ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄՍՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի ամսուան առթիւ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ։ Բարենպաստ եղանակին ալ ընձեռած հնարաւորութիւնով՝ նախակրթարանի սաները պարտէզին մէջ տառախաղերով ու բառախաղերով նշեցին տօնը։ Անոնք հանդէս եկան խմբերգներով ու պարերով։

Միջնակարգի աշակերտներն ալ Թարգմանչաց տօնի վերաբերեալ պատրաստուած հարցումներով մրցեցան իրարու հետ, իսկ դպրոցի պարտէզին մէջ հանդէս եկան նոյնպէս խմբերգներով։ Տօնի խորհուրդին շուրջ ի յայտ եկած գաղափարներու առանցքով տղաքը խմբային աշխատանքներ ալ իրականացուցին՝ արտասանութիւններու, նամակագրութիւններու եւ հեքիաթասացութեան ձեւաչափերուն մէջ։ Հուսկ, դպրոցի սաները Թարգմանչացի վերաբերեալ թատերական ներկայացումով մըն ալ հանդէս եկան։ Յայտագրի բոլոր փուլերուն համավարակով պայմանաւորուած սահմանափակումները կը յարգուէին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2021