շատ աւելի մեծ ձախողումի մը ենթարկուիլ, այդ ալ իր առկայ մեկուսացեալ վիճակին մէջ։ Իրեն բնորոշ ու յարիր ոճով, Երէցեան Վարդապետ Մանուկեան Պատրիարքը պաշտպանելու համար գրեր է, թէ «ղազէթէճիութեամբ» զբաղելու ժամանակ չունին։ Կ՚երեւի եպիսկոպոսական օծման չարժանանալով տագնապած այս սաղիմական միաբանը վերջին շրջանին փորձեր կ՚ընէ թրքերէն սորվելու։ Ուրեմն մենք ալ իրեն փոխադարձենք նոյնպէս թրքերէնով, եթէ նոյնիսկ այդքանը չհասկնայ, ապա գուցէ պրպտելով կրնայ ունենալ օգտակար ժամանց մը. «şıracının şahidi bozacı»։
Երէցեան Ծայրագոյն Վարդապետ մեր ուշադրութեան յանձնած է, թէ ժամանակն է դուրս գալ «ահաւոր ճահիճ»էն։ Որքան տարօրինակ է, որ մարդ արարածը զայրանալու պարագային նախ եւ առաջ կ՚անտեսէ կամ ակամայ կը մոռնայ իր իսկ կացութիւնը։ Հապա ինչ ըսել Մանուկեան Պատրիարքի եւ Երէցեան Ծայրագոյն Վարդապետի մատնուած ճահիճին մասին։ Եթէ մերինին պարագային սաղիմական միաբանը օգտագործած է «ահաւոր» ածականը, ապա իրենց ճահիճը որակելու համար դժուար թէ գտնուի յարմար ածական մը։ Թրքերէնի մէջ ժողովրդական իմաստութենէ բխած բազում արտայայտութիւններ կան նման պարագաներով օգտագործելու համար, սակայն կ՚երեւի մէկ յօդուածի մէջ մէկ հանելուկը բաւարար է սաղիմահայ վարդապետին համար։
Երէցեան Ծայրագոյն Վարդապետի նամակի ամբողջին մէջ իսկապէս «իրոնիք» ըլլալ կը թուի նկարագրի վերաբերեալ ակնարկութիւնը։ Ան խօսեր է թերթի մը նկարագրին մասին։ Կը ցաւինք արձանագրելու, որ այս կտրուածքով իր կողմէ հասցէագրուած քննադատութիւններէն դժուար թէ կարենանք օգտուիլ։ Արդարեւ, այս կէտին վրայ ակամայ կը ծնի հետեւեալ հարցումը. հապա ի՞ր նկարագիրը… Մէկ կողմ թողունք Երուսաղէմի մէջ ժառանգաւոր սաները ծեծած ըլլալը, իր պաշտօնավարած թեմերէն վռնտուած ըլլալը, ի՞նչ է հոգեւորականի մը նկարագրին հիմնական ցուցանիշը։ Մեր համեստ համոզմամբ, իր գերադասներուն նկատմամբ յարգանքի մէջ թերացած, եկեղեցական նուիրապետութեան սահմանները խախտելու տխուր փորձերու հետամուտ հոգեւորական մը չունի նկարագրի հարցերու մէջ խորանալու բարոյական իրաւունքը։
Վերջապէս, Երէցեան Ծայրագոյն Վարդապետի նամակին մէջ առանցքային կը համարուի մեր երկրին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին քծնելու փափաքը։ Ան ակնյայտօրէն փորձած է հաճոյանալ մեր երկրի ղեկավարին, սիրողական ոճով մը ուզած է շողոքորթութիւն ընել։ Վստահաբար, սաղիմահայ միաբանը այս բոլորին զիջանած է Մանուկեան Պատրիարքի թելադրութեամբ։ Յամենայնդէպս, անոնք թող գիտնան, թէ այս ձեւով դժուար թէ կարենան հաճոյանալ Էրտողանին։ Մենք լաւ գիտենք մեր երկրի ղեկավարին ոճը։ Ան չ՚ախորժիր շողոքորթներէ, մանաւանդ այնպիսիներէն, որոնք իրենց շահադիտական հաշիւները յառաջ կը տանին Թուրքիոյ քաղաքացիներուն եւ հաստատութիւններուն արհեստական հարուածներ տալու միջոցաւ։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ՝ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ - ՊՈԼՍՈՅ «ԺԱՄԱՆԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ
ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ «ԽԵՂԿԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ»
Յարգելի խմբագիր՝
Կարդացի ժամանակ թերթի Շաբաթ՝ 22 Օգոստոս 2015-ին, ձեր գրած յօդուածը, ուր կը փորձէք տարակուսել Երուսաղէմի Պատրիարքին՝ Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի Իսթանպուլի այցելութեան այնքան նուիրական նպատակը: Հաւանաբար՝ թելադրուած ուրիշէ, եւ կամջուրը պղտորելու ձեր անդիմադրելի տենչէն:
Պիտի չուզեմ անդրադառնալ յօդուածին լրաքաղական անճիշդ եւ սխալ տեղեկութեանց եւ որակումներու մասին, բայց կ՚ուզեմ ձեզի եւ ձեր ընթերցողներուն յիշեցնել, թէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին այցելութիւնը Իսթանպուլ միայն կը հետապնդէ լուրջ ծրագիրներ, որոնց ինք անմիջական մասնակիցն է եւ թելադրող ուժը գործին իրականացման:
Մեր այցելութեան ընթացքին տեսնուեցանք փաստաբաններու հետ, գրեթէ ամէն օր: Դժբախտաբար Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան մասնաւոր առաքելութեամբ քաղաքէն դուրս կը գտնուէր: Փոխարէնը՝ Գերշ. Տ. Սահակ Սրբազան հիւրանոց կ՚այցելէ եւ տեսակցութիւն կ՚ունենայ Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ: Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան՝ Պոլիս վերադարձին հեռաձայնային կապ կը հաստատէ Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ, զրուցելու եւ բարի գալուստ մաղթելու:
Հոգշ. Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան՝ որպէս կալուածոց տեսուչ՝ կ՚ընկերանար Պատրիարք Սրբազան Հօր՝ Սուրբ Յակոբի (Մար Եագուպի) կալուածներուն վերադարձը ապահովելու ջանքով եւ մտադրութեամբ՝ իրենց օրինական տիրոջ: Յստակ պէտք է ըլլայ բոլորին, թէ ինչ որ մենք կ՚ընենք, Սրբազան մասնիկն է միայն նուիրումի եւ ծառայութեան մեր ուխտին: Անուրանալի փաստը մեր լինելութեան:
Տեղին է նաեւ ողջունել, թէ մեր կալուածներուն սեփականաշնորհման հարցին ինքնայորդոր մղիչը կը հանդիսանար Թուրքիոյ Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Էրտողան, նաեւ իր վարչապետութեան շրջանին՝ բարեացակամ եւ իմաստուն քաղաքագիտական երաշխաւորումով: Կը մաղթենք, որ արդարութիւնը իր գործը կատարէ: Մեզի կը մնայ հաւատալ, յուսալ եւ հետապնդել:
Այս բոլորին իրազեկ՝ յարգելի պարոն խմբագիր, մենք իսկապէս ժամանակ չունինք զբաղելու ղազէթէճիութեամբ: Որովհետեւ մեր գործը կը պահանջէ խոհեմութիւն եւ լրջութիւն: Մեր հիւրանոց գտնուած ժամանակ դուք ալ նոյն հիւրանոցին սրճարանը նստած մտերմիկ խօսակցութեան մէջ էիք, տեղեակ էիք մեր ներկայութեան: Առնուազն կրնայիք ինծի հետ խօսիլ եւ տեղեակ ըլլալ մեր այցին մանրամասնութեանց: Կը ցաւիմ ըսելու ձեր հաւատքը պատանքուած է մշուշով եւ տարակոյսով: Փաստը՝ որ կը փորձէք անորոշութիւն սերմանել ձեր ձախորդ մտադրութեամբ: Կը փորձէք ձեր խեղաթիւրումները ապացուցել, այսպէս կոչուած «Ականատեսի վկայութեամբ» եւ կամ «Հաւաստի աղբիւրներու» յերիւրանքով:
Սիրելի Արա, վերջ տուէք: Ժամանակն է դուրս գալ այդ ահաւոր ճահիճէն:
Օրուան հրամայական պահանջքէն թելադրուած՝ յաճախ տեղի պիտի ունենան այցելութիւններ դէպի Իսթանպուլ: Քաղաք մը, որ նուիրական եղած է մեր պատմութեան մէջ իր անցեալով եւ ինչու չէ՝ ներկայով: Նաեւ քաղաք մը, ուր Սուրբ Յակոբը-Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ունի բազմահարիւր կալուածներ: Չեմ յայտարարեր զայս ձեզի եւ ձեր հովանաւորողներուն ախորժակները գրգռելու, այլ պարզապէս կը յայտնեմ դրդապատճառը մեր հոն գտնուելուն:
Եզրակացնելով այս բոլորը, թերթի մը նկարագիրը կ՚արտացոլայ իր ճշգրիտ, ուղղախոհ եւ առարկայական մօտեցումներով: Նայեցէք հետեւողը ըլլաք այդ սկզբունքին: Մինչ այդ՝ ձեզի կը մաղթեմ գործոց բարեաց յաջողութիւն:
Բարեկամական սիրով՝
Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան
Կալուածոց Տեսուչ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան
30 Օգոստոս, 2015