ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԳՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայ գրականութեան հսկաներէն Վահան Թէքէեանի ձօնուած ձեռնարկ մը։ Թարգմանչաց տօնի շրջանին համար նախատեսուած էր այս երեկոյթը։ Էսաեանցիները անցեալ տարի ալ նման ծրագիր մը կեանքի կոչած էին եւ այս տարուանը ձեւով մը անոր կրկնութիւնն էր՝ որոշ լրամշակումներով։

Ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, համայնքային վարժարաններու տնօրէններ եւ հայերէնի ուսուցիչներ, Էսաեանի ուսուցչական կազմը, աշակերտները, Էսաեանի ընտանիքէն այլ բազմաթիւ դէմքեր եւ գրասէր հիւրեր։

Այս ծրագիրը պատրաստուած էր դպրոցի հայերէնի ուսուցչուհիներուն՝ Արմաւենի Մի-րօղլուի, Մարալ Էպէօղլու Սաթարի եւ Նարօտ Սեսիլ Քարահիսարիտիսի ջանքերով։ Յայտագրի ընթացքին տղաքը ներկայացուցին Վահան Թէքէեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, նաեւ ստեղծագործութիւններէն բազմաթիւ նմոյշներով հանդէս եկան։

Թարգմանչաց տօնի շրջանին Էսաեանէն ներս կազմակերպուած էին  նաեւ այլ ձեռնարկներ, որոնց շարքին էին բառախաղ մը եւ ֆութպոլի մրցաշարք մը։ Երէկուան ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ այդ միւս ծրագրերու մրցանակաբաշխման արարողութիւնները։

Երեկոյթը աւարտին հասաւ Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի հուսկ բանքով։ Ձեռնարկէն վերջ տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2018