ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՍԱՆԵՐԷՆ ՆԱՅԻՐԱ ՏՈՒՐՍՈՒՆ ԵՒ ՍԵՒԱՆ ՀԱՊԷՇ ԱԽՈՅԵԱՆ ԿԱԶՄԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, նաեւ Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարարութեան նպաստով Իսթանպուլի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուեցաւ ջրային մարզաձեւերու կարեւոր մրցաշարք մը։ Իսթանպուլի կուսակալութեան համագործակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Զբօսանաւագնացութեան մեծ մրցաշարք մըն էր այս մէկը, որ մարզական աշխարհի անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։ Հանրապետութեան բաժակը նուաճեց «Quick Sigorta HSSK» խումբը, որ արդէն երեք տարիէ ի վեր անընդհատ ախոյեանի տիտղոսը կը նուաճէ։ Հարկ է նշել, որ ախոյեան խումբին մաս կը կազմեն մեր համայնքէն Նայիրա Տուրսուն եւ Սեւան Հապէշ, որոնց երկուքն ալ Կեդրոնական վարժարանի սաներն են։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2022