ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ աւանադական շուքով նշուեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ս. Փրկիչ մատրան մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ տօնական սեղան մը սարքուեցաւ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ։ Տէր հայրը օրհնեց տօնական սեղանը, որուն ներկայ գտնուեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր ընկերները, բժշկապետ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան, հիւանդանոցի կարգ մը բարերարներ, բժշկական կազմին անդամները, զանազան բաժանմունքներու պաշտօնեաներ, մնայուն բնակիչներ եւ հիւրեր։ Շատ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ սեղաններուն շուրջ։ Բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ, լաւագոյնը մաղթելով իրարու համար։

Ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի անմիջական ջանքերով կազմակերպուած տօնական հաւաքոյթի ընթացքին ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Այս առթիւ Պետրոս Շիրինօղլու անկեղծ մաղթանքներ յղեց բոլոր սեղանակիցներուն։

Հաւաքոյթի աւարտին մասնակիցները հրաժեշտ առին բարձր տրամադրութեամբ, զիրար շնորհաւորելով, մանաւանդ շնորհակալութիւն յայտնելով Սիլվա Թրիքային, որ հիւանդանոցէն ներս ապահոված էր տօնական աւանդական ջերմ մթնոլորտի ստեղծուիլը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2018