ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Սամաթիոյ ընտանիքը շաբաթավերջին տօնական տրամադրութիւնով համակուեցաւ թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ սարքուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ երէկ առաւօտ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ զանգակատունը բարձրանալով օծեց նորակերտ զանգակը, որ վերջերս արտադրուած էր Մոսկուայի մէջ։ Այս տարուան մատաղօրհնութեան զօրակցեցաւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ հերթական անգամ առարկայ դարձաւ համայնքային շրջանակներու անվերապահ համակրանքին։ Հանգանակութեան արդիւնքը եղաւ բաւական գոհացուցիչ՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ նախապէս յայտարարուած պիւտճէի բացին համեմատ։ Այսպէս, Սամաթիոյ մէջ ապահովուած նուիրահաւաքը եղաւ իսկապէս յուսադրիչ, երբ ներկայիս համայնքէն ներս բաւական յոռետես մթնոլորտ մը կը տիրէ մեր վարժարաններու պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու առումով։

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ կը տիրէր մեծ եռուզեռ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ օծուած նորակերտ զանգակին ղօղանջը ազդարարեց արարողութիւններու սկիզբը։ Զանգակը նախ հնչեցուց նորին սրբազնութիւնը, որուն յաջորդեցին Սամաթիոյ պատուակալ ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ եւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր։ Ընդհանուր փոխանորդի հանդիսապետութեամբ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Գէորգ Սրկ. Ներկիզ, Ալէն Սրկ. Ներկիզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի հանդիսադիր սրբազան հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Բացօթեայ աշխարհիկ հաւաքոյթին եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Սիրոյ սեղանի պատուոյ հիւրն էր Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ հաւաքոյթին մասնակցեցաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան խորհուրդէն Վազգէն Պարընի հետ։ Սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուած էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր գործակից ընկերները, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Մատաղօրհնութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհին էր մեր ծանօթ ազգայիններէն Իրմա Փոլատ։ Բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Սամաթիոյ ընտանիքին կողմէ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Գարին Աքալի։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Եսայի Տեմիր, որ կարեւորեց համայնքէն ներս զօրակցութիւնը եւ ըսաւ, որ պէտք չէ վհատիլ առկայ դժուարութիւններու դիմաց։ Սրտի խօսքերով հանդէս եկան Իրմա Փոլատ, Պարոն Նալպանտ եւ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որուն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։

Սահակեան-Նունեան վարժարանի աշակերտներէն Հերա Տեմիրճի, Սիմոն Փեթրուս Արըք, Առէն Տիւվենճի եւ Նաթալի Վուրալ հանդէս եկան արտասանութիւններով։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հուսկ բանքով ու միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ նշեց, որ ուժը միշտ միասնականութեան մէջ է։ Սամաթիան ալ միասնականութեան առումով մեր համայնքէն ներս եղած է առաջին գծի վրայ։ Իր ելոյթին մէջ ան հրապարակեց հանգանակութեան արդիւնքը եւ ըսաւ, որ սա յուսադրիչ է միւս թաղերուն տեսակէտէ՝ տնտեսական առկայ դժուարին պայմաններուն ներքեւ։ Նորին սրբազնութիւնը շեշտեց, որ մեր համայնքային հաստատութիւններուն միջեւ եթէ լիակատար ու լիարժէք միասնականութիւն մը ըլլայ, ապա զուտ անոնց ատենապետներու երկխօսութեամբ ու կարգադրութեամբ կրնան մեր վարժարաններու պիւտճէները հաւասարակշռուիլ եւ սիրոյ սեղաններն ալ կրնան արդարացնել իրենց անունը դառնալով իսկապէս սիրոյ եւ ուրախութեան սեղաններ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շեշտեց, որ հանգանակուած գումարի մեծամասնութիւնը տրամադրուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին կողմէ եւ այլ քանի մը հաստատութիւններ ալ միացած էին անոր։ Գնահատելով սամաթիացիներու կողմէ դրսեւորուած զօրակցութեան ոգին նորին սրբազնութիւնը գնահատեց նաեւ թաղային խորհուրդին կողմէ տարուած աշխատանքը։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բարձր գնահատանքով ու երախտագիտութեամբ խօսեցաւ նաեւ Մուսթաֆա Սարըկիւլի մասին, որ միշտ իր աջակցութեան առարկայ կը դարձնէ մեր համայնքը։ Ան շնորհակալ զգացումներով արտայայտուեցաւ նաեւ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանի մասին, որ ընդառաջելով իր խնդրանքին ապահոված էր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ նոր զանգակին արտադրութիւնը։ «Թող անոր ղօղանջը Աստուծոյ ձայնը ըլլայ մեր համայնքին վրայ», եզրափակեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

          

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2018