ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Ներկայ աշնանամուտին համայնքային շրջանակները արդէն աշխատանքի ձեռնարկած են 2016-2017 շրջանի սիրոյ սեղաններուն համար։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս եղանակի առաջին սիրոյ սեղանը պիտի սարքուի ի նպաստ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի։ 25 Սեպտեմբերին նախատեսուած մատաղօրհնութեան ընդառաջ, երէկ երեկոյեան սկսան նախապատրաստական աշխատանքները։ Սամաթիոյ ընտանիքը այս առթիւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ կազմակերպեց համայնքային հաւաքոյթ մը։ Այսպէսով արդէն պաշտօնապէս սկիզբ առին տարեկան մատաղօրհնութեան պատրաստութիւնները։
Երեկոյթին ներկայ էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Սամաթիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։ Ընթրիքի սեղաններուն շուրջ համախմբուած էին նաեւ համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ եւ հիւրեր։
Ատենապետ Եսայի Տեմիրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Ելոյթներով հանդէս եկան Եսայի Տեմիր, Սահակեան-Նունեան լիսէի տնօրէնուհի Թալին Մաթոսօղլու, թաղի պատուոյ ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Եսայի Տեմիր խօսեցաւ Սամաթիոյ ընտանիքի հովանիին ներքեւ գործող հաստատութիւններու այժմու կացութեան շուրջ եւ զօրակցութեան կոչ ուղղեց ամբողջ համայնքին։ Իր կարգին, Թալին Մաթոսօղլուն ալ բացատրութիւններ տուաւ դպրոցի վիճակին շուրջ՝ ընդգծելով, որ յաջողագոյն աշակերտներուն ուղղեալ բացուած մասնաւոր դասարանը կը բազմապատկէ յաջողութիւնը։