ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նոր եղանակի բացման հանդիսութիւնը։ Այս առթիւ միութեան երդիքին տակ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Գատըգիւղի ընտանիքէն յառաջատար դէմքեր եւ դպրոցի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համախմբուեցան նոր եղանակի սկիզբին առթիւ։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու, որ բացատրութիւններ տուաւ յառաջիկայ շրջանին համար նախատեսուած ծրագիրներուն շուրջ։ Իր կարգին, վարչայիններէն Ալին Շէնճանն ալ նոյնպէս յառաջիկայ աշխատանքներուն առընչութեամբ ներկայացուց մանրամասնութիւններ։

Հաւաքոյթին ներկայ էին Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, Գատըգիւղի թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։

Եղանակի բացման հաւաքոյթի ընթացքին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու սեղաններուն շուրջ անմիջական զրոյց տեղի ունեցաւ ներկաներուն միջեւ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2019