ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՍԵՒԱՆ ՀԱՊԷՇ ԵՒ ՆԱՅԻՐԱ ՏՈՒՐՍՈՒՆ ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆԻ ԿՈՉՈՒՄ

Հէյպէլի կղզիի ջրային մարզաձեւերու ակումբը (HSSK) ախոյենութիւն նուաճեց Եւրոպայի մարզական նաւերու առաջնութեան շրջանակին մէջ։ Այս կարեւոր մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 23-29 օգոստոս թուականներուն, Իսթանպուլի մէջ։ Մրցաշարքի հիւրընկալն էր Գալամըշի առագաստներու ակումբը։ ORC Եւրոպայի մարզական նաւերու առաջնութիւնը աւարտին հասաւ «HSSK/Quick Sigorta» խումբի ախոյենութեամբ։ Հէյպէլի կղզիի ջրային մարզաձեւերու ակումբը կը գործէ 37 տարիէ ի վեր։ Այս ժամանակաշրջանին արձանագրած է բազում յաջողութիւններ, որոնց շարքը այս վերջերս համալրուեցաւ Եւրոպայի ախոյենութեան տիտղոսով։

Հինգ երկիրէ 29 մարզանաւ եւ 160 մարզիկ մասնակցեցաւ այս առաջնութեան։ Ախոյենութիւնը նուաճած «HSSK/Quick Sigorta» խումբին մաս կազմեցին հինգ մարզիկներ, որոնց շարքին երկուքը՝ Սեւան Հապէշ եւ Նայիրա Տուրսուն մեր համայնքէն էին։ Անոնք երկուքն ալ 15 տարեկան են։ Խումբի միւս մարզիկներն էին՝ Ճանպերք Մեթէ (20), Տենիզ Թոփալ (17) եւ Սարուհան Չինայ (33)։ Հարկ է նշել, որ Սեւան Հապէշ եւ Նայիրա Տուրսուն կը յաճախեն Կեդրոնական վարժարանի 10-րդ դասարանը։ Խումբի ախոյենութիւնը իրականութեան մէջ անակնկալ մը չէ եղած, որովհետեւ աւելի քան երկու տարուան արհեստավարժ ծրագրաւորման մը արդիւնքը եղած է այս նուաճումը։ Սարուհան Չինայ միեւնոյն ժամանակ խումբի աւագ մարզիչն է։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ախոյեանները, մասնաւորապէս՝ Սեւան Հապէշն ու Նայիրա Տուրսունը, որոնց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2021