ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

Այսու կու գանք մեր ընթերցողներուն տեղեկացնել, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վարչութիւնն ու խմբագրութիւնը համախոհաբար որոշած են թերթիս համար ակամայ սահմանել նոր սակագին մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօրուընէ սկսեալ կը վաճառուի 5 (հինգ) թրքական լիրա փոխարժէքով։ Ընդհանուր տնտեսական պայմանները արդէն այնպիսի վիճակի մը հասած են, որ ամէն բնագաւառի մէջ սակագինի փոփոխութիւնները դարձած են ընթացիկ, նոյնիսկ սովորական։ Թէեւ թերթս միշտ մեր ընթերցողներուն բեռ չդառնալու սկզբունքով կ՚առաջնորդուի, սակայն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի փխրուն հաւասարակշռութիւնները, դիմագրաւած առկայ խոցելի կացութիւնը այս յաւելումը դարձուցած են անխուսափելի։ Կը ցաւինք, որ այս տարի արդէն երկրորդ անգամ կը պարտաւորուինք թերթիս վաճառքի գինը բարձրացնելու։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մատնուած տագնապը կառավարելի հունի մը մէջ պահելու առաջադրութեամբ առնուած այս քայլին համար կ՚ապաւինինք մեր ընթերցողներու հասկացութեան՝ յուսալով, թէ այս շրջանի զոհողութիւնները պիտի արդարանան ու պիտի արգասաւորուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի որակի պահպանումով եւ ընդհանուր ընթացքի առաւել երաշխաւորումով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2023