ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ «ԽԵԼԱՑԻ ԳՐԱՏԱԽՏԱԿՆԵՐ» ՆՈՒԻՐԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ իր հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ զօրակցութիւն ցուցաբերել մեր վարժարաններուն՝ մասնաւորապէս Գալֆաեան Տան, որ կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը վերջերս ապահոված է՝ որպէսզի Գալֆաեան Տան դասարանները օժտուին «խելացի գրատախտակներով»։ 100 հազար լիրա ներդրումով մը՝ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը անոնցմէ վեց հատ ապահոված է Գալֆաեան Տան համար եւ ներկայ կրթական շրջանի սկիզբէն ի վեր անոնք արդէն տեղադրուած են դպրոցին մէջ ու կ՚օգտագործուին աշակերտներուն կողմէ։ Այս նոր գրատախտակներէն յատկապէս կ՚օգտուին Գալֆաեանի հինգերորդ դասարանի աշակերտները։

Զօրակցութեան այս քայլը համայնքային շրջանակներէ ներս ստեղծած է դրական արձագանգ եւ բոլորը իրենց գնահատանքը կը յայտնեն ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի եւ իր գործակից ընկերներուն կողմէ ցուցաբերուած գործակցութեան ոգիին համար։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2018