«ՆՈԹՈՍ» ՀԱՆԴԷՍԸ ՅԱՏՈՒԿ ԹԻՒ ՄԸ ՁՕՆԱԾ Է ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

«Նո­թոս» գրա­կան հան­դէ­սը Դեկ­տեմ­բեր 2015-Յու­նուար 2016 թուա­կիր, 55-րդ թի­ւը նուի­րած է հայ գրա­կա­նու­թեան։ Այս երկ­րին մէջ ապ­րուած մեծ ցա­ւե­րէն ա­ռաջ եւ յե­տոյ տե­ղի ու­նե­ցած փո­փո­խու­թիւն­նե­րը եւ հնա­գոյն լեզուի մը գրա­կա­նու­թեան ներ­կան, հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան մէջ ու­նե­ցած տե­ղը կը ջա­նայ ցոյց տալ «Նո­թոս»ի այս թի­ւը՝ դառ­նա­լով հիմ­նա­ւոր ու­ղե­ցոյց մը բո­լոր հե­տաքրքիր­նե­րուն հա­մար։ Յօդուած­ներ ստո­րագ­րած են Մեհ­մէտ Ֆա­թիհ Ուս­լու, Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան, Ա­զիզ Կէօք­տե­միր, Մա­րալ Աք­թոք­մա­քեան, Մու­րատ Ճան­քա­րա, Ա­րա­րատ Շե­քե­րեան, Հա­զալ Հա­լա­վութ, Նա­զան Մագ­սու­տեան, Քա­րին Քա­րա­քաշ­լը, Վահ­րամ Դա­նիէ­լեան եւ Սօ­նա Մնա­ցա­կա­նեա­ն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2015